ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ. ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆ

Ընտրապայքարը սկսած էր հինգ տարի առաջ, Ֆրանսայի ներկայ նախագահի` Նիքոլա Սարքոզիի ընտրութեան յաջորդ օրը: Նաեւ` Միացեալ Նահանգներ, ուր Պարաք Օպամայի ընտրութիւնը միջանկեալ դիպուած կը համարեն շատեր: Քիչ մը ամէն տեղ, եւ ոչ միայն պետութիւններու, նախագահական եւ այլ ընտրութիւնները հարկատու են թեկնածուներուն զօրավիգ կագնող լայն առումով վարչամեքենաներուն եւ անշրջանցելիօրէն` դրամական միջոցներուն:

Իմաստուն, բանիմաց, բազմաթիւ այլ բարեմասնութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը, ինչպէս ասկէ առաջ գրած եմ, օրինակ Հարվըրտի կամ Օքսֆորտի մեծ տնտեսագէտ մը, նախագահ կամ վարչապետ չի կրնար ըլլալ, եթէ տէր չէ կուսակցական վարչամեքենային եւ չունի նեցուկը որմազդ փակցնողներէն մինչեւ շրջանային երեւելիներու եւ տնտեսական հզօր շրջանակներու:

Երեք տարի առաջ տեղի ունեցած դրամատուներու սնանկացման սպառնալիքը կարելի եղաւ յաղթահարել պետութիւններու յատկացուցած առասպելական գումարներով, որոնք ժողովուրդին կը պատկանին: Բայց նոյն այդ դրամատուները, չափաւորութեան թելադրութեամբ խնայելու եւ գործելու փոխարէն, մեծաքանակ գումարներ տուին եւ կու տան իրենց վարիչներուն եւ բաժնետէրերուն: Որո՞ւ հաշուոյն եւ որո՞ւ (որոնց) սխալներուն համար: Աչք ծակող անարդարութիւն, որուն համար ժողովրդային ընդվզումը արդարանալի է: Ընդվզում, որ չկայ:

Ոչ ոք կ’ընդվզի բարձրաղաղակ ըսելու համար, որ աշխատաւորներու արտադրած գումարներն են անոնք, եւ վերջ պէտք է տալ անիրաւութեան:

Ոչ ոք կ’ընդվզի դրամի գերիշխանութեան պատճառով կենսամակարդակ ունեցող երկիրներու արտադրական կարողութեան քանդումին դէմ, որ կրկնակ անարդարութիւն կը յառաջացնէ, յառաջացուց, մէկ կողմէ` բազմապատկելով գործազրկութիւնը (Արեւմտեան երկիրներուն մէջ), միւս կողմէ` դրամի արագ շահարկման համար չարաշահելով ցած կենսամակարդակ ունեցող երկիրներու աշխատուժը (հարաւի երկիրներ կամ Երրորդ աշխարհ):

Հասարակ տեղիք դարձած է ըսել, որ երբ մարդիկ եւ երկիրներ իրենց եկամուտներէն աւելի կը ծախսեն, կը պարտաւորուին պարտք վերցնել: Միացեալ Նահանգներու վերջին տագնապը, ինչ կը վերաբերի երկրի պետական պարտքին, տասնհինգ հազար միլիառ տոլար, էլեքտրոշոք է, եւ` ոչ միայն Ամերիկացիներուն համար: Յունաստանը փոքր երկիր մըն էր, Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ առայժմ ոտքի կը մնայ: Ի՞նչ պիտի ընեն Միացեալ Նահանգները, երբ տեւաբար հեռու աշխարհներու մէջ բանակներ կը պահեն եւ պատերազմ կը մղեն, երբ լիաբուռն օժանդակութիւններ կ’ընեն զանազան երկիրներու` պահելու համար իրենց ազդեցութեան գօտիները:

Նուազ համեմատութիւններով, կրնանք նոյնը ըսել Ֆրանսայի համար: Երկրէն հեռու բանակ պահել, պատերազմի մասնակցիլ` հսկայական ծախսեր կը պահանջեն: Ճարտարարուեստական կարողութիւններու հեռացումը, գործազրկութիւնը, բնակչութեան աճող երկարեկեցութիւնը, կը յառաջացնեն այնքան մեծ ծախսեր, զորս կարելի չէ հաւասարակշռել ընթացիկ տուրքերով: Հետեւաբար կ’աճի պետական պարտքը:

(Այս է կացութիւնը մեծերուն: Մտածման նոյն գիծին վրայ կ’արժէ յիշեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարտքը. 3.382 միլիառ տոլար*: Ինչպէ՞ս պիտի վճարուի այդ պարտքը: Ինչպէ՞ս կը վճարուի այդ պարտքին տոկոսը: Ընտրութիւններով տարուող, դիրքեր հետապնդող եւ ի վերայ ամենայնի ոչինչէն մեկնելով հարստութիւն դիզողները հաշուետուութիւն պիտի ընե՞ն: Ընդվզելու ի վիճակի եղող զանգուած կա՞յ: Ո՞վ կը խօսի ազգային իրաւ գիտակցութեան եւ գաղափարախօսութեան մասին: Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ):

Իրերու այս կացութեան մէջ Ֆրանսա կը պատրաստուի նախագահ ընտրելու: Երկրին պետական պարտքը աճած է յաջորդական կառավարութիւններու վարած քաղաքականութեան պատճառով: Իրերայաջորդ իշխանութիւնները, հաւասարապէս, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, բարձր վարկ ձեռք բերելու համար եւ մեծապետական քաղաքականութիւն վարելով` յանձնառու եղած են բազմապատկելու ծախսերը, աճեցնելով պետական պարտքը: Երբ քաղաքական մրցակից ուժեր զիրար կը քննադատեն, աւելի լաւ պիտի ընէին, եթէ անկեղծ ինքնաքննադատութիւն մը ընէին: Բայց ե՞րբ պատահած է, որ իշխանութեան գլուխ գտնուողներ եւ իշխանութեան ձգտողներ նման հերոսութիւն ընեն: Մանաւանդ երբ սպառողական ընկերութեան բարիքներուն-չարիքներուն անձնատուր զանգուածները չեն ընդվզիր` անմիջական բարօրութիւնը գերադասելով այլ նկատումներու:

Այս կացութեան պատասխանատու է նաեւ ՄԱԿ-ը, որ ձախողած է իր միջազգային հաւասարակշռութիւն եւ արդարութիւն յառաջացնելու դերին մէջ, այդ դերը իրենց ուսերուն առած են Ատլանտեան ուխտի երկիրները, հաւաքաբար կամ առանձին: ՄԱԿ-ի ուխտը, դերը եւ իրաւասութիւնները վերատեսութեան կարիք ունին:

Մասնաւորելով մեր խօսքը Ֆրանսայի (որ կարելի է ընդհանրացնել, որոշ զգուշութեամբ Արեւմտեան երկիրներու համար), հանրային կարծիքի բեւեռացումներու ականատես պիտի ըլլանք: Նախագահական մեծամասնութեան կարգ մը տարրեր արդէն դէպի ծայրայեղ աջ կը թեքին: Իսկ ձախը ներկայիս երեք հոսանքներով կը ներկայանայ (Ընկերվարական կուսակցութիւնը, Ձախ կուսակցութիւնը, որ համախմբում մըն է, եւ` Կանաչները): Ծայրայեղ աջ Ազգային Ճակատը այս խառնակ կացութենէն օգտուողը կրնայ ըլլալ եւ նախագահական ընտրութեան ձեռք բերել կրկին 2002-ի յաջողութիւնը` գրաւելով դասական աջին կամ ձախին դիրքը, օգտագործելով կենսամակարդակի անկումը, տնտեսական տագնապը եւ զանգուածին տարբեր պատճառներով աճող դժգոհութիւնը:

Ձախերը կը ներկայանան երեք ճակատներով: Բայց նոյն այդ ձախի Ընկերվարական կուսակցութիւնը, հակառակ գրուածին եւ ըսուածին, ներքին միութիւն չունի: Իր անուան շուրջ մեծամասնութիւն գոյացնելու հաւանականութիւն ունեցող Տոմինիք Սթրոս-Քահնի հրապարակէն հեռացումը, Ընկերվարական կուսակցութեան ծոցին մէջ ծնունդ տուաւ փառասիրութիւններու բազմապատկման: Միակ թեկնածու մը որոշելու համար որդեգրուած նախնական ընտրութեան ձեւը, սրելով մրցակցութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին, շեշտելով անհանդուրժողութիւնները, պառակտումներու պատճառ կրնայ ըլլալ, եթէ մինչ այդ համախոհական թեկնածու մը չանջատուի բոլորէն եւ իր վրայ չկեդրոնացնէ իսկական մեծամասնութիւն մը: Պէտք է մաղթել, որ նախնական կոչուած ընտրութիւնը Պանտորայի տուփին չնմանի:

Մինչ այդ, սակայն, հաւանօրէն երկրի ղեկավարութիւնը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, համաձայնութիւն մը կը գոյացնեն պետական պարտքի նուազման էական խնդրով, որպէս սկզբունք ընդունելով, որ ամավարկը ասկէ ետք բացով պիտի չընդունին, եւ այդ սկզբունքն ալ կը վերածեն սահմանադրական յօդուածի: Այս աննախընթաց եւ նոր որոշումը, եթէ ընդունուի, խիստ կարեւոր անդրադարձներ կ’ունենայ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան համար, կը սահմանափակէ պետական ծառայութիւնները, ընկերային արդարութեան, առողջապահութեան եւ կրթական մարզերու մէջ ձեռք բերուած առաւելութիւնները: Այսինքն կ’որոշուի չեղած դրամը չծախսել: «Նախախնամութիւն պետութիւնը» իր փէշերը կը հաւաքէ: Ձախ ուժերը, առանց իրենք զիրենք հակասելու, կրնա՞ն համաձայնիլ: Ինչպէ՞ս կարելի կ’ըլլայ համոզել զանգուածը, որ իր սովորութիւնները փոխէ: Ընտրապայքարի ընթացքին կարելի կ’ըլլա՞յ այս խիստ զգայուն խնդիրը ամբոխավարական ճառի նիւթ չդարձնել:

Յառաջիկայ տարուան ընտրապայքարները, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, նաեւ Հայաստան, պարարտ ենթահող են ամբոխավարութեամբ դիրքապաշտութեան ծառայելու:

Կարելի կ’ըլլա՞յ ծանրակշիռ կացութեան դիմաց գերանցումներ կատարել:

Իսկ ժողովուրդները, անհատականէն անդին, ընդվզումով կը յանգի՞ն ողջախոհական դիրքորոշումներու:

Մոլորակի իւրքանչիւր բնակիչ եւ տուեալ երկրի մը իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ մրճահարող կարգախօսները չլսելու եւ առանց կողմնապաշտական տխրութիւններու` ԸՆՏՐԵԼՈՒ…

Բնութիւնը հարկ է պաշտպանել:

Բնութեան բարիքները եւ երկրի ընդերքի հարստութիւնները անսպառ չեն:

Այսինքն անհատականէն պէտք է բարձրանալ քաղաքացիական եւ ապա մարդկային մակարդակ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

10 օգոստոս 2011, Նուազի-լը-Կրան

* Armenia’s foreign debt for April 1, 2011 reached USD 3.382 billion. Armenia owes the World Bank USD 1.305 billion which is 38.6 % of its entire foreign debt. Armenia also owes to the different organizations affiliated to the World Bank USD 1.19 billion and these figures show that more than two thirds (2/3) of Armenia’s debt is to the World Bank and its affiliated bodies. Apart from World Bank, Armenia owes money to EBRD, OPEC, Asian Development Bank, the International Foundation for Agriculture Development, IMF and others. Armenia also owes Russia, Japan, Germany, USA, and France. (Ardavazt Avakian, in NOR GYANK, USA).

 

Share this Article
CATEGORIES