ԳԻՆԵՁՕՆ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ «ԺԱՄԱՆԱԿԷՆ ԱՆԴԻՆ» ԳԻՐՔԻՆ (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ)

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ ուրախալի է արձանագրութիւնը պարզութեամբ յագեցած, սակայն իրաւութեամբ թաթաւուն ձեռնարկներու, որոնք յաւելեալ յոյս եւ ներուժ կը ներշնչեն ամբողջ շրջապատի մը, յատկապէս երբ անոնց առանցքը կը հանդիսանան  մեր ազգային առանձնայատկութիւններու տարբեր բնագաւառներ:

Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան,  ուրբաթ, 5 օգոստոս 2011-ին` երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ գինեձօն` նուիրուած «Ժամանակէն անդին» գիրքին, որուն հեղինակն է Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթէպլեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նշեց, թէ այս երեկոն, նորակազմ «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան առաջին հրապարակային ձեռնարկն է, որուն պիտի յաջորդեն նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւններ:

Ան ամփոփ գիծերուն մէջ անդրադարձաւ գիրքի հեղինակին կենսագրութեան եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Մշակութային երեկոն սկսաւ Ճոյս Գարակէօզեանի կողմէ գիրքէն առնուած «Դժոխքի վարդը» արձակ գրութեան ընթերցումով:

«Ժամանակէն անդին» գիրքի ներկայացումը կատարեց Համբիկ Պիլալեան, որ ըսաւ, թէ իր բանաստեղծական թէ արձակ գրութիւններով գրասէր հասարակութեան ծանօթ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան գեղատիպ հատորի մը մէջ ամփոփած է իր տարիներու ստեղծագործութիւնները, որոնք լոյս տեսած են հերթաբար գրական հանդէսներու մէջ («Բագին», «Ազդակ» գրական-արուեստի, եւ այլն):

Ան անդրադառնալէ ետք  գեղարուեստական շունչով հարուստ հատորին, յայտնեց, թէ այս գիրքը ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է այն ճշմարիտ ըմբռնումին, թէ մտաւորական աշխատանքի եւ ստեղծագործ երկունքին համար, ազնիւ հոգիի եւ ճառագայթող յղացքներու առընթեր, անպայման իր վաւերական տեղն ու դերը ունին լեզուի խորիմաց նրբութիւնները, անհատի ոճային թէ զգացական բարեմասնութիւնները, գեղեցիկին ու վեհին առջեւ խոնարհելու բաբախուն սիրտն ու կեանքի իւրաքանչիւր պատահարին թարգմանը հանդիսանալու բերկրանքը:

Համբիկ Պիլալեան այս առումով մատնանշեց, թէ  Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի ապրումները կեանքին կու տան իւրովի իմաստ եւ հնչեղութիւն. հոգեխռով եւ տուայտանքներով լեցուն անոր մտածումները, իրենց պատկերներու ճոխութեամբ, թէկուզ հակոտնեայ մթնոլորտներու եւ միջավայրերու մէջ, ունին զգայնութիւններու եզակի ընկալումներ:

Բանախօսը յատկապէս շեշտեց, որ լեզուական թէ պատկերաւոր իր հակումներուն մէջ, գրագիտուհին ինքզինք երբեք չէ կաշկանդած, այլեւ ամէնուրեք փորձած է իր ներաշխարհը արտայայտել այն հրապոյրով, գեղեցիկին ծառայելու համարձակութեամբ, որ շատ անգամ անոր յոյզերն ու ապրումները բաւարար ուժը կը գտնեն յանդգնութեամբ բոցավառելու:

Իր խօսքի աւարտին, ան ընդգծեց, թէ հոգեկան ամայութիւններու, մայրենի լեզուին հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւններու եւ գեղարուեստական ճաշակի ամլութեան սա օրերուն, այս գիրքը մխիթարութիւն մըն է գրական-մտաւորական աշխարհին մէջ:

Ձեռնարկին թաւշեայ ձայնով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սեւան Հաճեան-Մէթլեան: Ապա, Յովհաննէս Թասլաքեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց հեղինակի աշխատասիրած «Լազուր» մանկապատանեկան գիրքը:

Սրտի խօսք արտասանեց Պօղոս Սնապեան, որ յայտնելէ ետք իր երջանկութիւնն ու տպաւորութիւնը ձեռնարկին մասին, ըսաւ, թէ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի մուտքը գրականութեան աշխարհը եղաւ լիարժէք եւ ամբողջականօրէն: Ան անդրադարձաւ անոր գրական ու մտաւորական առանձնայատկութիւններուն` նշելով, որ անոր առաջին իսկ գրութեամբ արդէն յստակ դարձած էին գեղարուեստական հակումներն ու շնորհները:

Պօղոս Սնապեան արժեւորելէ ետք հեղինակին գրական վաստակը` ընդգծեց, որ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի հիմնական արժանիքը կը մնայ անոր յարատեւութիւնը` ստեղծագործական աշխարհին մէջ, մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ ստեղծագործելու կիրք:

Ձեռնարկի ընթացքին Այնճարի հոգեւոր հայրեր` Աշոտ աւագ քահանայ Գարագաշեանի, Արսէն աւագ քահանայ Քէշիշեանի եւ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն:

Յայտագիրի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ միութեան, ձեռնարկի մասնակիցներուն եւ ներկաներուն` ընդգծելով, որ որոնց ներկայութիւնը ուժ եւ կորով կը ներշնչեն հետագայ բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան:

Ձեռնարկի աւարտին ան նաեւ մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES