ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ ԻՐ ԿԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ 6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Յառաջիկայ 12-18 սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Արսէն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ, 31 օգոստոսին Երեւանի մէջ սկսած իր հաւաքը պիտի շարունակէ մինչեւ 10 սեպտեմբեր:
Երէկ, Ջուլֆալակեան մարզական լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ հաւաքականի իր կազմը պիտի հրապարակէ 6 սեպտեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

