ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Անցեալ օր բարեկամս հեռաձայնեց իմաց տալու համար, որ յաջորդ օրը ինք Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան կ՛երթայ:
Քանի մը օր առաջ, դարձեալ, ազգականներէս մէկը, որ վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ մեր գերդաստանը ի մի բերելու հրաշալի ու յաջող փորձը ըրած էր, տեղեկացուց, որ ճամբայ կ՛ելլէ այցելելու համար իմ ծնողներուս ծննդավայրը` Մուսա Լեռ:
Ազգականս որոշած է նաեւ մեր գերդաստանի նահապետին` Պօղոսին կողմէ հիմնուած գիւղը` պատմական Խարբերդ նահանգի Չմշկածագ շրջանի Միատուն գիւղը փնտռել: Գիւղը հաւանաբար ծածկուած է նորակառոյց ջրամբարի մը ջուրերով, բայց ինք պիտի փորձէ աւելի լուրջ փնտռտուք կատարել, նկատի առնելով, որ Միատուն անունով քանի մը գիւղեր կան. այդպէս կը կոչուէին մէկ ընտանիքի կողմէ հիմնուած գիւղերը:
Անցնող օրերուն, «Ասպարէզ»ի էջերէն տրուեցան դէպի Մարաթուկ սար կատարուած ուխտագնացութեան ու Մնձուրի փառատօնի մասին տեղեկագրութիւնները:
Շուտով Վանի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ դարձեալ պատարագ պիտի մատուցուի: Տակաւին, ամբողջ կորուսեալ հայրենիք մը` իր սրբատեղիներով, իր սուրբ հողով ու ջուրով, այնտե՛ղ է, այնքա՛ն մատչելի ու այնքա՛ն քաղցր:
Կը զգամ, որ ասիկա մաքուր քարոզչութիւն կը դառնայ, ու այս քարոզչութենէն օգտուողը, գոնէ` նիւթապէս, մեր գլխաւոր թշնամին է` թուրք պետութիւնը, որուն հակահայ յատկանիշները այստեղ կրկնելը չ՛արժեր:
Այսուհանդերձ, գիտնալով այդ, թաքուն (բայց արդէն այսպէս հրապարակուած) ցանկութիւնս կ՛ահագնանայ, եւ ծնողներուս ու տոհմական նախնիներուս ծննդավայրը տեսնելու կախարդական հրապոյրով կը տագնապիմ:
Ամէնէն աւելին, սակայն, այդ հողերուն վերատիրանալու վճռականութեան մը զգայնութիւնը կը շրջի երակներուս մէջ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
