«ՏԻ ԻՔՈՆՈՄԻՍԹ». «ԲԱՆԱԿԸ, ՈՐ 1960-ԷՆ ԱՍԴԻՆ ՉՈՐՍ ԱՆԳԱՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՊԱԼԵՑ, ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ ԱՅԼԵՒՍ»

Անգլիական «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը Թուրքիոյ մէջ զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներուն մասին յօդուած հրատարակելով` գրեց, որ այս երկրին մէջ այլեւս զինուորականներուն հեղինակութիւնը վերջացաւ: Բարձրաստիճան զինուորականներու վերջին հրաժարումը աթաթիւրքեան հանրապետութեան սիրահարներուն համար շրջանի մը ցաւալի վախճանը կը նշանակէր, մինչ աթաթիւրքեան հանրապետութեան դէմ եկողներուն համար ասիկա ժողովրդավարական զարգացման աննահանջ զարգացումն էր: Թերթը յստակ կերպով կ՛ընէ հետեւեալ ախտաճանաչումը.

«Բանակը, որ միջոց մը ամենակարող հաստատութիւնն էր, եւ որ 1960-էն ասդին չորս անգամ կառավարութիւն տապալեց, հեղինակութիւն չունի այլեւս: Այս ախտաճանաչումը ընելով հանդերձ, անգլիական թերթը որոշ զգուշացումներ ալ ըրաւ վարչապետ Էրտողանին ու ԱԲԿ-ին` բաղդատութիւններ ընելով մենտերեսեան շրջանի եղելութիւններուն հետ եւ ծանրանալով այսօր մասնաւորաբար լրագրողներու վրայ կատարուած ճնշումներուն ու երկարատեւ դատավարութիւններուն վրայ:

Թերթը արձագանգ կը հանդիսանայ ամերիկացի պատմաբանի մը այն կարծիքին, թէ ԱԲԿ կառավարութիւնը հետզհետէ սկսած է դառնալ ժողովրդավար կերպով ընտրուած միակուսակցական պետութիւն մը: Թերթը նշեց նաեւ, թէ այժմ պայման է, որ ընդհանուր համաձայնութեան գծով նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստուի: Ազդարարութիւն մըն ալ կայ թերթին մեկնաբանութեան մէջ: Ըսուեցաւ, թէ որքան ալ լաւ է, որ Թուրքիոյ մէջ բանակը ապաքաղաքականացած ըլլայ, միւս կողմէ` բանակը պէտք չէ տկարանայ, որովհետեւ տկարացած բանակ մը շրջանին մէջ ախորժակներու դիմաց լաւ չ՛ըլլար Թուրքիոյ համար:

«Ամերիկայի ձայն» ռատիոկայանի կողմէ կատարուած հաղորդումի մէջ ալ զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումները նկատուեցան քաղաքային իշխանութիւններու յաղթանակը բանակին դէմ: Զօրավար Քոշաների սպայակոյտի նախագահութեան պաշտօնէն հրաժարումը քաղաքային ուժերու մէկ յաղթանակն է զինուորականներուն դէմ: Այժմ երկրի քաղաքական ղեկավարներն են, որ կը տիրապետեն կացութեան, ո՛չ թէ` զինուորականները, ըսաւ «Ամերիկայի ձայն»ը:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Share this Article
CATEGORIES