ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ՆԱՄԱԿ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԸՆԿԵՐՈՋՍ
Սիրելի՛ Յակոբ,
Գրասենեակս քաշուեցայ եւ առօրեայ ծանր մտածումներէս ձերբազատած` քեզի նամակ մը գրեմ ըսի:
Գիտե՞ս` այս տարին Արամ Ա. կաթողիկոս «Հայ երիտասարդութեան տարի» հռչակեց` նկատի ունենալով հայ երիտասարդին արձանագրած բարոյական անկումն ու հոգեմտաւոր արժէքներու ահաւոր նահանջը: Թերեւս դուն ալ անոնց կարգին դասուիս, որովհետեւ երբ հայրենիքէդ եւ եկեղեցիէդ հեռու մնաս, աւելի կը հրապուրուիս օտարին հմայի՜չ «արժէք»ներով:
Ահաւասիկ թարմ յիշատակներ կը գծագրուին յիշողութեանս պաստառին վրայ, երբ տակաւին պարզ դպրոցականներ էինք եւ առիթով մը կը զբօսնէինք վարժարանին բակին մէջ եւ ինծի ըսիր. «Դպրոցը աւարտելէն ետք Փարիզ պիտի երթամ ուսանելու եւ կեանքս վայելելու, կ՛ուզե՞ս ինծի ընկերանալ»: Այդ օր չկարենալով պատասխանել` փորձեցի խուսափիլ անլուծելի թնճուկէն: Սակայն այսօր, քիչ մը աւելի չափահաս դարձած, պիտի փորձեմ գոհացում տալ այդ հարցումիդ:
Սիրելի՛ բարեկամս, կեանքը հաճոյքի կամ վայելքի մէջ չի՛ կայանար, այլ հաճոյքը, կեանքի՛ն մէջ է: Ընտրէ այն հաճոյքը, որ ցաւագին հետեւանքներ չունի, որպէսզի երջանկութեանդ փարոսը կառուցես: Չվարանիս խուսափիլ այն հաճոյքէն, որ կրնայ քեզ այլ հաճոյքէ զրկել եւ նոյնիսկ ի վիճակի է վերջ տալու մատղաշ կեանքիդ:
Անգին ընկերս, դուն կը գտնուիս այնպիսի քաղաք մը, ուր առողջ գազաններ, գառնուկի մորթ հագած, կը մօտենան պղծելու ազնիւ նկարագիրդ, սուրբ արիւնդ, վսեմ ու վեհանձն հոգիդ, ինչպէս նաեւ` առողջ միտքդ: Չկարծես, թէ Եւրոպա ուսանելով` գլխագիր Մարդ պիտի դառնաս, ընդհակառակն, քու անդուլ պայքարդ թող ըլլայ հայ մնալու ճիգդ, որպէսզի կարենաս կերտել հայու մաքրամաքուր նկարագիրդ: Թոյլ մի՛ տար, որ օտար բարքեր խորտակեն ազնիւ հոգիդ: Դուն օտարներու ովկիանոսին մէջ կաթիլ մը մեղր ես, ուր արտասովոր էակներ կը յանդգնին շահագործել համեստութիւնդ, կը ջանան կողոպտել սիրտիդ խորերը ցանուած ազգաշունչ սերմերը, որոնք դարաւոր պատմութիւն կը պարփակեն իրենց մէջ: Միայն գիտութիւնը չէ, որ քեզ մարդ կը դարձնէ, այլ նաեւ` բիւրեղ նկարագիրը, ազգային դարաւոր աւանդութիւններու սէրը եւ քրիստոնէավայել ազնիւ կենցաղը: Այսինքն` արմատներուդ հաւատարմութի՛ւնը: Որեւէ ծայրայեղութիւններու դիմաց չտկարանաս, որպէսզի գտնես հոգեկան երջանկութիւնդ: Օտարներուն անհիմն հաւատալիքներուն հետեւելով` մի՛ ուրանար սուրբ կրօնդ, զոր մեր նախնիք արիւնով պաշտպանեցին: Աւա՜ղ մեր նահատակներուն թափած արեան, եթէ երիտասարդութիւնը փոխանակ Աստուծոյ գալու, իր կեանքի ուղին շեղէ դէպի անբարոյութիւն, մոլութիւն եւ տեսակ-տեսակ ախտեր, որոնք կը բորբոսեն մեր սուրբ նշխարը եւ կը խաթարեն մեր անապակ գինին:
Հաճոյքին ընկերակից է վիշտն ալ, ընկերս: Երբեւիցէ չմտածես, թէ եկեղեցին քեզ կը զրկէ առօրեայ վայելքներէդ, ընդհակառակն, ան է, որ քեզի կը սորվեցնէ իմանալ հաճոյքին դրական ու ժխտական կողմերը:
Հապա՞ հայրենիքդ, որուն համար քանի՜ անձնուրաց հերոսներ անմահացան իրենց արեան հեղումով: Կամ` մայր լեզուդ, որուն անմար կանթեղը հանդիսացան հարիւրաւոր մատենագիրներ: Կեանքիդ մէջ ո՛ւր որ ալ ըլլաս, մայր լեզուդ չմոռնաս: Առաջնահերթութիւնը միշտ մայր լեզուիդ տուր եւ ապա` օտար լեզուին: Մեր դարաւոր պատմութիւնը քեզի համար պայքարի դասագիրք թող ըլլայ, գիտակից սփիւռքահա՛յ երիտասարդ:
Գիտեմ, որ իբրեւ հարազատ եղբայրդ, դժուար բան կը պահանջեմ քեզմէ: Բայց ե՞րբ դիւրին եղած է հայուն, մանաւա՛նդ հայ երիտասարդին կեանքը: Մարդ ըլլալը` դժուար բան է, բայց հա՛յ երիտասարդ ըլլալը կրկնակիօրէն դժուար, որովհետեւ մեզմէ կը պահանջէ հեռանալ արտաքնապէս հրապուրիչ թուող խաբուսիկ միջավայրէն եւ մեր կեանքով գծել մեր ընտրած ուղին:
Բայց, իբրեւ քու վրադ իր աչքին լոյսին չափ գուրգուրացող եղբայրդ, թոյլ տուր որ այս անհրապոյր բառերովս ըլլամ թարգմանը լաւին, խրախուսողը` ճշմարիտին եւ պաշտպանը` հայկական արժէքներուն: Աստուծոյ, Հայաստանին, մեր սքանչելի լեզուին եւ հայկական անփոխարինելի արժէքներուն տեղ ինչպէ՞ս, ի՞նչ խիղճով գովեմ սուտը, փառաբանեմ կեղծիքը եւ քաջալերեմ կեղծ ու կործանարար խորթ բարքերը:
Կը փափաքիմ, որ կեանքիդ մէջ տզրուկ չըլլաս եւ օտարէն եկած փառքերով երբեք չգինովնաս. որովհետեւ, սուտն ու խորթը երկսայրի են միշտ, իսկ ճշմարիտը, հարազատը` աղբիւր յաւերժական կեանքի եւ գոյութենական գերագոյն նպատակ:
Փակելով նամակս` կը մաղթեմ, որ հաւատաւոր հայ երիտասարդի արիւնդ ըլլայ կեանքիդ կողմնացոյցը, հաւատարմութիւնը` անպարտելի սուրդ եւ նուիրումը` օրերուդ թեւերը, որպէսզի իբրեւ արծիւ միշտ սլանաս կապոյտ բարձունքներն ի վեր, զօրանաս հայկական գագաթներու կապոյտով եւ կեանքդ վերածես յարատեւ ու սխրալի պատարագի:
Անկեղծ բարեկամդ`
ԱՐԱՄ ՀԱՐԱԶԱՏԵԱՆ
[Սամուէլ սրկ. Լախոյեան,
(Դ. Ընծայարան)