ՈՒԽՏԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

Ուխտ կը նշանակէ` խոստում մը, կնքուած համաձայնութիւն մը, երդում մը` Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ:

Աստուածաշունչը լեցուն է ուխտերով, կնքուած` Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ. «Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ոչ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար» (Ծնն 9.11). «Ուստի դուն ու քեզմէ ետքը քու սերունդդ իրենց ազգերուն մէջ պահեցէք իմ ուխտս» (Ծնն 17.9). եւ` ուրիշ շատ մը ուխտեր, զորս Աստուած կատարած է Աբրահամի, Մովսէսի եւ Իսրայէլի ժողովուրդին եւ շատերու հետ:

Ինչպէս օրինակներուն մէջ անդրադարձանք, ուխտերը  հաշտութեան եւ ողորմածութեան նշան եղած են, այն պայմանով, որ Աստուած վերստին նոյն պատիժը պիտի չսահմանէ. «Իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ» (Ծնն 9.15):

Ուրիշ տեսակ ուխտ մըն ալ գոյութիւն ունի, որ մարդ ինքզինք կը զրկէ զանազան հաճոյքներէ եւ այդ ժամանակամիջոցին ուխտին հաստատած կանոնները կը գործադրէ. երբ կարդանք Թուոց գիրքի վեցերորդ գլուխը, այնտեղ կը տեսնենք, թէ ամբողջութեամբ  կը խօսի ուխտաւորին կենցաղին եւ պարտաւորութիւններուն մասին:

Այսօրուան իրականութեան մէջ եւս ուխտը գոյութիւն ունի, սակայն` որոշ փոփոխութիւններով: Մարդիկ ուխտ կ՛ընեն ծառայելու որեւէ սրբութեան, ինքնանուիրումի գիտակցութեամբ, ողորմութիւն կատարելու միտումով եւ այլ բարեպաշտ նպատակներ հետապնդելով: Այս օրինակի ուխտեր կը կատարուին մարդուն կողմէ` Աստուծոյ, մաքրագործելու սեփական անձը եւ Աստուծոյ միջոցով մարդոց օգտակար դառնալ ողորմութիւն ընելով:  Սակայն Աստուածաշունչին մէջ կը հանդիպինք, թէ Աստուած ինք եւս ուխտ կը կատարէ` ողորմութիւն տալու իր որդիներուն, ինչպէս ըրաւ Իսրայէլի զաւակներուն. «Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ` Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով» (Ես 55.3):

Ուխտին նպատակը ոչ միայն ուրիշին օգտակար դառնալ է կամ Աստուծոյ զոհ մատուցել, այլ ուխտերը կ՛օգնեն մեղքերու քաւութեան ու թողութեան եւ Աստուծոյ շնորհքին արժանի կը դարձնեն, որպէսզի օր մը արժանի ըլլանք երկինքի արքայութեան եւ վայելենք Աստուծոյ անմահ ներկայութիւնը. «Իր սուրբ մարգարէներուն միջոցով կանուխէն մեզի խոստացաւ փրկել մեր թշնամիներէն ու բոլոր մեզ ատողներէն եւ մեր հայրերուն հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց տալ` իր սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնալով…» (Ղկ 1.70-72):

Երբ անձ մը ուխտ կը կատարէ սուրբի մը կամ ուխտավայրի մը, նախ սուրբին կամ ուխտավայրին նկատմամբ յատուկ սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց կու տայ եւ ապա այդ մէկը յիշելու եւ անմահացնելու նպատակով կը կատարէ:

Աստուած իր մեծագոյն ուխտը կնքեց իր Որդիին` Քրիստոսի միջոցով, մարդոց փրկութիւն եւ յաւիտենական երջանիկ կեանք շնորհելով. «Սիոնէն պիտի գայ Փրկիչը եւ Յակոբի սերունդին մեղքերը մէկ կողմ պիտի դնէ: Եւ ասիկա պիտի ըլլայ այն ուխտը, որ պիտի կնքեմ անոնց հետ, երբ իրենց մեղքերը ջնջեմ» (Հռ. 11.26-27): Ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Աստուած որպէս ուխտի նշան ծիածանը ծագեցուց, այսօր ալ մեր կեանքին մէջ Քրիստոս եղաւ յաւիտենական ուխտի ծիածանը:

Այսօր ուխտ հասկացողութիւնը քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ երկու նպատակներ կը հետապնդէ.-

Առաջին` մարդը այս աղմկալի աշխարհէն ուղղել դէպի ճշմարիտ եւ յաւիտենական ճանապարհ: Ուխտի միջոցով մարդ ինքզինք կը մաքրագործէ եւ կը սրբացնէ` ձգտելով կատարեալին եւ ճշմարիտին. «Արդարեւ, դուք մարգարէներուն որդիներն էք եւ ժառանգորդները այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ կնքեց, երբ Աբրահամի ըսաւ. «Քու սերունդիդ ընդմէջէն պիտի օրհնեմ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները» (Գրծ 3.25):

Երկրորդ` ուխտը որպէս երախտագիտութիւն Աստուծոյ կամ սուրբերուն բարեկենցաղ եւ օրինակելի կեանքին:  Մարդ ուխտ կատարելով` իր շրջանակին յիշեցնել կու տայ եւ կը սորվեցնէ սուրբին կեանքը անմահացնել:

Այսօր մանաւանդ հայ ժողովուրդը պէտք է ուխտի զաւակ ըլլայ, պէտք է ուխտէ յաւիտենական ուխտ մը, որովհետեւ ինչպէս Մովսէս եւ իր ժողովուրդը անապատին մէջ տառապեցան եւ Աստուծոյ օգնութեամբ տոկացին, նոյնպէս հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր Աստուծոյ օգնութեամբ կայ եւ կը մնայ: Մենք բոլորս պէտք է որդիական երախտագիտութեամբ ուխտենք Աստուծոյ` նուիրելով մեր կեանքը եւ մեր կեանքի օրինակով ուրիշներուն օրինակ դառնանք: Ուխտենք ոչ թէ զոհեր մատուցելով Աստուծոյ, այլ մեր կեանքը զոհելով` ողորմութիւն ընենք, Քրիստոսի խօսքերուն համաձայն. «Ողորմութիւն կ՛ուզեմշ ոչ թէ զոհ»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲՂ. ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES