ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՉՏԱ՛Լ ՕՁԻՔ
Բիւր բժիշկ կայ քաղաքին մէջ,
Մէ՛կն արժանի իր կոչումին.
Հարց է գտնել այդ արժանին,
Ինչպէս` ասեղն յարդերու մէջ.
Ուստի եղիր անձիդ բժիշկ,
Որ բժիշկին չտաս օձիք.
Միտք ու մարմինդ դիր կշիռքի,
Որ չդնես ոտք բժիշկի:
Փաստաբան կայ, եւ` փաստաբան,
Մէկը միւսին յար եւ նման.
Մի՛ փորձուիր առնել կարծիք,
Որ մօտեցա՞ր` տուիր` օձիք:
Իրաւունքիդ մէ՞ջն ես, կամ ո՞չ`
Պատասխանն իր միշտ մշուշոտ.
– Փոքր ծախս կայ, եղիր անհոգ: –
Ան մեղմօրէն բռնած է պոչդ:
Լաւ է` տուրք տաս անիրաւին,
Քան թէ օձիք` փաստաբանին:
Շահ է վնասը, երբ կը կիսուի.
Ուստի բանն այս դիր հաշիւի`
Ոտք չդրած փաստաբանի:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
CATEGORIES Անդրադարձ