ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԱՅԸ. ՏՈՔԹ. ԷՏՄՈՆ ԳՈՒՐԱՄԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց
Ինչ որ տուի ուրիշին
Տարօրինակ այն միայն»:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ
Սփիւռքահայ գաղութները ու յատկապէս Լիբանանը տերեւաթափի մէջ է: Ամէն օր աւելի կը զգանք իսկական մարդու բացակայութիւնը: Մարդկային արժէքներով օժտուած անձերը օրէ օր կը նօսրանան մեր իրականութեան մէջ: Դիոգինէսի լապտերով մարդ փնտռելու մարմաջը կը մնայ լոկ այդ սահմաններուն մէջ: Դժբախտութիւն է այսօր նոր սերունդին մէջ նկատուած անտարբերութիւնը մեր արժէքներուն նկատմամբ: Պատճառը փնտռելէն անդին` ախտաճանաչումը պէտք է կատարել այս երեւոյթին: Ինչպէ՞ս կարելի է երաշխաւորել մեր ազգին գոյատեւումը, երբ անձնուէր, ծառայասէր, ազգասէր անձեր կը նօսրանան մեր ազգային կեանքին մէջ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է տիպարներով, որոնք գերադասած են ազգային վեհ արժէքները` անհատական հաճոյքներէ եւ իրենց գործով անմահացած` պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ:
Այս առումով լուսարձակի տակ կ՛ուզենք առնել պոլսեցի ծնողքէ սերած, Կարապետ եւ Ալիս Գուրամաճեաններու կրտսեր զաւակը` տոքթ. Էտմոն Գուրամաճեանը, որուն կեանքը եղաւ նուիրում եւ ծառայութիւն` իր շրջանակին ու ազգին: Լիբանանի փոքրիկ Հայաստան Պուրճ Համուտի Ամանոս թաղամասին մէջ բժշկական ասպարէզին ճամբով մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերեց իր ժողովուրդին: Իր անակնկալ մահէն տարի մը ետք, տակաւին տեղացի թէ հայ ազգայիններ կը վկայեն, թէ տոքթ. Էտմոն իսկական մարդ էր բառին ամբողջական եւ վաւերական իմաստով:
Կեանքի մէջ իր ունեցած փորձառութիւնները առաւել եւս զօրացուցած էին իր մէջ անվհատ պայքարելու ոգին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Էշրեֆիէի իր բնակարանը ու ապա Զալքայի դարմանատունը մեծ վնասներ կրեցին, սակայն շնորհիւ իր աննկուն կամքին` կրկին լծուեցաւ վերանորոգութեան աշխատանքին:
Երբ յաճախակի առիթներով կ՛այցելէի իր դարմանատունը, ան կ՛ըսէր. «Փառք կու տամ Աստուծոյ իմ վիճակիս համար, ինձմէ աւելի դժուար վիճակի մէջ գտնուող անձեր կան»: Այս արտայայտութիւնը կ՛արտացոլացնէր գոհունակութեան գաղափարը, եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը մնաց անոր ջատագովը:
Մեր ազգային կեանքին մէջ` Լիբանանահայ բժշկական միութեան, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի, թէ զանազան հայկական վարժարաններու մէջ իր անշահախնդիր ծառայութեամբ եկաւ փաստելու իսկական մարդ ու տիպար հայ ըլլալու իրողութիւնը:
Վ. Թէքէեանի բանաստեղծութենէն մէջբերուած տողերը փոխ առնելով` կ՛ըսենք. «Սիրելի՛ տոքթ. Էտմոն, քու գաղափարներդ, ծառայութիւնդ, բարեսրտութիւնդ եւ մարդկային վեհ արժէքներդ մեզի մնացին որպէս աւանդ եւ յուշ»:
Քու անակնկալ բաժանումդ անմխիթար ձգեց ընտանիքդ ու հարազատներդ, սակայն այնքան ատեն որ դուն կը յիշուիս, կը նշանակէ, թէ կենդանի ու ողջ ներկայութիւն ես մեր կեանքին մէջ:
Յիշատակդ անթառամ մնայ:
Կ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ