ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՏԵԼԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐՇ ԳՈՅՆԻ ՀԵՏ
Մենք` թուրքերս, հետաքրքրական ցեղեր ենք:
Անգամ մը մենք ստորագրեցինք պետական թուղթեր, որոնց պատճառով աւելի քան մէկ միլիոն հայեր կոտորուեցան: Օր մըն ալ հայու մը սպանութեան դէմ բողոքի երթ ըրինք` պոռալով. «Մենք բոլորս հայ ենք»:
Մենք սիրեցինք մարդ մը. մեր հանրապետութեան հիմնադիրը: Ո՛չ, մենք զայն չսիրեցինք. մենք զայն պաշտեցի՛նք: Մենք բանտարկեցինք զայն չպաշտողները: Այժմ մենք կը բանտարկե՛նք զայն տակաւին պաշտողները:
Մենք մեծ բանաստեղծ մը ունէինք: Մենք զայն ատեցինք: Ան աքսորի մէջ մահացաւ: Մենք զայն աւելի ատեցինք: Մենք խոշտանգեցինք, տանջանքներու ենթարկեցինք մարդիկ, որոնք անոր բանաստեղծութիւնները կը կարդային: Օր մը մեր պետութիւնը յարգանքով վերադարձուց անոր խլուած քաղաքացիութիւնը: Այժմ մենք կը սիրենք զայն:
Ընկերվարական քիւրտ մտաւորական մը կար: Ան մազապուրծ փրկուեցաւ 1980 թուականի պետական յեղաշրջումի Զինուորական խորհուրդի բռնարարքէն: Մենք ատեցինք զայն:
Վերջերս մենք զայն ողջունեցինք, դիմաւորեցինք իբրեւ հերոսի մը: 31 տարուան տարագրուածը դիմաւորելու համար շարքի կեցած էր Պոլսոյ նահանգապետին տեղակալը: Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով մեր նախարարը տեսակցեցաւ անոր հետ եւ դրուատանքի բացառիկ խօսքեր ըսաւ: Յաջորդ օրը մեր մշակոյթի նախարարը տեսակցեցաւ անոր հետ` փոխանակելով ոչ նուազ հաճելի, ցնորական խօսքեր:
Մենք վարչապետ մը ունէինք: Մենք սիրեցինք զայն: Մենք ապա ատեցինք զայն: Մենք կախեցինք զայն: Մենք ապա օդակայաններ եւ յուշակոթողային հանրային վայրեր անոր անունով կոչեցինք: Մենք այժմ կը սիրենք զայն: Ես տեսայ պետական պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարը, որ մեծ ողբերգութիւններու մարդու մը մասին զգացական վաւերագրական յայտագիր կը սփռէր: Մենք կրկին զայն կը պաշտենք:
Մեր զօրավարները կ՛ատէին Ճեմիլ Չիչեքը` այդ «արմատական ժահրը» Թուրկութ Էօզալի կառավարութեան մէջ: Մեր զօրավարները այժմ կը սիրեն Ճեմիլ Չիչեքը` այդ «չափաւորական հայրենասէրը»` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան մէջ:
Մենք կը հալածէինք բարեպաշտները, կրօնապաշտները, «այդ անքաղաքակիրթ արարածները, որոնք մեր արեւմտեան մշակոյթը ապականած են տարօրինակ սովորութիւններով, ինչպէս` աղօթել եւ ծոմ պահել»: Մենք այժմ կը հալածենք անբարեպաշտները, անհաւատները, «որովհետեւ անոնք կ՛ապականեն մեր իսլամական մշակոյթը իրենց մեղքերով, ինչպէս` ոգելից ըմպելիի օգտագործում եւ պահք չպահել»:
Մենք ատեցինք կիները, որոնք իսլամական հիճապով էին, որովհետեւ անոնք «նման էին զինուորներու` բանակի մը մէջ, որ ուզած էր կործանել Աթաթիւրքի Թուրքիան»: Մենք այժմ կ՛ատենք կարճ շրջազգեստով եւ պիքինիով կիները, որովհետեւ անոնք` «զինուորներ են հակաքրիստոսի բանակին մէջ, որ կը ձգտի կործանել մեր Մոհամետ Մարգարէին Թուրքիան»:
Մենք պաշտեցինք մեր զինուորական հրամանատարները, որոնք հերոսաբար կռուեցան քիւրտ ահաբեկիչներու դէմ: Օր մըն ալ կարմիր գորգերու վրայ մենք ողջունեցինք քիւրտ ահաբեկիչները, երբ անոնք վերադարձան Քանտիլ լեռնէն եւ բանտարկեցինք մեր հրամանատարները, որոնք կռուած էին անոնց դէմ:
Մենք խոշտանգեցինք այն անձերը, որոնք առանց ատելութեան կ՛արտասանէին Ապտիւլլա Օճալանի անունը: Ապա եկան օրերը, երբ պետութեան ստեղծած իմաստունները առաջարկեցին Օճալանը թրքական բանակին մէջ զօրավար նշանակել: Մենք բանտէն ազատ արձակեցինք Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ ահաբեկիչ մը եւ զայն խորհրդարան մտցուցինք, որովհետեւ ան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած էր: Ապա մենք առինք եւ բանտարկեցինք հրամանատար մը, որ կռուած էր ՔԱԿ-ի դէմ:
Մենք բանտարկեցինք մարդիկ այն կասկածով, թէ անոնք թերեւս կը ծրագրէին կործանել մեր աշխարհիկ կարգերը, հանրապետութիւնը:
Մենք արտաքսեցինք սպաներ, որովհետեւ անոնց կիները իսլամական հիճապ կը կրէին: Մենք հաւանաբար մօտ օրէն արտաքսենք սպաներ, որովհետեւ անոնց կիները հիճապ չեն կրեր:
Մենք` լրագրողներս, ահազանգային վիճակի մէջ մնացինք տեսնելու համար, թէ լուսարձակները սպայակոյտի կեդրոնատեղիին վրա՞յ պիտի ըլլան` ակնկալելով յուշագիր մը որեւէ ընտրուած կառավարութենէ: Մեզմէ շատեր այժմ նոյնիսկ չեն գիտեր անունները զինեալ ուժերու հրամանատարներուն:
«Նոր Թուրքիոյ» մէջ դերերու փոփոխութիւնը ծայրայեղութիւններու հետ սիրաբանող Թուրքիոյ ծանօթ ոեւէ անձի համար զարմանալի չէ:
Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կառավարութիւններ հրաժարած են զօրավարներու հետ յարաբերութիւններու որեւէ լարուածութեան պատճառով: Այժմ զօրավարները իրենք կը հրաժարին ընտրուած կառավարութեան հետ ծագած տարակարծութիւններու պատճառով:
Արդեօ՞ք թրքական նկարչական դպրոցներուն մէջ պէտք է սորվեցնել գորշ գոյնի տարբեր երանգներ: