ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՌԵՀԱՆԸ (ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ)
Բնութեան հիանալի եւ զարմանահրաշ խորհուրդին մաս կը կազմեն` բոյսերը, ծաղիկները, ծառերը, թուփերը, նոյնիսկ` տատասկները: Դալար տերեւ կամ ոստ ըլլան անոնք թէ ծաղկած թուփ, ծաղիկներով ծիծղուն, կամ նոյնիսկ աննշան խոտ, պուրակներու կամ ծմակներու շուրջը, իրենց գունագեղ, պճլտուն ներկայութեամբ կը հրապուրեն մարդը` զայն պահ մը կեդրոնացնելով հրաշագեղ խորհուրդին անիմանալի զօրութեան վրայ:
Լեռնային, դաշտային, վայրի կամ ընտանի բոյսերու, ծաղիկներու աշխարհին մէջ դեգերելու կարելիութիւնը տրուած է բուսաբաններու: Նախախնամութեան հրաշալիքներուն վրայ հիացող մարդը կը հաճոյանայ միայն ի տես քաղցրաբոյր ճշմարտութեան` իր աչքերն ու հոգին յանձնելով գեղեցիկին, պարզութեան, գոյներու եւ երանգներու խաղերով ստեղծուած խնճոյքին, արբենալով թովիչ մթնոլորտէն:
Նման տեսարաններու դիմաց սքանչացած են անկասկած, աշխարհի բոլոր բանաստեղծներու, գեղանկարիչներու, արուեստագէտներու կարգին, նաեւ մեր սիրելի Միսաք Մեծարենցը, որ մրմունջով մը արտայայտած է իր զարմանքը` ի տես վայրի ծաղիկի մը քնքշութեան.
«Վայրի ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է.
Ըսէ` մասուր ու կանաչ է.
Ցանկապատին շուքին նստած,
Վայրի ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է»:
Սիրոյ, բարեկամութեան, ազնիւ վերաբերումի խորհրդանիշն են ծաղիկները, դալար բոյսերը, որոնցմով կ՛ուզենք զարդարել` մեր շրջապատը, բնակարանը, գրասենեակը, գործատեղին, ակնահաճոյ մթնոլորտ ստեղծելու համար մեր շուրջը:
***
Ընտանի բոյսերու դասակարգին մէջ ամէնէն «համեստը» կը նկատուի ռեհանը` քաղցրաբոյր բոյս մը, արագ աճող, տոկուն, երկարատեւ ներկայութիւն պահպանող: Առաւելաբար պատշգամի յատուկ, թաղարներու մէջ աճող այս բոյսը արժանացած է յատուկ ուշադրութեանը ժողովրդական լայն շրջանակներու: Կը պատկանի անանուխի «տոհմաճիւղին», որ ունի նաեւ բուժիչ յատկութիւն` կարգ մը ցաւերու պարագային:
Ռեհանը անցած է մեր գրականութեան` շնորհիւ Գրիգոր Զոհրապի մէկ սիրուն եւ սրտամօտ պատմուածքին:
Ռեհանը մեծարուած է նոյնպէս Հայաստանեայց եկեղեցիին կողմէ` իբրեւ օրհնաբեր, բուրումնաւէտ բոյս, մասնաւորաբար Խաչվերացի տօնին, որ կը զուգադիպի սեպտեմբեր ամսուան 14-ի մօտիկ կիրակիին: Մեր եկեղեցին ռեհան կ՛օրհնէ Խաչվերացի սուրբ պատարագի ընթացքին, եւ յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց` օրհնուած ռեհանը կը բաշխէ (փոքր ճիւղերով) հաւատացեալ ժողովուրդին` իբրեւ խաչի կենարար օրհնութիւն:
Չենք ուզեր մտնել մանրամասնութեան մէջ` եկեղեցական-ծիսական երեսը բացատրելու, թէ ինչո՛ւ դիմուած է ռեհանի բոյրին, այլ կը մատնանշենք միայն, Խաչվերացի տօնին առիթով, դալար, ազնիւ, բուրումնաւէտ բոյսերու ներգործութիւնը մարդ արարածին կեանքին մէջ` զայն առաջնորդելով դէպի աստուածային խորհուրդները, բնութեան հետ հաշտ ապրելու զգացումը մշակելով:
Այս ըսելով` կը մտաբերենք նոյնպէս ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ կոչուած այն ուժը, որ ազգի մը պահպանման խթանն է, անոր մէջքի գօտին, ինքզինք ամուր եւ զօրաւոր զգալու անփոխարինելի գործօնը:
Յիշեցինք ռեհանը, այս պարզուկ բայց բուրումնաւէտ բոյսը, յիշեցնելու համար աշխարհիկ ամէն տեսակ հրապոյրներու թակարդին մէջ ինկած մեր հայրենակիցներուն, թէ պահիկ մը մեր աչքերը սեւեռենք դարերու աւանդութիւններէն եւ հաւատալիքներէն մեզի փոխանցուած իւրայատուկ ապրումներուն, ցեղային գոյներուն, որպէսզի կարենանք պահպանել մեր ինքնութիւնը իբրեւ հայ` մարդկութեան մէջը:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

