ԶԵՐՕ ԽՆԴԻՐՆԵՐ, ՀԱՐԻՒՐ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ

Մեղրալուսինը պաշտօնապէս աւարտած է:

Յօժար, կամաւոր եռեակը իսլամական- հակասիոնական-Երրորդ աշխարհի «եղբայրներ»ը` Թուրքիա, Սուրիա եւ Իրան, բաժնուեցան զուգանուագ կատարող զոյգի եւ մենակատարի մը, որ մեծ քայլերով երթեւեկելով մէյ մը մենահամերգի, մէյ մըն ալ հին օրերու եռանդամ նուագախումբի կատարումներով ելոյթներու միջեւ:

Զերօ խնդիրները դրացի Իրանի եւ Սուրիոյ հետ այլեւս երազէ դուրս են, նոյնիսկ քանի մը աննշան խնդիրներ` հիմնուած իսլամական միասնական գաղափարներու եւ առեւտրական գործնապաշտութեան վրայ, ի սկզբանէ այնքան ալ համեստ երազներ չէին: Այդ քաղաքականութիւնը կրնար շատ լաւ կերպով  «երեւութապէս զերօ խնդիրներ եւ, իրականութեան մէջ ըլլալ` հարիւր տագնապներ, մղուած` աղօթքի գորգին տակ»:

Մնայուն կերպով Իսրայէլը ապտակելու քաղաքականութիւնը, մանաւանդ` ամէն անգամ երբ հրէական պետութիւնը անհամաչափ կը հակադարձէ ահաբեկչութեան, սպաննելով քանի մը կամ աւելի քան քանի մը, երբեմն, անմեղ իսլամներ, մինչ իսլամ պետութիւնները իրենք հազարաւոր անմեղ իսլամներ սպաննած են, սկիզբէն իսկ անվաղորդայն պիտի նկատուէր եթէ Թուրքիա ժամանակակից ժողովրդավարութիւն ըլլար: Երբ դուք անհանգստացնող դրացիներ ունիք, անհանդարտ սահմաններ ունիք, ապա չէք կրնար զերօ խնդիրներ ունենալ անոնց հետ, պարզ այն պատճառով, որ նոյն հաւատքը ունիք, նոյն կրօնին կը պատկանիք:

Բնականաբար առաջին կոտրուողը, խորտակուողը Սուրիան եղաւ, «զերօ խնդիրները» արագօրէն կը վերածուին բազմաթիւ լուրջ խնդիրներու, եւ այժմ Իրանի հետ «եղբայրութիւնը» վերադարձաւ իր աւանդական հետագիծին, շաւիղին, որ եղած էր 1639-էն ի վեր:

«Դէպի Պարսկաստան» անցումը առաջին անգամ խորտակուեցաւ մարտին, երբ Անգարա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին տեղեկացուց, որ գտած է զէնքեր եւ զինամթերք` իրանեան բեռնատար օդանաւի մը մէջ, որ Սուրիա կ՛ուղղուէր: Բեռներուն մէջ կային հրթիռարձակ սարքեր, հրթիռներ, հրացաններ, պայթուցիկ նիւթեր եւ զինամթերք (խախտում` ՄԱԿ-ի բանաձեւերու, որոնք Իրանին կ՛արգիլեն զէնք արտածել):

Ապա եկաւ մեծ բաժանումը, երբ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իբրեւ «վայրագութիւն» բնութագրեց Ասատի վարչակարգին կողմէ շուրջ 2 հազար սուրիացի ցուցարարներու սպանութիւնը: Մոլլաներուն համար ասիկա արժանի վերջն է «ահաբեկիչներու»ն: Վերջերս Մոլլաներու «Փրաւտա»ներէն մին մեղադրեց Թուրքիան` «սուրիացի ահաբեկիչները» հետեւողական ձեւով սպառազինելու յանցանքին համար: Աւելի վերջերս «Սոպհի Սատեղ»` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի լրատուամիջոցներէն մէկը, խստօրէն նախազգուշացուց Թուրքիան` Սուրիոյ դէմ անոր դիրքորոշումին համար, շեշտելով, որ Իրան հաստատ կերպով Ասատի վարչակարգին կողքին է:

Թերթը կը գրէ. «Եթէ թուրք պաշտօնատարներ պնդեն իրենց հակասական վերաբերմունքին վրայ, եւ եթէ անոնք շարունակեն իրենց ներկայի ուղին, լուրջ խնդիրներ վստահաբար պիտի ծագին»: Թերթը նաեւ կ՛ըսէ, թէ երկընտրանքի պարտադրութեան պարագային Իրան Թուրքիան պիտի լքէ եւ Սուրիան պիտի ընտրէ: Ըստ «Սոպհի Սատեղ»ի, «սուրիացի ցուցարարները սիոնականներուն եւ Միացեալ Նահանգներու խամաճիկներն են»: Ապացո՞յց. «Ատիկա կը նշմարուի իսլամութեան թշնամիներուն հետ դաշնակցելու եւ Հըզպալլան դատապարտելու անոնց կեցուածքներուն մէջ»:

Ասիկա ձայնն էր վարչակարգի մը, որուն հետ Թուրքիա կը փորձէր զերօ խնդիր ունենալ: Վարչակարգ մը, որ գաղափարապէս քարթ պլանշ կու տայ իսլամ բռնապետերու, որպէսզի սպաննեն հազարաւոր իսլամներ: Զերօ խնդիրներ քաղաքականութիւնը Իրանի եւ Սուրիոյ հետ կրնայ միայն շարժանկարի մը նախագիծը ըլլալ` «վտանգաւոր յարակցութիւն», կամ «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ» խորագիրով:

Եւ բոլորովին վերջերս խաղադրոյքները, գրաւները աւելի բարձրացան, երբ Թուրքիա գրաւեց Իրանէն եկող զէնք եւ զինամթերք, որ կը փոխադրուէր Սուրիա (կամ Լիբանանի մէջ` Հըզպալլայի): Այս անգամ մոլլաները նախընտրած էին ցամաքի ուղին, օդային գիծին տեղ: Բեռնատարը կանգնեցուցին Քիլիսի մէջ, Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին մօտ:

Նոյն ատեն, «Դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներու» քաղաքականութեան գիւտը ընողը ըսաւ, որ ինք կը մտադրէ հրատարակել իր երկրորդ գիրքը:

Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր նոր գործին, երկին համար ընտրած է հետաքրքրական խորագիր մը. «Հնադարեանէն մինչեւ համաշխարհային»:

Ես կը հասկնամ, որ անոր գաղափարաբանական փառասիրութիւնները, տենչերը կը շարժին շրջանայինէն դէպի պատմական եւ համաշխարհային:

Ուշադիր եղէք:

Պարզապէս եթէ պատահի որ…

ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES