ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐՐՈՐԴ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած երրորդ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 3 օգոստոս 2011-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Օրուան խորհուրդը իր հոգեւոր պատգամով ու քնարական թրթիռով ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան:

Օրուան նիւթն էր` ժողովուրդին հասկնալի դարձնել Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներէն մէկը, որ գրուած է Յովհաննէս Մանդակունի կաթողիկոսի ձեռամբ: Դարեր առաջ ստեղծուած այս աղօթքը բխումը եղած է այն զօրաւոր հաւատքին, որ համակած էր հայ ժողովուրդը: Հոգեւոր դրսեւորումով, բանաստեղծական եւ քնարական ոճով ստեղծուած այս աղօթքը Մարիամ Աստուածածնայ նուիրուած գովք մըն է, որ կ՛աւարտի  Աստուծմէ ներում ստանալու աղերսանքով:

Մէջբերենք գովքէն տողեր.

– Ով ջահ փայլուն քան լուսինը եւ աստղերը:
– Դո՛ւն ես Սուրբ Հոգիին տունը, ե՛ւ տաճարը, ե՛ւ բնակարանը:
– Ո՛վ Աստուած կրող որովայն, աստուածածնող մայր:
– Աստուծոյ դպչող ձեռք, Աստուծոյ մօտիկ բերան:

Հայր սուրբը անդրադառնալով աղօթքներու առանցքը կազմող հաւատքին` յայտնեց, թէ` «Մեր հայրապետները Աստուածամօր նկատմամբ այնպիսի երկիւղալից յարգանք, մեծարանք ունեցած են, որ պէտք է նաեւ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մաս կազմէ…: Որպէս յաւերժ սրբութիւն, բոլոր ժամանակներէն աւելի, այսօր մանաւանդ, մեր կեանքին մէջ պէտք ունինք Աստուածամօր, իր լուսաւորութեան իր առաջնորդութեան, իր օրինակին…»: Այնուհետեւ աղօթքին իւրաքանչիւր տող կարդալով` հայր սուրբը բացատրեց միտքը:

Աւարտին, կարդացուեցաւ աղօթաշարքն ու կատարուեցան շարականներու երգեցողութիւն: Իսկ պաստառով այս անգամ ցուցադրուեցաւ «Աստուածամայրը գահին վրայ» սրբապատկերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Share this Article
CATEGORIES