75-ԱՄԵԱԿ ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 օգոստոսի երեկոյեան, «Երջօ Սամուէլեան» Եռագոյն սրահին մէջ:

Բացան խօսքը կատարեց Ծովիկ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Ան իր խօսքին մէջ նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս 80 տարիներ առաջ Քարմ էլ Զէյթունի մէջ կառուցուեցաւ «Հայաշէն» թաղը, որմէ ետք իրարու ետեւէ հիմնուեցան եկեղեցի, դպրոց, Օգնութեան խաչ, Համազգային, ՀՄԸՄ պատանեկան միութիւն: Տարիներու ընթացքին այդ բոլոր գործունէութիւններու ետին թիկունք կանգնած էր ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն:

Լիբանանի փոթորկալից օրերուն Հայաշէնը մնաց պատնէշի վրայ եւ մինչեւ իսկ տուաւ նահատակներ: Պատերազմի պատճառով ունեցաւ բազմաթիւ արտագաղթողներ: Սակայն անոնց սրտին ու հոգիին մէջ Հայաստանը մնաց կանգնուն, փաստը` յաճախ անոնց կատարած նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը` հանդէպ իրենց ծննդավայրին: Լիբանանի մէջ թէ դուրս, ազգային, մշակութային, կրթական, կուսակցական, մարզական բոլոր մարզերուն մէջ կը հանդիպինք անպայման հայաշէնցիներու»:

Իր խօսքի աւարտին Ծ. Գալեմքերեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եւ նախկին հայաշէնցիներուն եւ անխտիր բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը բաժնեն 75-ամեակի տօնակատարութեան ուրախութիւնը:

Ձեռնարկը սկսաւ իբրեւ անակնկալ հիւր Հալէպէն ժամանած ջաւախքահայ երգչուհի Հայկանա Մուրատեանի երգով, որ իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց  Սայաթ Նովայէն երկու երգեր` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ:

Ապա կատարուեցաւ 75-ամեակի կարկանդակի հատում:

Յայտագրի երկրորդ բաժնով սրահ մուտք գործեցին «Կիլիկիա» պարախումբի աղջիկներն ու տղաքը, որոնք հայկական պարերով յաւելեալ փայլք տուին ձեռնարկին:

Օրուան հիւրն էր Միացեալ Նահանգներէն ժամանած, սփիւռքահայ հանրածանօթ, սիրուած երգիչ Ատիս Հարմանտեան, որ իր իւրայատուկ երգերով յուզեց, խանդավառեց եւ ճոխացուց մթնոլորտը` երկար ժամեր` Ատիսը իր ազգային եւ յեղափոխական երգերով ձեռնարկը հասցուց իր աւարտին:

Վաճառուեցան վիճակահանութեան տոմսեր եւ կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն:

Ձեռնարկի նպատակէն եւ ճոխ մթնոլորտէն խանդավառուած կատարուեցան բազմաթիւ նուիրատուութիւններ:

Ուշ գիշերին ներկաները մեկնեցան անմոռանալի եւ յիշուելու արժանի ուրախ օր մը անցընողի տրամադրութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES