ԿԵԱՆՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ Ս. Մ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ – Ս. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2010-2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՀՈՒՆՁՔ

Կրթական տարի մը եւս բոլորեցինք: Ազգ. Ռուբինեան – Ս. Մեսրոպեան վարժարանը տուած է անհամար շրջանաւարտներու սերունդներ, ահա 75-ամեակի հունձքը, սերունդ մը եւս… Ասիկա այն փաստն է, որ վարժարանին տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, իր ուսուցչական կազմով եւ հոգատար մարմիններու օժանդակութեամբ, շնորհիւ մեծ զոհողութիւններու եւ պայքարի, այսօր յաջողութեամբ ուսումնական տարեշրջանը հասցուցած է իր աւարտին, որ յաղթանակի համազօր է:

Ուրբաթ, 24 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի գեղեցիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ:

Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները: Ծաղիկ դասարանի աշակերտուհի Հռիփսիմէ Բարսեղեան հաճելի եւ համարձակ կեցուածքով իր եւ շրջանաւարտներուն անունով սրտի խօսքով երախտագիտական զգացումները յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք մեծ համբերութեամբ, գուրգուրանքով ու նուիրումով զիրենք հասցուցած էին Ծաղիկ դասարան:

Փոքրիկներ Տալիտա Սալպաշեան եւ Սէրլի Կիւլիւմեան հիանալիօրէն կատարեցին իրենց հանդիսավարի պաշտօնը: Անոնք զուարթ դէմքով ու քաղցր ձայնով հերթաբար հրաւիրեցին յայտագրին մասնակցող փոքրիկ աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն «Մեր մօտակայ անտառը»` շատ գեղեցիկ գծագրութիւններով զարդարուած բեմի վրայ:

Բաւական հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին երեխաներու մասնայատուկ, գունագեղ տարազներով ելոյթները` երեք լեզուներով (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն) երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով:

Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց հայկական երգախառն պար մը` «Խոնարհելով իրարու», արաբերէնով «Հայուանաթ ալ ղապա» եւ անգլերէնով «Էլեֆընթ» արտասանութիւնները: Մեկնաբանեցին «Փիղին» պարը եւ վարպետութեամբ ներկայացուցին «Սաթիկը» թատերախաղը:

Կոկոն դասարանի աշակերտները պարեցին «Երեք խոզուկները»` նիւթը գեղեցիկ ձեւով ներկայացնելով, նաեւ կատարեցին երկու արաբերէն արտասանութիւններ:

Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանները միասին պարեցին արաբական պար մը:

Բողբոջ դասարանի աշակերտուհի Մեղրի Կիւլիւմեան արտասանեց «I am a little birdie» արտասանութիւնը, եւ անոր արտասանութիւններով յաջորդեցին Բողբոջի աշակերտները. «Նապաստակը» եւ «Էրնեպ սաղիր»ը, եւ պարեցին «Այ նապաստակ»ը երգով:

Իսկ բոլորին համար անակնկալ էր մանկամսուրի փոքրիկներուն ելոյթը. անոնք պարեցին «Ղապաթ ալ հայուանաթ» եղանակին վրայ:

Մանկապարտէզի բաժինը աւարտեցաւ հայկական պարով մը` «Հայրենիք», մասնակցութեամբ երեք դասարաններու աշակերտներուն:

Յայտագրի Բ. բաժինը կ՛ընդգրկէր նախակրթարանի Զ. դասարանի ելոյթները:

Կարին Շորճեան կարդաց հայերէն ուղերձ. ան իր դասընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իր սիրելի վարժարանին:

Ան ըսաւ. «Հրաժեշտի այս պահուն չենք կրնար երախտագիտական մեր զգացումները չարտայայտել յարգելի տնօրէն Յ. Կէրկէրեանին եւ ուսուցչական կազմին, որոնք մեծ զոհողութիւններով ու նուիրուածութեամբ մշակեցին մեր միտքն ու հոգին»:

Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` անոնց տարիներու ծառայութեան ու զոհողութեան համար:

Խոստացաւ մոռնալ վարժարանը եւ մնալ անոր հարազատ զաւակը:

Յաջորդաբար կարդացին արաբերէնով ուղերձը` Մարիան Յովհաննէսեան, իսկ անգլերէնով` Ռոզալին Չիրիշեան:

Ապա Զ. դասարանի աշակերտները բարձր կատարողութեամբ ասմունքեցին Համբիկ Մարտիրոսեանէն «Իրաւունք» բանաստեղծութիւնը: Հայրենասիրական շունչով եւ մեծ խանդավառութեամբ խմբերգ մը կատարեցին` «Շահումեան», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի:

Վարժարանին պարախումբը գեղեցիկ հայկական խմբային պարով մը մեզ փոխադրեց հայրենի աշխարհ` իւրաքանչիւրի հոգիին հայրենաբաղձութեան ծալքերը բանալով:

«Հուսկ բանք»ը կատարելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ յայտնի մտաւորական, բանասէր, կրթական գործիչ, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի երկարամեայ տնօրէն, «Կամար» գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի խմբագրապետ, ԹՄՄ ադամանդակուռ «Արարատ» ոսկեայ մետալով եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրուած Ժիրայր Դանիէլեան:

Ան յուզումով արտայայտուեցաւ թէ մանկութիւնը անցուցած էր այս վարժարանին մէջ` ստանալով մանկապարտէզի վկայական, որմէ ետք յաճախած է հայկական տարբեր դպրոցներ: Այն ատեն Ռուբինեան վարժարանը միայն ունէր մանկապարտէզի բաժին: Ան տակաւին կը յիշէր սիրալիր եւ հոգատար ուսուցչուհիները` օրդ. Արշալոյսը, Արուսեակը, Եղիսաբէթը…

Շատ կարեւոր համարեց մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի զոյգ վկայականները, որոնք աշակերտը պիտի առաջնորդեն աւելի բարձր վկայականներու:

Ան ըսաւ. «Դուք տարիներ շարունակ, գուրգուրանքի, հոգածութեան եւ հետեւողական սիրոյն արժանացաք ձեր վարժարանին կողմէ, նաեւ` ծնողներուն. բոլորն ալ հպարտ են ձեզմով եւ ուրախ, որովհետեւ իրենց աշխատանքի պտուղն է, որ կը քաղեն»:

«Համեստ հայկական դպրոցները, ի տարբերութիւն օտար դպրոցներուն,- պնդեց ան,- ունին աւելի ծանր պարտականութիւն մը. անոնք կը պատրաստեն իսկական հայը, որ լաւ պիտի ճանչնայ իր ազգի պատմութիւնն ու արմատները:

«Հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ մեծ է դերը հայ եկեղեցիին, հայ դպրոցին ու միութիւններուն: Գոյատեւումը, երաշխիքն է, գրաւականը` վրէժ լուծելու քաղաքակիրթ ձեւով»:

Մեծ դաստիարակը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Կը վերադառնամ 60 տարիներ ետ: Կը համբուրեմ օրդ. Արշալոյսին եւ բոլոր ուսուցչուհիներուս հայաբոյր ձեռքերը եւ կ՛ըսեմ` բի՛ւր շնորհակալութիւն, որ զիս ըրիք այն, ինչ որ եմ այսօր»:

Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան:

Ան ըսաւ. «Այսօր հրաւիրուած ենք այս գեղեցիկ սրահին մէջ տօնախմբելու զոյգ առիթներ, նախ` մանկապարտէզի եւ վեցերորդ կարգի շրջանաւարտներու վկայուիլը նշելու, երկրորդ` վարժարանիս 75-ամեայ յոբելեանը տօնելու»:

Այսօր դարձեալ շրջանաւարտներու դիմաց կանգնելով, գոհունակութեամբ կը դրուատենք ուսման լուսաւորութիւնը` վայլելով անկէ ստեղծուող անվերջ բարիքները, հաւատալով, թէ կրթական մարզին ծառայելը մեր առջեւ կը բանայ մեծութեան ու յաջողութեան բոլոր ուղիները:

Ան անդրադարձաւ ընթացիկ տարեշրջանին վարժարանին մէջ նախաձեռնուած բոլոր գործունէութիւններուն: Տնօրէնութիւնը իր անձնակազմով, գործակցելով Ուսումնական խորհուրդին հետ, հաւատքով, բարեխղճօրէն ու նուիրումով կատարած է իրեն վստահուած ուսումնական ու դաստիարակչական պարտականութիւնները:

«Հայ ազգային վարժարաններու մատուցած ծառայութեան մէջ կայ ոգի, յոյս ու լոյս, անոր հաւատքը եւ իտէալը ոչ միայն ուսում ջամբելն է, այլ նաեւ` մարդկայնութիւնը ազգային շունչ ու նպատակներ իրագործելու տեսլական», ըսաւ ան:

Ազգ. Ռուբինեան – Ս. Մ. վարժարանը, իբրեւ դալար կաղնի, կանգուն մնացած է` պայքարելով ու տքնելով, անկարելին կարելի դարձուցած է եւ պատրաստած` 2010-2011 տարեշրջանի շրջանաւարտներու 75-ամեակի հունձքը:

Ապա իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդին` իր հայրական հոգատարութեան համար, վարժարանի մեծ ընտանիքին, բարերարներուն եւ միութիւններուն, որուն սատար հանդիսացան վարժարանի բարօրութեան ու յառաջդիմութեան. նաեւ` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած էին վարժարանին:

Շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները` նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց:

Այդ բոլորէն ետք հասած էր վկայականներու բաշխման պահը:

Նախ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աշակերտները, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ եւ ծնողներու ծափողջոյններով, բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, վարժարանի տնօրէն Յ. Կէրկէրեանի եւ մանկապարտէզպանուհի Զապէլ Պոյաճեանի:

Նոյն խանդավառութեամբ բեմ բարձրացան 75-ամեակի հունձքը կազմող Զ. դասարանի աշակերտները եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ ստացան իրենց տարիներու աշխատանքի վարձատրութիւնը` վկայականները, ձեռամբ առաջնորդ հօր, տնօրէնին եւ իրենց դաստիարակ Ազնիւ Ալթունեանի:

Տրուեցան նաեւ մրցանակներ` ուսման լաւագոյն միջինները ապահովող եւ վարքի մէջ դպրոցին առաջնութիւնը շահող աշակերտներուն:

Տնօրէնը շնորհաւորելէ ետք աշակերտները եւ ծնողները, անոնց մաղթեց աւելի բարձր վկայականներ:

Ապա հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ հայրը եւ պահպանիչով բարի երթ մաղթեց բոլորին:

Ան շեշտեց կարեւորութիւնը Հայ դպրոցի դերին ու տեղին` հայապահպանման աշխատանքին մէջ:

«Իւրաքանչիւր ուսումնական տարի ամբողջական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեզի համար, այդ տարիները իրար վրայ գումարուելով է, որ կը հասնինք այսօրուան մեր յոբելենական տարուան: Մեր ազգային դպրոցներուն մէջ է, որ պիտի պատրաստուի հայ անհատի հոգին»:

Ան հայ դպրոցը նմանցուց այն հայ մօր, որ պիտի զոհուի, նուիրուի ու գուրգուրայ իր զաւկին վրայ, ամէնէն կարեւորը տայ` հայեցի դաստիարակութիւն: Կապէ իր ինքնութեան: Այս բոլորէն հեռու են օտար դպրոցները:

Իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Պէտք է հայ մանուկը մեծնայ քրիստոնէական շունչով, շատ կարեւորութիւն պէտք է տալ քրիստոնէական դաստիարակութեան»:

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ – ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES