ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ` ԱՌԱՆՑ ԲՌՆԱՊԵՏԵՐՈՒ

Ամիս մը առաջ ճաշարանի մը մէջ նստած էի Սրտճա Փոփովիչի հետ, որ ժողովրդավարական շարժումի գործիչ է եւ ղեկավարը այն յեղափոխութեան, որ 2002 թուականին Սլոպոտան Միլոշեւիչի վարչակարգը տապալեց: Մենք հանդիպեցանք քննարկելու համար Միջին Արեւելքի շուրջը ցայտող յեղափոխութիւնները:

«Այս տարին գէշ էր «վատ մարդոց» համար», ըսաւ Փոփովիչ: Ան աւելցուց. «2010-ի վերջաւորութեան ոչ ոք հաւանաբար կանխատեսած էր, որ վեց ամիս ետք Պեն Ալի եւ Մուպարաք դուրս պիտի մնան, Քազզաֆի եւ Սալեհ ծունկի պիտի գան եւ  Ասատի դէմ լուրջ ասպարէզ պիտի կարդացուի: Եթէ դուն ատիկա քու բիւրեղեայ գունդին մէջ տեսած ըլլայիր եւ ապա` ժողովուրդին պատմած, սպիտակազգեստ մարդիկ կրնային գալ քեզ յիմարանոց տանելու համար»:

Օգոստոսի վերջին շաբթուան ընթացքին բռնապետերու ակումբը այլ անդամ մը կորսնցուց: Երբ լիպիացի ըմբոստները Թրիփոլիի մէջ խուժեցին Մուամմար Քազզաֆիի համալիրը եւ նստավայրը, այդ պահուն Քազզաֆի, որ արտառոց, սնդիկային արաբ բռնակալ կը նկատուէր, վերածուեցաւ արդարութենէն հետապնդուածի մը:

Լիպիա ամէնէն նոր կտորը, մասնիկն է Արաբական գարնան ճիկսօ փազըլին, որ երբ կապուեցաւ Թունուզի եւ Եգիպտոսի, ամբողջ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ստեղծեց բռնապետերէ ազատ, զերծ գօտի մը:

Բայց այդ շարժումը ինչո՞ւ պիտի աւարտի Հիւսիսային Ափրիկէով, կամ նոյնիսկ` Միջին Արեւելքով: Փաստը, իրողութիւնը այն է, որ աշխարհը առանց բռնապետերու այլեւս զուարճալի կատակ կրնայ չըլլալ: Այո՛, բռնապետ ըլլալը երբեք այսքան դժուար չէ եղած, որքան այսօր:

Արեւմտեան մասնագէտներու եւ հասարակական գործիչներու բանակ մը այժմ պատրաստ է լոյս սփռելու, լուսարձակի տակ առնելու ամբողջ աշխարհի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներն ու մեծաքանակ փտածութիւնը: Եթէ դուք վայրագ ցրւում, ճզմում հրահանգէք, դուք գիտէք, որ ատիկա հաւանաբար պիտի արձանագրուի Այֆոնի վրայ եւ նոյն պահուն սփռուի ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ամբողջատիրութիւնը` վերջնական, առաւելագոյն արտայայտութիւնը բռնատիրութեան, գործնականին մէջ բնաջնջուած է: Ատիկա պարզապէս մեր օրերուն շատ սուղ դարձած է:

Ժոզեֆ ստալինները, փոլ փոթերը եւ իտի ամինները որոշակիօրէն բռնապետութեան 20-րդ դարու տարբերակին կը պատկանին: Ոչ ոք կ՛ուզէ Հիւսիսային Քորէա կամ Պուրմա ըլլալ: Ոստիկանական պետութիւնները անցեալ են:

Սպիտակ զգեստաւորներէն մենք թերեւս ի վերջոյ պէտք չէ վախնանք:

Պատկերացուցէք պահ մը բարիքները, օգուտները` բռնապետէ զերծ աշխարհի մը: Այլեւս չեն ըլլար խորամանկ, խաբեբայ վարչակարգեր, որոնք ահաբեկչութիւնը կը հովանաւորեն կամ ապաստան կու տան զանգուածային սպանութիւններ գործողներուն: Հիւսիսային Քորէայի մէջ այլեւս սով չ՛ըլլար: Մարդասիրական բարիքները հսկայական կ՛ըլլան:

Երբ վերջին բռնապետը տապալի, երեւակայեցէք ստեղծագործական հոսքը, որ պիտի գայ միլիոնաւոր մարդոցմէ, որոնց միայն ծանօթ են` վախը, սարսափը, ճնշամիջոցը եւ ամէնէն լաւ միջոցները` ատոր դիմանալու, գոյատեւելու համար:

Մենք կրնանք բռնատիրութեան համար թանգարան մը կառուցել, թերեւս` Ռանկունի մէջ, ուր մենք կրնանք տեսնել, դիտել անոնց դիմանկարները, յիշել անոնց ոճիրները եւ զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ (անոնք գրեթէ բոլորն ալ մարդ են) կրնան այնքան դաժան ըլլալ այսքան շատ անձերու հանդէպ:

Միայն մէկ խնդիր. ամէնէն անգութ բռնատիրութիւններու աւարտը անպայման չի նշանակեր աւելի ազատ աշխարհի մը յառաջացում: Մեր արհամարհածին ոչնչացումը ծնունդ չի տար մեր ակնկալած ժողովրդավարութեան:

Ըստ մարդկային իրաւանց պաշտպան «Ֆրիտըմ հաուս» կազմակերպութեան, հինգերորդ յաջորդական տարին ըլլալով` քաղաքական ազատութիւնը նուազած է ամբողջ աշխարհի մէջ (ամէնէն երկարատեւ անընդմէջ անկումը` 1973-էն ի վեր):

Աւելի՛ն. լիարժէք, ամբողջական ընտրական ժողովրդավարութիւններու թիւը 1995 թուականէն ի վեր ամէնէն ցածը եղած է:

Փոխարէնը` մենք կը տեսնենք բարձրացումը, յայտնուիլը ընտրական հզօր գործիչներու, ինչպիսիք են` Վլատիմիր Փութինը եւ Հիւկօ Չաւեզը, որոնք երկար տարածութիւններ կը կտրեն պահպանելու համար ժողովրդավարական երես մը, ճակատ մը, որպէսզի քողարկեն ժողովրդավարութիւնը, իշխանութիւնը իրենց ձեռքը կեդրոնացնելու փաստը:

Ռուսիոյ ետնաբակը խառնշտկուած է բռնատիրական վարչակարգերով (Ազրպէյճան, Պիելոռուսիա եւ Ուզպեքիստան, քանի մը հատը թուելու համար), որոնց ղեկավարները կը թուի, թէ իրենց դիրքերը, պաշտօնները ցկեանս նշանակումներ կը նկատեն:

Չինաստան բարեբախտաբար Մաօ Ցէ Թունկի նմանող կերպարով այլեւս չի կառավարուիր, բայց որոշ ձեւերով իր տնտեսական յաջողութիւնը զինք կը դարձնէ աւելի ստոր, իսկ ուժեղ մարդիկն ու բռնապետ ըլլալիքները Չինաստանին կը նային իբրեւ ապաժողովրդավարական ուժի փարոսի:

Ասիոյ մէջ ոմանք աւելի մեղմ կրնան ըլլալ (Մալեզիա, Թայլանտ, Սինկափուր), բայց անոնք ճեֆըրսընեան ժողովրդավարութեան սիւներէն չեն:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՏՈՊՍԸՆ

«Ուաշինկթըն Փոսթ»

Share this Article
CATEGORIES