ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ԵՒՍ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ

Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) կը շարունակուի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որուն ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի մրցումները:

Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Մովսիսեան, որ Ա. հանգրուանին յաղթեց չինացի Եու Եիֆանի, Բ. հանգրուանին եւս իր դէմ ունեցաւ կին խաղացող մը` Ժուտիթ Փոլկարը (Հունգարիա):

Առաջին մրցումին Մովսիսեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 32-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր մրցակիցին հետ:

Երկրորդին սակայն, ան պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Share this Article
CATEGORIES