ԼՕԽ-Ի «Ա. ԱԶԻՐԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՄԲ
Ամառնային այս եղանակին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կազմակերպեցին դաշտագնացութեան ձեռնարկներ` դէպի Լիբանանի լեռնային եւ դաշտային շրջանները, Մեթնէն Քեսրուան, Շուֆէն մինչեւ Պեքաա:
ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր անդամները հրաւիրեց դաշտագնացութեան` Մեթնի հովասուն վայրերէն Մրուժ-Զաարուր շրջանը, 11 օգոստոս 2011-ին:
Պտոյտին առաջին հանգրուանը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր կը կատարուէին Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած աղօթքներ: Հարիւրէ աւելի հայուհիներ աղօթեցին վանքի մատրան մէջ, այցելեցին դպրեվանքի զանազան բաժինները: Վանական հայրեր իրենց օրհնութիւնը եւ մաղթանքները շնորհեցին ուխտաւորներուն, որոնք ստացան Աստուածամօր յիշատակի սրբանկարներ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նուիրած խաչերը:
Ուխտաւոր հայուհիները շարունակեցին իրենց ճամբան, գացին Թըղրին գիւղի եկեղեցի-ուխտավայրը, ապա այցելեցին Հմլայա գիւղը` սրբուհի Ռաֆքայի ծննդավայրը, աղօթեցին գիւղի եկեղեցւոյ մէջ:
Արդէն կէսօր եղած էր, երբ ԼՕԽ-ականներու հանրակառքերը հասան Զաարուր սարը: Հոս այս մեծ խումբին միացան Պոլոնիա եւ Մրուժ գիւղագնաց ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ:
Զաարուրի «Խայմըթ Մրուժ» ճաշարանի ընդարձակ սրահը յորդեցաւ հայ երգի հնչիւններով: Հաճելի եւ զուարթ տրամադրութիւնը, զով օդին ներգործութեամբ, խանդավառութիւնը բարձրացուց: Համեղ ու ախորժաբեր ճաշերը գնահատուեցան բոլորին կողմէ:
Վարչութեան ատենապետուհին` տիրամայր Էլօ Զոպուեան կատարեց բացման խօսքը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ամփոփ խօսքերով ծանօթացուց ուխտագնացութիւն-պտոյտին նպատակը:
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեան իր կարգին գնահատական խօսքերով քաջալերեց ներկաները, գնահատեց ԼՕԽ-ականներու ծառայութիւնները, ապա հրաւիրեց Շահանդուխտը (այս առիթով հրաւիրուած), որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը: Շահանդուխը շեշտը դրաւ հայ մօր պարտաւորութեան վրայ, մասնաւորաբար ներկայ ճգնաժամային օրերուն, երբ տեսակաւոր փորձութիւններ շրջապատած են մեր ընտանիքները, մեր զաւակները, զանոնք մխրճելով անկումային տրամադրութիւններու մէջ: Շահանդուխտ թելադրեց մայրերուն` պահպանել հայ կնոջ եւ հայ մօր բարոյական բարձրութիւնը, մասնաւորաբար զօրացնելու համար հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին եւ հայոց լեզուին պահպանումը, հայու ամենայն գիտակցութեամբ, հեռու մնալով անբարոյ եւ գայթակղեցնող միջավայրերէ:
Հայ երգը հնչեց երկար, կատարուեցան շուրջպարեր, օրը իրիկնացաւ բարձր տրամադրութեամբ:
Ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ միութեան, ապա անխուսափելի վիճակահանութիւնը բախտաւորեց ներկաները:
Օգտակարը հաճելիին միացած ձեռնարկ մը: