ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ`ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԻՆՔՆԱՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՓԱՐՈՍ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ (2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ. 1991)

«… Քաջութիւնն այն է, երբ քո առջեւ նպատակ ես դնում
եւ ոչինչ չես խնայում այն իրագործելու համար»:

ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
Գրող, հրապարակախօս)

Ասկերան (Լուսանկարը՝ Սանահին Թորոսի)

Բարեբախտաբար տակաւին հայութիւնը կը հաւատայ հրաշքի գերհզօր կարողութեան եւ անոր ունեցած դերակատարութեան` հաւաքական մեր կեանքին մէջ, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ հրաշագործը այս պարագային ազգն է` իր ցեղային առանձնայատկութիւններով եւ բոցավառ ու արիասիրտ փաղանգներու ներկայութեամբ:

Փաստօրէն, հայ ժողովուրդի կամքին, անսակարկ զոհողութիւններուն եւ անհամար նահատակներու սուրբ արեամբ, այս անգամ Արցախի վեհավառ ու խրոխտ լեռներուն վրայ կ՛իրագործուէր ազգային մեր երազանքներէն մին` Ղարաբաղի վերահայացումը, անկախացումն ու ինքնիշխան ապրելու դարերու տենչը:

Ճիշդ է, որ 1988-ի ծանրակշիռ օրերուն եւ դառնութեամբ յագեցած հետագայ տարիներուն հայրենի ժողովուրդն ու արցախահայութիւնը, թիկունք ունենալով սփիւռքահայութեան կարօտն ու կորովը,  միասնաբար նետուեցան պարտադրուած կռիւի դաշտ, դիմադրեցին թշնամիին յարձակումներուն, ձախողութեան մատնեցին հայաջինջ ծրագիրները, արութեամբ կասեցուցին ամէն բարբարոս ոտնձգութիւն, տոկացին ամէնէն դժուար պահերուն իսկ, եւ, ի փառս հայրենիքի ազատագրութեան` կերտեցին նոր օրերու Սարդարապատը:

Միւս կողմէ, այդքան ալ դիւրին հոլովոյթ չունեցան ազատօրէն շնչող տարիները,  որովհետեւ արցախահայութիւնը էապէս գիտակցեցաւ այն վճիտ իրողութեան, որ հարկ է ամէն գնով վերապրելու եւ գոյատեւելու երաշխիքները ամրագրել, հաւատքն ու ներուժը թարմացնել, գերադասել համեստ կարողականութիւններն անգամ եւ յամառօրէն լծուիլ պետականաշինութեան աշխատանքին` իբրեւ պատուանդան ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին:

Իրօք, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ բնագաւառներու մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն իբրեւ արդիւնք, Արցախի նորաստեղծ հանրապետութիւնը թէեւ արձանագրեց յաջողութիւններ, ունեցաւ ինքնահաստատման քաջալեր առիթներ եւ բանակակազմաւորման մէջ արձանագրեց տիպար ու յառաջադէմ ոստումներ, այդուհանդերձ բազմաոլորտ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման չկրցաւ շրջանցել բացթողումներն ու տեղատուութիւնները, որոնք տեսակ մը յուսախաբութեան եւ անճրկումի մղեցին նոյնինքն արցախցին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը:

Անցնինք:

Ատենէ մը ի վեր կը լսենք ու կը կարդանք, թէ Արցախի ազատագրութիւնը իր քսանամեայ գոյերթով հանդերձ շատերու համար մղձաւանջ է դարձած, իսկ այլոց` սրտցաւ արտայայտութիւններու միջոց:

Բացատրենք:

Դժբախտաբար, առկայ է այն մօտեցումն ու մտածելակերպը, թէ Արցախի լինելութեան պայքարը իր գոյութենական տեսադաշտով եւ քաղաքական պարունակով այսպէս ասած «բեռ» է դարձած ազգի գլխուն, որուն համար հարկ է ստեղծել համապատասխան միջավայրեր եւ կամ նախաձեռնել տարբեր միջոցառումներու, նման կացութենէ դուրս գալու համար:

Իսկ սրտցաւող փաղանգին տրտունջքներուն առանցքը եթէ մէկ կողմէ պետականութեան հզօրանքին յապաղումն է, ապա միւս կողմէ առկայ քաղաքական եւ զինուորական իրողութիւններու դէմ յանդիման, պարզապէս հոգեբանական երեւոյթի մը խնդիրն է, ըսելով, թէ «Ղարաբաղը հայերու վերջին յոյսն է»:

Վստահաբար, եթէ երբեք առաջին մօտեցումին հանդէպ մեր կեցուածքով եւ դիպուկ հակազդեցութեամբ կարելի է անոր սնանկութիւնն ու ապազգային բովանդակութիւնը փաստարկել, ապա երկրորդի պարագային` հաւանաբար մտածումներու ներդաշնակութեամբ կարելի ըլլայ հասկնալ եւ ինքնասրբագրութեան մղումով մը փարատել ամէն մտահոգութիւն:

Ըստ երեւոյթին, մեր ազգային հոգեբանական պարունակին մէջ տակաւին գոյութիւն ունին այնպիսի բարդոյթներ ու հոգեմտային շերտեր, թէ` հակառակ մեր սրբազան յաղթանակին թուրք-ազերի հորդաներու դէմ, աննման տղոց ցուցաբերած սխրանքներուն, թէժ մարտերու ընթացքին մերօրեայ հերոսներու երկնած քաջագործութիւններուն, թշնամիին սանձազերծած սպանդներու դէմ հայդուկի համապատասխան վերաբերումին եւ վրիժառական կեցուածքին, շատերու համար տակաւին յստակ չեն քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներու ամբողջ հոլովոյթը, այս ծիրին մէջ տարուող պայքարին ուժգնութիւնն ու անհամեմատ դժուարութիւնը:

Այլ խօսքով, ձանձրոյթ պատճառող երեւոյթներ կը դառնան այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք հոգեբանական պատճառներու վրայ հիմնուած են եւ չունին ազգային-գաղափարական որեւէ տեսադաշտ:

Հարկ է, միանգամընդմիշտ հաստատել, որ հայ ժողովուրդը յաղթեց իր թշնամիին եւ դուրս շպրտեց զայն իր հազարամեայ պապենական հողէն:

Այսինքն` Արցախի ազատագրումով հայութիւնը վերանուաճեց իր ազատ ու անկախ ապրելու գիտակցութիւնը, ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ իր կամքին ու վճռակամութեան հասանելիութիւնը, եւ ամէնէն էականը ինքզինք ձերբազատեց զոհի բարդոյթէն, այլապէս հաստատագրելով արեամբ իրաւունքին վերատիրանալու հասկացողութիւնը:

Փակագիծ մը:

Արցախի պետականաշինութեան գործընթացին մէջ, եթէ երբեք առկայ են բացթողումներ, շատ անգամ անըմբռնելի սխալներ եւ տեղատուութիւններ, ապա այս բոլորի մասին, բարեբախտաբար, զանգուածային լրատուամիջոցներ թէ համապատասխան կառոյցներ կ՛արձագանգեն, տեղին կը քննադատեն, խորհուրդներ կը փոխանցեն, աւելի՛ն. զգօն ըլլալու հրամայական պահանջով մը, ամբողջ ազգին ուշադրութեան կը յանձնեն պատահած դէպքերն ու երեւոյթները:

Սակայն, խորքին մէջ այս չէ վերեւ յիշուած մտահոգութիւններու կիզակէտը, այլ տարուող քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն մասին է խօսքը առանձնապէս, ուր վստահութիւն ներշնչող տարրեր կը բացակային:

Յստակացնենք:

Երբ խօսքը կը վերաբերի 20-ամեայ պետական կառոյցի մը, ուր նաեւ առկայ են խորթ եւ յոռի երեւոյթներ, ապա հարցական կը դառնայ արդիւնաւէտութիւնը հետագայ բոլոր աշխատանքներուն, որոնք ուղղուած պէտք է ըլլան տեղւոյն ժողովուրդի բարգաւաճումին, կենսական կարիքներու առաւել հայթայթումին, զարգացումին, յառաջդիմութեան ու մանաւանդ` ոգեշնչող ինքնավստահութեան:

Այս առումով, ամէնէն նուիրական օրինակը կու գայ սփիւռքահայ իրականութենէն, որ Արցախի ազատագրութենէն ի վեր լծուած է նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան, եւ իր նեցուկով եւ օգնութեամբ արդէն իսկ իր հրաշալի ներդրումը կը բերէ անոր հզօրանքին` բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ:

Ճիշդ է, որ Արցախի պետական համակարգը իր ներկայացուցչութեամբ կը ցուցաբերէ հայրենասէրի տիպականութիւն, աջակից է իր ժողովուրդի վերելքին, կը փորձէ ամէն գնով վերականգնիլ եւ յառաջդիմել, այդուհանդերձ, ժողովրդային ինքնակազմակերպ եւ ինքնահաստատ հայեցակարգերու բացակայութեան, ռազմավարական ճշգրիտ առաջադրութիւններու օգտագործումով պիտի կարենայ ալ աւելի կենսաւորել շրջապատը եւ ժողովուրդին մօտ ամրացնել պայքարի գիտակցութիւնը:

Փաստօրէն, թէեւ յարաբերաբար քիչ է Արցախէն արտագաղթողներու թիւը, սակայն երեւոյթը իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր, եւ անոր նկատմամբ հարկ է ցոյց տալ լուրջ մօտեցում ու ձեռնարկել համապատասխան քայլերու:

Իրողապէս, ազատագրուած տարածքներու վրայ բնակչութեան թիւի նուազումով կամ գրեթէ բացակայութեամբ, հետագայ տարիներու համար դժուար եւ անհաճոյ կացութիւններ կրնան ստեղծուիլ:

Ա՛լ չենք խօսիր, դիւանագիտական հակազդող եւ սթափ հրամայականին մասին, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ թուրք-ազերի թշնամական այս ոլորտի մէջ ունեցած բազմաթիւ յարձակումներուն դէմ դնելու տեսակէտէ կ՛ունենանք թերութիւններ:

Արցախի պետութեան եւ ընդհանրապէս կառավարման համակարգին մէջ առաւել ազդու ներկայութիւն պէտք է ըլլան ժողովրդանուէր աշխատանքներն ու հայեցակարգերը:

Որովհետեւ, խիզախութեան, ջանասիրութեան առընթեր, կրթութեան եւ ընկերային կեանքի բարելաւումին հետ միատեղ, օդի, ջուրի եւ հողի չափ անհրաժեշտ են մարդկային հոգեբանական պատրաստուածութիւնը, որով արցախահայութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ կրցաւ իր յաղթանակները արձանագրել եւ գազանաբարոյ թշնամին ծունկի բերել:

Իսկ յետ պատերազմեայ կեանքին մէջ, այդ նոյն արցախահայութիւնը ունեցաւ ընկրկումի պահեր, հիասթափութեան ժամանակներ եւ ինքնալլկումի արտայայտութիւններ:

Եւ այս հասկացողութեամբ է, որ երբ աջ ու ահեակ կը լսենք զայրոյթ պատճառող մտմտուքներ եւ կամ յոյսով լեցուելու խրատականներ, խորքին մէջ ասիկա է պատճառ դարձող երեւոյթը, որ ուղղակիօրէն իր անդրադարձը կ՛ունենայ անմիջական թէ հեռակայ շրջապատին վրայ:

Ընդունինք, թէ թուրք-ազերի հորդան օրն ի բուն կ՛աշխատի բոլոր ճակատներուն վրայ յուսահատութեան մատնելու ամբողջ հայութիւնը: Սա ինքնին պատերազմի համազօր մարտավարութիւն է: Ան լծուած է սպառազինումի, դիւանագիտական բազմաբեւեռ ուղղութեամբ աշխատանքի, թաքուն գործակցութիւններու, սահմանի ամբողջ երկայնքին զինադադարի խախտումին, արձակազէններու միջոցով հայ զինուորի կամքի թուլացումին, բարոյահոգեբանական ընկճուածութեան եւ մասամբ նորին:

Մեր կարգին, գիտակցելով հանդերձ թշնամիին օգտագործած մարտավարութիւններուն եւ անոնց հետապնդած նպատակներուն հորիզոնը, փոխանակ ամէն քայլափոխի վերարժեւորելու մեր յաղթանակին կարեւորութիւնն ու հայոց բանակին պատրաստուածութիւնը, տեղի կու տանք, իբրեւ թէ չափազանցութիւններէ հեռու մնալու համար:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ արցախահայութեան կորովն ու կամքը, պայքարելու եւ անպայման յաղթելու գիտակցութիւնը վառ է, որովհետեւ լեռնցիի իր կազմաւորումով թէ ճակատագրուած ըլլալու իրողութեամբ գիտակցած է այս վճիտ իրողութեան:

Արդ, նշեալ երեւոյթներուն ի տես, ու մանաւանդ քաղաքական կեանքի մէջ արագ ընթացող կացութիւններուն համահունչ աշխատանք ծաւալելու համար, հարկ է, որ Արցախի պետութիւնը միանշանակ եւ տարբեր ծրագիրներու մշակումով լծուի ամբողջ հայութեան մտահոգութիւններուն առանցքը դառնալու, վերաշխուժացնէ յարաբերութիւնները, աւելի մօտէն կապ հաստատէ սփիւռքի տարածքին գտնուող հայ օճախներու հետ, գործնականապէս օգտուի հայ իւրաքանչիւր մարդուժի կարողականութենէն, չվարանի Արցախ հրաւիրել բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը պիտի բերեն ընկերային-հասարակական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, կրթական, մշակութային թէ այլ բնագաւառներու զարգացումին եւ անարգել յառաջդիմութեան:

Այս բոլորի նշումը` պարզապէս ամուր պահելու արցախահայութեան պայքարի կորովն ու հոգեբանական կառուցուածքը:

21-րդ դարուն ա՛լ ներելի չէ դասական դարձած եւ հնաբոյր գործելաոճերու ներկայութիւնը: Այս առումով, եթէ երբեք դիւանագիտական կեանքի մէջ պէտք է հսկել աչալրջութեամբ եւ ի հարկին ազդու հակահարուած տալ, ինչպէս սահմանի վրայ ոտնձգութիւններուն դէմ, նոյնքան էական է ներքին ճակատի վրայ բարոյահոգեբանական ամրութիւնը կայտառ պահելու հրամայականը:

Որպէսզի նուազի վերեւ յիշուած երկու տեսակի մօտեցումներու տէր անհատներու քանակը, աւելի քան պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ մեր ճակատագիրին:

Օրինակ մը:

Իսկապէս մտածուած եւ դաստիարակիչ է ռազմահայրենասիրական տիպի աշխատանքներուն կենսագործումը Արցախի մէջ: Փաստօրէն, սփիւռքէն հայ աշակերտներու հրաւէրն ու հոն քանի մը շաբաթ ապրելու գեղեցիկ յղացքը ուղղակիօրէն իր ներդրումը ունի հայրենիքի կարօտով տառապող հայորդիներու համար: Հարկ է նման աշխատելաձեւերու որդեգրումը վարքագիծի վերածել, այս անգամ տարբեր մարզերու մէջ:

Երբ պայքարի ժողովրդականացումին մասին խօսք կ՛ըլլայ, ապա ամէնէն նուիրական գործը` հայրենիքի հողին ու շունչին հետ փոխադարձ կապ ստեղծելու անհրաժեշտութեան կարիքն է:

Այս իմաստով, արցախահայութիւնը կրցաւ համախմբել ամբողջ ազգը իր պայքարին շուրջ, ցոյց տուաւ իր արդար եւ անժամանցելի դատին ազդուութիւնը, յուսալքուած հայութեան շունչ տուաւ, վերահայացաւ եւ անպայման վերահայացուց տարասփիւռ հայութեան հոգիները ու հպարտութեամբ տուաւ իր ընտրեալներու նահատակ սերունդը` յանուն ազգի գոյատեւման:

Իր կարգին, սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իր սուրբ արեամբ ջրդեղեց հայրենի հողը եւ նահատակութեամբ արժանացաւ անոր փառապսակին:

Այսօր, հարաւային Կովկասի շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական թէ զինուորական իրադարձութիւններուն ի տես, արցախահայութեան կը մնայ հոգեպէս պատրաստուիլ ու առաւելագոյն չափով կամքերը կռանել` ստեղծուած նոր կացութիւններուն դէմ դնելու գիտակցութեամբ:

Մեծապետական խօլ եւ մարդատեաց հաշիւներուն դէմ, փոքր ազգի մը համար օդէն ու ջուրէն աւելի կենսական են մարդավայել կեցուածքներու եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելու հրամայականն ու հաւատամքը` յանուն ազգի յարատեւութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:

Երբ ժողովուրդի մը ներքին ճակատը հզօր է ու կայուն, հոգեկան ամրոցը` պիրկ ու ինքնավստահ, աւելի՛ն. անոր առաջնորդներուն համար գերադասելի են ազգի անվտանգութիւնն ու յաջողութիւնը, ապա, դժուար թէ թշնամի հորդաներ կարենան թիզ մը հող վաճառքի հանել:

Պատերազմի ճակատի վրայ հայ հերոսական բազուկին յաղթանակը, հարկ է փոխադրել պետականաշինութեան դաշտ, որպէսզի ազգը կարենայ փաստել, որ ինքնաղեկավարման բոլոր կարելիութիւններուն եւ միջոցներուն տիրացած կը շարունակէ գոյատեւումի իր պայքարը:

Նոր օրերուն հայոց պատմութիւնը արեամբ եւ պատուով արձանագրեց, թէ բուռ մը ազատամարտիկներու սխրանքները ո՛չ թէ միայն հրաշքներ գործեցին, այլ նաեւ` յարգանք պարտադրեցին թշնամիին ու բարեկամին, եւ նորահաս սերունդներու փարոս հանդիսացան` աւելի ինքնավստահ եւ հպարտութեամբ յագեցած եւ արժանահաւատ կեանք մը վարելու իմաստով:

Այս օրերուն, պետական մակարդակի ներշնչող վստահութիւնը ազդու եւ դերակատար զէնքեր են այնքան, որքան զինուորական ամէն տեսակի պատրաստուածութիւն:

Աշխատինք նա՛եւ այս ուղղութեամբ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES