ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ. ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԵՐԸ ԵՒ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ

Հայկական վարժարանները ունին իրենց յատուկ պարբերաթերթերը, տեղեկատուական պատկերազարդ տեղեկատուները, ուր կը կարդանք աշակերտական շարադրութիւններ, ոտանաւորներ, հայերէնի կողքին` նաեւ օտար լեզուներով գրութիւններ:

Հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը թերթատենք այս գրականութիւնը` յուսալով, որ կարելի կ՛ըլլայ նորագոյն սերունդը հետաքրքրել  հայ գրականութեամբ, ընթերցասիրութեամբ, մեր լեզուն պաշտպանելու եւ զայն մաքուր պահելու նախանձախնդրութեամբ:

Տարեվերջին, ընդհանրապէս, յաճախ տարուան ընթացքին, ոմանք ալ վերամուտին լոյս կ՛ընծայեն դպրոցին յատուկ հանդէսներ, որոնցմով կը տեղեկանանք տուեալ վարժարանին մէջ իրագործուած աշխատանքներուն:

Ունինք կարգ մը վարժարաններ, որոնք երբեմն լոյս կ՛ընծայեն իրենց յատուկ տեղեկագիրները, բայց հետեւողական չեն ներկայանար ինչ-ինչ պատճառներով: Անշուշտ նման աշխատանքներ կը կարօտին նիւթական ներդրումի եւ անձնակազմի: Եթէ անոնք բացակային, հարցը կը դժուարանայ, յարատեւութիւնը կը կաղայ: Այսուհանդերձ, մեր վարժարաններուն մեծ մասին մէջ կը շարունակուի այս օգտաշատ աւանդութիւնը: Մեր այս անդրադարձով ամփոփ տեղեկութիւններ կ՛ուզենք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

– Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը լոյս կ՛ընծայէ «Ճառագայթ»ը` երեք լեզուներով, ուշագրաւ բովանդակութեամբ:

Պատկերազարդ այս պարբերաթերթին մէջ կը տեղեկանանք վարժարանէն ներս կատարուած ձեռնարկներուն, տօնական օրերու իրադարձութիւններուն: Շնորհալի աշակերտներ կ՛արտայայտուին արձակով եւ բանաստեղծութիւններով: Հետաքրքրական են հայերէն շարադրութիւնները:

– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը լոյս կ՛ընծայէր «Ցոլք» տարեգիրքը, ուր կը կարդայինք աշակերտական ստեղծագործութիւններ, բացի հայերէնէն` նաեւ օտար լեզուներով:

– Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը լոյս կ՛ընծայէ «Մուսա Լեռ տարեգիրք»ը` դարձեալ երեք լեզուներով աշակերտական գրականութիւն: Հայերէնի կողքին, կը կարդանք արաբերէն, անգլերէն գրութիւններ, արձակ թէ բանաստեղծութիւն, նաեւ` տեղեկագրական նիւթեր:

– Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը կը հրատարակէ «Արտուտիկ»ը երեք թիւ (տարեկան) պարբերաթերթ, նկարազարդ տպագրութեամբ, դպրոցին մէջ կատարուած կրթական, դաստիարակչական, ուսումնական եւ այլ աշխատանքները ցոլացնող գրութիւններով: «Արտուտիկ»ը կը բովանդակէ հաճելի եւ ուսանելի գրութիւններ:

– Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը լոյս կ՛ընծայէ, ամսական կանոնաւոր դրութեամբ, վարժարանի պատկերազարդ Տեղեկատուն:

Հետեւողական աշխատանք եւ յատուկ անձնակազմ մը կ՛ենթադրեն նման հրատարակութիւններ: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հնարաւորութիւնը ունեցած է նիւթաբարոյական յատկացումներ ստեղծելու` դպրոցական մամուլին թափ տալու նպատակով:

– Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը ամէն տարեվերջին լոյս կ՛ընծայէ «Ջահակիր» տարեգիրքը, ուր կը կարդանք մեծ մասամբ աւարտական դասարանի աշակերտներուն շարադրութիւնները եւ իւրաքանչիւր աշակերտի նկարագրային ու խառնուածքային գիծերուն վերաբերեալ հաճելի գրութիւններ` երգիծանքով համեմուած: Նկարազարդ գիրք մըն է այս, ուր կը ցոլայ ճեմարանի մէջ ստեղծուած հայակերտումի ջանքերը, իւրայատուկ սկզբունքներով:

Ճեմարանի միջնակարգի բաժանմունքը լոյս կ՛ընծայէ նաեւ «Կանթեղ» տարեգիրքը` շնորհալի աշակերտներու շարադրութիւններով յորդուն:

Անդրադարձանք մեր տրամադրութեան տակ ունեցած պարբերական կամ տարեկան դպրոցական մամուլին` յաջողութեան մաղթանքով:

Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը կը շարունակէ լոյս ընծայել «Թռիչք» պարբերաթերթը` հայերէն եւ անգլերէն: Վարժարանին մէջ կատարուած աշխատանքները եւ ներքին կեանքին վերաբերեալ հանդիսութիւններուն արձագանգները կը կարդանք: Աշակերտները իրենց զգացումները եւ մտածումները արտայայտած են շարադրութիւններով:

Պատկերազարդ պարբերաթերթը գրաւոր վկայութիւն մըն է հայ աշակերտը դաստիարակելու, անոր փոխանցելու հայկական տօներու կարեւորութիւնը, նաեւ` մեր աւանդութիւններուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Ինչպէս հայկական մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ գործադրուած ուսումնական ծրագիրներուն կողքին, Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը եւս կը քաջալերէ շնորհալի աշակերտները` զարգացնելու իրենց զանազան շնորհները:

 

Յ. Գ.- Մեր այս անդրադարձով նկատի առած ենք «Ազդակ»ին ուղղուած դպրոցական մամուլը:

Ս. Պ.

Share this Article
CATEGORIES