«ԴՐԱԶԱՐԿ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ, ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ, 2009, 448 ԷՋ- ԲԱԼՈՒԻ (Եւ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ) ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ. ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Կան գործեր, որոնց խորագիրն իսկ առաջին հերթին զգաստութեան կը հրաւիրէ ոչ միայն այդ գործին մասին խօսողը, այլեւ` ընթերցողը: Ահաւասիկ այդպիսի շատ շահեկան գիրքի մը ներկայացումն է, որ պիտի փորձեմ համեստաբար ընել: Հոս ի յայտ կու գայ Պետրոս Ալահայտոյեանի երաժշտագէտի հմտութիւնը, երաժշտութեան թէ՛ զուտ մասնագիտական եւ թէ՛ հետազօտողի խստապահանջ վերաբերումը իւրաքանչիւր խազի ու կշիռի հանդէպ: Պետրոսը իր անաչառ եւ արդար մօտեցումով եւ խառնուածքով իսկական արուեստագէտի եւ արուեստագէտ մարդու տիպարն իսկ է:

Պետրոս Ալահայտոյեանը հայ մամուլին մէջ ծանօթ անուն է իր հայ երաժշտութեան մասին գրած յօդուածներով, հրապարակած կարճ ուսումնասիրութիւններով եւ դասախօսութիւններով: Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Մեծ եղեռնէն վերապրած ընտանիքի մը մէջ: Աւարտելէ ետք տեղւոյն Նշան Փալանճեան ճեմարանը, կ՛անցնի Պելճիքա եւ Լուվենի համալսարանէն կը վկայուի որպէս դեղագործ, սակայն, ինչպէս իր ընկերները կը վկայեն, նոյնիսկ Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտական գրասեղաններուն վրայ մատները թմբթմբացնելով երգեր կը մռլտար, նոյնիսկ «դասարանը կը խանգարէր»… իր միակ երազը երաժշտագէտ դառնալն էր, եւ ոչ անպայման` իր դեղագործ հօրը ասպարէզը ընդգրկելը:

Ան վերջապէս կը մեկնի Պրիւքսել, որուն  Պետական համալսարանէն կը ստանայ իր երաժշտագիտութեան վկայականը (ոչ հայկական երաժշտութեան մէջ) եւ  պաշտօններ կը ստանձնէ Պրիւքսելի ձայնասփիւռի պետական կայանին մէջ: Իր հայ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրը, Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդին հետզհետէ անգտանելի դարձող յուշագրութիւնները զինքը կը մղեն գէթ մասամբ փրկելու ժողովրդական հայ երգի բեկորները, որոնք տակաւին կ՛երգուէին վերապրողներու կողմէ, հետեւելով, ինչպէս ինք կը նշէ, «Կոմիտասի վեհ օրինակին»:

Հատորը կը բաղկանայ երեք գլխաւոր մասերէ:

Առաջին մասով, եւ բաւական ծաւալուն նախաբանէ մը ետք, «Պատմական ակնարկներ» խորագիրին տակ կը ներկայացնէ.

ա. Բալուի նուիրուած մենագրութիւններուն երգային պարունակութիւնը:
բ. Բալուն եւ բալուցին, նաեւ` 1913 թուականի Բալուի քարտէսը:
գ. Փորձ` վերակազմելու Բալուի հարսանեկան երգերու շարքը:
դ. Մարօ Նալպանտեան` երգասաց:
ե. Լուսանկարներ Բալուէն. պատկերագրութիւն (11 պատկեր):
զ. Բալուի եւ այլ երգերու մէկտեղման հանգրուանները:
է. Ազգագրական մատենաքաղ (նմուշային): Արեւմտահայաստանին նուիրուած պատմայուշագրութիւններէ, Ակնէն Քղի, այբբենական շարքով:

Երկրորդ մասով` կը կատարէ Մարօ Նալպանտեանի կողմէ երգուած Բալուի եւ այլ շրջաններու 72 երգերուն բնագրային եւ երաժշտական հակիրճ եւ մատչելի քննարկումները:

Երրորդ մասով կու տայ գաւառի յատուկ գաւառաբարբառային բառերու բառարանը-մատենագիտութիւնը, երգերուն տարբերակային լրիւ համակարգը, եւ ներդիր երկու խտասալիկներուն մասին տեղեկութիւններ (արձանագրուած եւ խազահանուած) ցանկագրական ընդհանուր պատկերը, մատենագիտութիւնը, եւ այս ծաւալուն գործին կենսագրականը:  Յաւելեալ երկու էջերու մէջ կու տայ նաեւ այս վերջինին անգլերէն թարգմանութիւնը:

Ահաւասիկ` այս ծաւալուն գործին բովանդակութիւնը, որուն մասին կարելի չէ քանի մը տողով խօսիլ, ծալել գիրքը եւ մէկ կողմ դնել: Առաջին ակնարկով (միմիայն վերի ցանկէն դատելով) կը տարուինք հաւանաբար մտածելու, որ անիկա բոլորիս մատչելի գործ չէ, թէ` զուտ մասնագիտական է, եւ… կարելի չէ զայն կարդալ ու համ առնել:  Եւ որպէսզի հեղինակը ի՛նք խօսի իր գործին մասին, հարցազրոյցով մը պիտի ներկայացնենք գիրքն ու անոր յղացման եւ աշխատանքային ճանապարհը, ցոյց տալու համար, որ գիրքը մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի, մանաւանդ որ Պետրոս Ալահայտոյեան ի՛նք, ճիգ չէ խնայած պարզ ու մաքրամաքուր հայերէնով զայն բոլորին մատչելի դարձնելու, մանաւանդ անոնց, որոնք հայ երգին` ընդհանրապէս եւ ազգագրական երգին` մասնաւորապէս, հարազատութիւնը կը պահեն իրենց հոգիներուն մէջ:

Հարկ է անմիջապէս նշել, որ այս ուսումնասիրութիւնը գրուած է առանց դիմելու եւ ներառելու ակադեմական խրթին դարձուածքներ եւ եզրեր, որոնք ընդհանրապէս գիրքը պիտի  դարձնէին զուտ մասնագիտական եւ նկատի ունենային ակադեմական մակարդակի ընթերցողներ: Ի դէպ, գործը ձեռնտու է նաեւ եւ առաւելաբար «բանահաւաքութեան եւ ժողովրդական երգարուեստին գիտակ եւ հմուտ մասնագէտներու, որոնց կողմէ կատարուած անհրաժեշտ ներդրումներով, նորամուծումներով եւ լրացումներով» (էջ 5) այս գործը օր մը կարելի ըլլայ գուցէ վերագիտականացնել ի պահանջել հարկին:

Վ. Դ.- Առանց իտէալական մօտեցումի` կարելի չէ այսքան «ահաւոր աշխատանք» տանիլ եւ զայն հրատարակելով` հայ ազգին հետզհետէ անհետացող մշակոյթի գանձարանէն փրկել այն, ինչ կարելի եղած է, եւ ապա, 10 տարուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, զայն դարձնել  ժողովուրդին սեփականութիւնը: Ի՞նչն էր դրդապատճառը, ի՞նչ է ձեր իտէալը:

Պ. Ա.- Հետեւելով Կոմիտասի վեհ օրինակին`  երազս էր հաւաքել մեր կորսուած եւ գողցուած Արեւմտահայաստանի վերջին, թերեւս վերջնագոյն ծաղիկները, բռնագրաւուած մեր հողերուն ընդերքէն ծնունդ առած ազգագրական գոհարներու վերջին մնացորդները, նոյնիսկ` պատառիկներու ձեւին տակ, նոյնիսկ` թրքերէնով մեզի հասած երգերը: Այս գործը որոշեցի կատարել սփիւռքի անծայրածիր հողամասերու վրայ փռուած 1915-էն վերապրող սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի, Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին: Ուզեցի գտնել, եւ ի՜նչ երանութիւն, գտա՛յ այդ գանձերը: Բախտաւոր կը զգամ, մանաւանդ երբ ազգագրական-բանահիւսական մասնագիտութիւն պահանջող իմ այս փնտռտուքը «անհեթեթ» կամ «խենթութիւն» որակուեցաւ ամէնուրեք:

Վ. Դ.- Տարիներ առաջ ինծի ցոյց տուած էք ձեր շատ ընդարձակ ձայներիզներու հաւաքածոն Ցեղասպանութենէն ետք, Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններէն (գաւառ թէ գիւղ) վերապրող հայորդիներէ արձանագրած եւ խազագրած երգերուն: Այդ բոլորով հանդերձ, դուք ձեր այս պատկառելի հատորով կու գաք մեզի ծանօթացնելու միայն Բալուն եւ տարածաշրջանը: Ինչո՞ւ Բալուն:

Պ. Ա.- Երբ աչքէ կ՛անցընենք մեր ազգագրական դասականացած գլխաւոր ժողովածուները,  Բալուն եւ տարածաշրջանը շատ համեստ եւ աննշմար անկիւն մը կը գրաւեն միայն: Ինչպէս նկատած կ՛ըլլաք, մեր դասական ազգագրական ժողովածուներուն վերատեսութիւնը կատարած եմ (Կոմիտաս, Սպիրիտոն Մելիքեան, Յակոբ Յարութիւնեան, Արշակ Բրուտեան, Միհրան Թումաճան) եւ համեմատած` անոնց հաւաքածոներու երգերը Բալուի եւ անոր տարածաշրջանը յատկանշող երգերուն, անդրադառնալով անոնց թէ՛ բանահիւսական եւ թէ՛ երաժշտական կառոյցին: Կը հարցնէք, թէ ինչո՞ւ Բալուն ընտրած եմ: Մինչեւ 1989-ի ամառը, երբ Հալէպի (Սուրիա) մէջ հանդիպեցայ բալուցի Մարօ Նալպանտեանին, Բալուն տարտամ գոյութիւն մըն էր ինծի համար, իսկ երգա-բանահիւսական առումով եւ ժողովրդական կենդանի ստեղծագործական կալուածին մէջ` գրեթէ բացակայ, ինչպէս նշեցի քիչ առաջ: Իսկ այսօր, շնորհիւ Մարօ Նալպանտեանին, Բալուն կարեւորագոյն ներկայութիւն մըն է տասնամեայ հետազօտութիւններուն արդիւնքը եղող իմ հաւաքածոյիս մէջ: Նախադրեալ ոչինչ կայ այսպիսի ազգագրական երգերու պրպտումներու պարագային. կը նետուիս դաշտ եւ կը հարցափորձես: Այս իմաստով մեր հինաւուրց Հալէպը ազգագրական գանձերու հանք մըն է, բայց ո՞ւր են «գանձ» փնտռողները. վրաս խնդացողներ շատ եղան, բայց գործին իրազեկութենէ ետք շնորհաւորելու ելան`  մոռնալով իրենց սկզբնական կեցուածքը…

Վ. Դ.- Ձեր տասնամեայ փնտռտուքներու արդիւնք եղող հաւաքածոն ինչո՞վ կը յատկանշուի ընդհանրապէս: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ երբ Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններու երգերը կը ձայնագրէիք, ուրիշ ի՞նչ մտածումներ կ՛ունենայիք, հոգեկան ի՞նչ ապրումներ ձեր անդուլ աշխատանքը կ՛իմաստաւորէին:

Պ. Ա.- Նախ` զարմանքի զգացումը զիս կը պաշարէր: Չէի ակնկալեր, որ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք ծնած միջին սերունդի ներկայացուցիչներ, ինչպիսին է Մարօ Նալպանտեանը, յաջողած էին քաղել իրենց մեծերէն մեզի աւանդուած մասունքները այս աստիճան շշմեցնող հարազատութեամբ: Գիրքին մէջ նաեւ տարբերակային բաւական օրինակներ կան: Իսկ թէ ինչո՞վ կը յատկանշուի 10 տարի տեւած երգահաւաքի արդիւնք հաւաքածոս, ըսեմ. 15-18 տոկոսով միայն ան պէտք է երգադարան նկատել (85-ը անց ծերունիներու մօտ երգ գտնելը եւ զայն երգեցնել տալը տաժանակիր աշխատանք է): Մնացեալ 80 տոկոսը ձայնագրուած  յիշադարան է, տեսակ մը` վկայադարան, եթէ կ՛ուզէք: Հոն ամփոփուած են մեր դաժան ճակատագրի հարուածէն վերապրած արեւմտահայաստանցիներու կեանքի պատմութիւնը, վկայութիւնները, պոռթկումներն ու հառաչանքները: Այս բոլորը արձանագրած ենք ձայնագրիչ գործիքով, երիզներու վրայ: Վերապրողներու կենդանի խօսքն ու երգը ձայնագրութեամբ փրկելն էր մեր նպատակը: Աշխատանքի ընթացքին էր, որ հետզհետէ կ՛անդրադառնայի առաքելութեանս կարեւորութեան: Հաւաքածս միայն խօսք ու խազ, երգ ու բառ չէր, այլ ապրուած պատմութիւնն էր ժողովուրդիս, իսկ երգերուն ընդմէջէն կեանքի կը կոչուէին հայ գիւղացին ու իր կենցաղն ու տոհմիկ բարքերը, ամբողջ անհետացած աշխարհը եւ ամէնօրեայ կեանքը Արեւմտահայաստանի:

Վ. Դ.- Ո՞վ է Մարօ Նալպանտեանը, որուն մասին կ՛ըսէք, թէ անակնկալօրէն յայտնաբերուած գանձ մըն է:

Պ. Ա.- Մարօ Նալպանտեանը գերազանց երգասաց եւ պարագէտ է: Ծնած է Հալէպ, 1936-ին: Բալուի երգերն ու պարերգները սորված է իր հօրմէն եւ հօրեղբօրմէն, նաեւ` հարազատներէն եւ բալուցի ծերերէն: Երգերը սորված է լսովի,  իրեն տրուած բացատրութիւններով: «Այս բացատրութիւնները մեծարժէք ներդրումներ են բանագիտական-բանահիւսական բացայայտման առնչութեամբ», ինչպէս կը վկայէ ազգագրագէտ Արուսեակ Սահակեանը:

Վ. Դ.- Հատորին մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդանք Բալուի հարսանեկան երգերու շարքին մասին, ըստ Մարօ Նալպանտեանի երգած երգերուն, որոնց կ՛ընկերանան կենցաղային շատ հետաքրքրական նկարագրականներ: Ասոնք ձե՞ր պրպտումներուն, թէ՞ Մարոյին տուած բացատրութիւններն են: Կարճ օրինակ մը կու տա՞ք փեսին գովքէն, որ բաւական տարբեր է Ակնայ փեսին գովքէն:

Պ. Ա.- Ներկայացուող տեսարանին նկարագրականը, հարսնեւորներուն դերերն ու երգաշարը, ըստ ծիսաշարին, Մարոյինն են: Զանազան այլ շրջաններու վերաբերող համեմատութիւնները իմ պրպտումներուս  արդիւնքն են: Ահաւասիկ օրինակ մը.

Թագուոր ի՜նչ բերիմ քու նման,
Քու կանաչ արեւուդ նման,
Թէ օր բերիմ կարմիր վարդեր,
Չեն նմանիր թուշիդ կարմիր.
Թէ օր բերիմ…
Թէ օր բերիմ հարս մը աղկէկ (սիրուն)
Ան պիտ նմանի սրտիդ թագուոր:
Իսկ կեսրոջը ծիսապար-նազպարէն ետք, փեսան կը պատգամէ.
Գիւլվարդ բաղչաներն ըլլիս, եա՛ր,
Նշանածիդ ծոցն էղնիս:
Իսկ հարսը կը պատասխանէ.
Էրնէկ ծոցիդ պառկողին, եա՛ր,
Ձմեռն ամառ կը լմանէր:

Վ. Դ.- Ձեր գիրքին յառաջաբանին մէջ կը նշէք, թէ դուք ո՛չ Արուսեակ Սահակեանի ազգագրագիտական պատրաստութիւնը, ո՛չ ալ Թահմիզեանի վաւերաթղթածրարներու գիտական մօտեցման մասնագիտութիւնը, ո՛չ ալ Ալինա Փեհլիւանեանի երաժշտական հիմնահողը ունիք: Ինչպիսի՞ տեսլական ձեզ մղեց մխրճուելու այսքան մասնագիտութիւն եւ պատրաստութիւն պահանջող գործի մը մէջ:

Պ. Ա.- Ճիշդ է, որ շատ յաճախ մասնագիտութիւնն է, որ խթան կը հանդիսանայ ուսումնասիրութիւններ կատարելու տուեալ ճիւղի մը մէջ, բայց իմ կատարած աշխատանքս եւ նուիրումս անոր` Հալէպի մէջ կատարած գիւտիս արդիւնքն է, երբ 1989-ին հրաշալի զուգադիպութեամբ մը գտայ զինք` Բալուն իր 72 երգերուն մէջ հարազատօրէն պահպանած Մարօ Նալպանտեանը: Այդ 72 երգերը Բալուն յաւիտենապէս կը փրկեն կորուստէ: Բուն աշխատանքը տեւեց տասը տարի: Պէտք է նշել, որ առանց Արուսեակ Սահակեանին` բանագէտ, դիւցազնավէպ, հնագէտ, բանահաւաք, եւ փրոֆ. Ալինա Փեհլիւանեանին` ազգագրագէտ-երաժշտագէտ, ուղեցոյց խորհուրդներուն, այս գործը պիտի ըլլար անկատար:  Երախտապարտ կը զգամ անոնց հանդէպ: Իմ կողմէս կատարուած կարեւոր նորութիւններէն մէկը կը կայանայ հարսանեկան երգերու իրերայաջորդութեան փորձիս մէջ (Ա. մաս, էջ 41-49): Եկեղեցիէն դուրս, հարսանիքի ներընտանեկան խրախճանքը ունեցած է թէեւ անգիր, բայց համակարգուած յաջորդականութիւն. Մարոյին օգնութեամբ վերականգնած եմ այդ  յաջորդականութիւնը: Օրինակ, փեսային ծնողքին կողմէ աղջկան ձեռքը խնդրուելու երկուստեք համամտութիւն-հաւանութիւն գոյացած ըլլալու ուրախութիւնը կը տօնուի յատուկ երգաշարով: Գիրքին լաւագոյն ընթերցումի եղանակը պիտի ըլլար առաջին խտասալիկին վրայ նախօրօք գտնել «Պար Էլէք»ը (երգաշարին առաջինը, Ե:20, այսինքն` 20-րդ երգը), ապա էջ 43-ի ընթերցման ընթացքին զայն ունկնդրել` հետեւելով Բ. մասին մէջ առնուած անոր բառերուն, նոթաներուն եւ բացատրութիւններուն (էջ 254-256): Յետոյ այս երգաշարին երկրորդ երգը` «Գոգ ախպար» (Ե:26)` նոյն ձեւով: Ապա` երրորդը:

Վ. Դ.- Ունկնդրելէ ետք հատորին կցուած խտասալիկները, կը տարուինք մտածելու, թէ այս երգերը արդեօք հեղինակային փոփոխութիւններու չե՞ն ենթարկուած, որովհետեւ անոնք այնքան հարազատօրէն մեզ կը կապեն մեր ինքնութեան: Այսինքն, արդեօք երգասացին երգելու կարողութի՞ւնն է,  որ այդքան մեզ կը դիւթէ, թէ՞ երգը կը ներկայացուի այնպէս, ինչպէս որ էր հոն, Բալուի մէջ, ժամանակին:

Պ. Ա.- Որեւէ երգասաց, որ լսողաց սորված է երգերը, երբեք նոյն ձեւով չ՛երգեր, նոյնիսկ եթէ հոն բառերու փոփոխութիւններ մտած չըլլան: Իսկ Մարոն միշտ ալ ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսէ, թէ կ՛երգէ այնպէս, ինչպէս որ իրեն սորվեցուցած են իր հայրն ու հօրեղբայրը: Սակայն, ինչպէս ամէն ազգագրական երգ կամ պար, հեղինակը ժողովուրդն է. վաւերականօրէն, ո՛չ Մարոն եւ ո՛չ ալ ես հեղինակի դոյզն իրաւունքն իսկ ունինք: Մարօ Նալպատնեանը կրողն է, պահպանողն ու փոխանցողն է այդ երգերուն, եթէ կ՛ուզէք, կամուրջն է աւանդապաշտ եւ գրեթէ անհետացած սերունդին եւ ապագայ սերունդներուն միջեւ:  Այս գոհարներուն բուն հեղինակը, ի հարկէ, անանուն, բնիկ բալուցին եւ մշեցին են, ինչպէս ըսինք, այսինքն` կոտորուած, աւերուած ու գողցուած Արեւմտահայաստանի երբեմնի ժողովուրդը: Իսկ համեստս, այդ երգերը հաւաքողն ու համադրողն եմ, հատորով մը հայ ազգին ժառանգութիւնը իրեն վերադարձնողը, որմէ ինծի մնացածը հայ մշակոյթի վաւերական գանձ մը յաւէտ կորուստէ փրկողի հոգեկան հպարտութեան վայելքն է:

Վ. Դ.- Կարելի՞ է արդեօք պատկերացում մը տալ ներդիր խտասալիկներուն մասին:

Պ. Ա.- Բալուի եւ տարածաշրջանի երգերը, որոնց բառերն ու խազագրութիւնը կը գտնէք հատորին մէջ, խազէ, խօսքէ ու բացատրութիւններէ աւելի` կենդանի երգերն են, Մարօ Նալպանտեանի հարազատ կատարմամբ: «Էրկրի» 72 երգ ու բան, Բալուի ինքնութեան դրոշմով յատկանշուող: Այս երգերուն ընկերացող բացատրութիւնները չոր ու ցամաք տեղեկատուութիւն կ՛ըլլային, եթէ անոնց  հոգի ու շունչ հաղորդող երգողը չըլլար: Ա՛ն է երգը ապրեցնողը, զայն սրբագործողն ու մարմնաւորողը, եւ խտասալիկներուն մէջ հարազատօրէն այդ հոգին մեզի կը փոխանցուի շնորհիւ Մարոյին:  Այս խտասալիկներով հրապարակ իջած երգերուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամ է որ լոյս կը տեսնէ: Գիրքը կը բովանդակէ գաւառաբառերու բառարան:

Վ. Դ.-  Շնորհակալութիւն` այս հարցազրոյցին ձեր տրամադրած խանդավառութեան եւ ժամանակին համար: Աւարտելէ առաջ, ըստ ձեզի, ո՞ր երգն է, որ իր բովանդակութեամբ, հոգ չէ թէ տարբերակներով, կ՛երգուի Արեւմտահայաստանի զանազան գաւառներուն ու գիւղերուն մէջ:

Պ. Ա.- Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ իրենց իւրայատուկ գոյնը ունին, նոյնիսկ եթէ բառերուն մէջ տարբերակներ ըլլան: Կան ամբողջ շրջանը խորհրդանշող երգեր. «Զարդար քուրուկ»ը,  օրինակ, գիտեն բոլոր բալուցիները: Երկրորդը, որ շատ յատկանշական է Բալուին, «Բալուի աղօթքը»ն է, որ երգէ աւելի` արտասանութիւն է: Գիրքիս մէջ երգային տարբերակը այս աղօթքին Մարոն չէ, որ կը կատարէ: Ուրիշ մըն է Նոր տարիին նուիրուած երգը.

Բարի եկար Նոր տարի
Բարի եկար Նոր տարի,
Տո՛ւր միզի ցորեն գարի, լէ, լէ, լէ,
Մեր փեթակն ալիր (ալիւր) կ՛ուզէ, լէ, լէ, լէ,
Տանտիկինը եղ կ՛ուզէ,
Բուխերիկս մուխ կ՛ուզէ,
Մեր օճախը փատ (փայտ) կ՛ուզէ, լէ, լէ, լէ, ախ, լէ, լէ,
Էգուն բաղչին (պարտէզին) պտուղ տուր,
Մեր աղջըկին փեսայ տուր,
Մեր տղային հարս մը տուր,
Հիւընտութիւն (հիւանդութիւն) թող չըլլի,
Քէսատութիւն (անգործութիւն) թող չըլլի, լէ, լէ, լէ,
Հէյրան Նոր տարի:
Ահա՛ Բալուի աղօթքը.
Սուրբ Կարապետ եմ գնացեր,
Օտային մէջ պառկեր մնացեր,
Մշոյ սուլթան Սուրբ Կարապետ
Խապար տուեր, չեմ իմացեր:
Սուրբ Կարապետ բարձր տեղ էր,
Չորս կողմերը ծառ ու խոտ էր,
Եայլաւորին ճամբայ կու տար
Ձիաւորին ճուղապ կու տար:

…………………………………

Սուրբ սուրբ սրբուիս,
Աջուկ ձեռքով կնքուիս,
Չարը քեզ չխաբանէ,
Չար սատանան քեզ չտանէ:
Ճրայ ճրագ ճշմարիտ,
Ճշմարիտ ա Մարտիրոս,
Մարտիրոս ա Յովհաննէս,
Յովհաննէս հեծէր գուրգիկը,
Էլլեր գացեր Հոռմէ քաղաք:
Մեր Տէ՛ր հոն կայնուկ էր,
Սաղմոսը սրտին էր,
Աւետրանը գրկին էր,
Մեծ ու պզտիկ կը գրէր,
Արդրկները խաղ կը ձգէր,
Մեղաւորները կը լացնէր:
Կաթնաղբիւրը քարէ տաճար,
Աստուած  ընէ մեր հոգուն ճար:

Հատորին ընթերցումին ընթացքին չէ այնքան, որքան Մարօ Նալպանտեանի կատարողութեամբ երգուած երգերուն ունկնդրութեան ժամանակ է, որ կարելի կ՛ըլլայ ըմբռնել Պետրոս Ալահայտոյեանի աշխատանքին, վերլուծումներուն, անոնց հանդէպ տածած ոգեւորութեան, երգերու բացատրութիւններուն իր` ալահայտոյեանական բանաստեղծականութեամբ  յագեցած թափանցումներուն տարողութիւնը: Կը խօսի «էրկրին» ու գիւղացիին կենցաղին ու անոր հոգեբանութեան հետ կապուող, ու երգերուն մէջ ցոլացող երեւոյթներու մասին այնպէս, ինչպէս պիտի ընէր ազգասիրութեամբ տոգորուած ու անով վերացած, հողին ու ջուրին ընտելացած, բանաստեղծական թռիչքներով յագեցած հայ գիւղագիրը: Իսկ Մարօ Նալպանտեանի պարզունակ, զուլալ աղբիւրի պէս հմայիչ ձայնին հետ կարելի է երեւակայութեամբ տեսնել արտ ու նախիր, օճախ ու հաց, հարսանեկան ծէսերն ու գոյները:

Ահաւասիկ, հոյակապ նուէր մը, որեւէ առթիւ, բոլոր անոնց, որոնք երգով կ՛ապրին եւ իրենց հոգիին մէջ կը պահեն հայ երգն ու հողին եւ ջուրին հարազատութեամբ ստեղծագործուած մեր ժողովուրդին գանձերը:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES