ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՄԻ ՃԱՌԱԳԱՅԹ

Հեռաւոր աստղէ ինկած եմ աշխարհ,
Ուրտեղ կը տիրէ թանձրախիտ խաւար.
Համատարած ողբ` խաւարին  մէջէն,
Մինչ առնէտները խնճոյք կը սարքեն,
Անիմաստ խաւար` նաւթով սեւացած,
Իմաստութիւնը մահաքուն մտած,
Գուցէ զարթնելու ան կայծի կարօտ`
Կ՛ուզեմ խթանել իմ լոյսով աղօտ:
Չորցա՜ծ ուղեղներ, քարացա՜ծ գանկեր,
Անհնարին է ներսը թափանցել.
Ես կը զարնուիմ ինչպէս քարէ քար,
Յոգնած ու մաշած, յուսահատ, անճար,
Հարկ կը զգամ փախչիլ, երթալ, միանալ,
Տիեզերքի իմ աստղին լուսափայլ.
Սակայն կը հանգչիմ երկրէն դուրս չեկած
Մթնոլորտի մէջ սեւ, ապականած:
Այս մոլորակին` փարատել խաւարն
Անբաւարար են ճառագայթ հազար,
Մինչեւ չհատնի քարիւղի պաշարն:

————-

– Ո՛չ, մաղթելի չէ հասնինք այդ օրուան`
Վերջին տակառին ամենակործան.
Զիրար բզկտող մարդիկ սովահա՜ր,
Քարուքանդ եղած ամայի աշխա՜րհ…
Ուստի փրկութեան ունինք միակ ճար`
Հրաժարիլ նաւթէն աստիճանաբար.
Թող այդ հրէշը նիրհէ հողին տակ,
Բաւ է դուրս բերինք այսքան ժամանակ:

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES