ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ 72-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Երէկ, Քաջարանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի Ա. դասակարգի 72-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
8,5 կէտ ապահովելով Կարէն Գրիգորեան հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` լրացուցիչ միաւորներով գերազանցելով Հրայր Սիմոնեանը:
Մրցաշարքին մասնակցած միակ աղջիկը` Լիլիթ Մկրտչեան, գրաւեց 9-րդ դիրքը:
Լեւոն Փապուճեան եւ Գէորգ Յարութիւնեան ապահովեցին 8-ական կէտ: Սակայն Փապուճեան գրաւեց 3-րդ դիրքը` թայ-պրէյքով յաղթելէ ետք Յարութիւնեանի:
Այժմ, Գրիգորեան, Սիմոնեան եւ Փապուճեան իրաւունք ստացան իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի 72-րդ ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական


