ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐԱՀԱՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԲԺԻՇԿ ՄԸ ՅՂԱՑԱԾ Է ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ. ԱՆ ԻՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԵԼԱԴՐԱԾ Է ՇՐՋԵԼ ՈՐՈՇ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ` ԶԱՆՈՆՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՎ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԵՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԻ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆՈՐ ՁԵՒՈՎ «ԿԱՐԴԱԼՈՒ» ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ԱՆՈՆՑ ՄԷՋ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԱԾ Է ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՍԻՖԻԼԻՍԻ ԵՒ ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ ԱՅԼ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐ: ԹԵՐԵՒՍ ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆՆԵՐ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ՉԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԷԻՆ` Ի ՏԵՍ ԻՐԵՆՑ «ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ» ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ…

«Յաւերժահարսի մը վրայ սգացող այծամարդ» Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին մէջ. գործ` Փիեռօ տի Քոսիմոյի (իրագործուած` շուրջ 1495-ին):

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին Սէյնզպըրի բաժանմունքին թիւ 58 սրահին մէջ կը ցուցադրուի 15-րդ դարու իտալացի արուեստագէտ Փիեռօ տի Քոսիմոյի մէկ գեղանկարը, որ կը պատկերէ մէկ կողմի վրայ պառկած կին մը: Անոր դիմաց կը ցուցադրուի Պոթիչելլիի «Վենիւս եւ Հրատ» գեղանկարը: Այս երկրորդ գործը այցելուները ներգրաւող յատկանշական գրաւչութիւն մը ունի: Սակայն անոնք, որոնք հապճեպով կ՛անցնին Քոսիմոյի պաստառին առջեւէն, կը կորսնցնեն վայելքը այն հաճոյքին, զոր կը ստեղծէ այս առեղծուածային գործը, ոչ միայն իր երկդիմի բովանդակութեամբ, այլ նաեւ` այն անսպասելի ձեւով, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս արուեստը կարելի է դարձնել գիտական մանրազնին քննութեան առարկայ:

Գեղանկարը կը պատկերէ կիսամերկ երիտասարդ կին մը, որ պառկած է գետինը, մինչ այծամարդ մը ծունկի եկած է անոր անշնչացած մարմնին քով: Պատկերասրահին ուղեցոյց գիրքին համաձայն, «Յաւերժահարսի մը վրայ սգացող այծամարդ» վերնագիրով այս գեղանկարը կը պատկերէ Աթէնքի թագաւորին աղջկան` Պրոկրիսի մահը. ան դիպուածով սպաննուած էր իր ամուսինին` Կեփալոսի կողմէ, եղնիկ որսալու ժամանակ: Եթէ «Կուկըլ»ի մէջ փնտռենք «տեթ աֆ Փրոքրիս» բառերը, անիկա մեր դիմաց կը թափէ Քոսիմոյի գեղանկարին անհամար տարբերակները:

Սակայն Բրիտանիոյ մէջ քաղցկեղի առաջնակարգ մասնագէտներէն Մայքըլ Պաում, որ նաեւ արուեստի խանդավառ քննադատ մըն է, հետաքրքրուած չէ «Կուկըլ»ի յայտնաբերումներով: «Ասիկա պատկերումը չէ արկածի պատճառով պատահած այն մահուան, որուն մասին գրած է Օվիտիոս,- կ՛ըսէ ան:- Ասիկա գեղանկար մըն է, որ կը պատմէ ոճիրի մը մասին, շատ նենգ ոճիրի մը մասին»:

Պաումի մեկնաբանութիւնը հիմնուած է գեղարուեստական եւ բժշկագիտական հետաքննութեանց վրայ, զորս մասնագէտը կը կատարէ երկու տասնամեակէ ի վեր: Ամէն տարի ան կը կազմակերպէ գեղարուեստական շրջագայութիւն մը բժշկագիտութեան իր ուսանողներուն հետ` զանոնք առաջնորդելով Ազգային պատկերասրահին մէկ սրահէն միւսը, որպէսզի անոնց ցոյց տայ, թէ ինչպէ՛ս բժշկագիտական եւ գիտական տուեալներ կրնան նոր հայեցակէտ մը զարգացնել դասական գեղանկարներու նկատմամբ, նաեւ` ապացուցելու, թէ ինչպէ՛ս արուեստը կրնայ ներհայեցողութեան նոր միջոցներ շնորհել երիտասարդ բժիշկներու:

«Մեր ուսանողներուն կողմէ տասնեակներով ուսումնասիրութիւններ գրուած են եւ հրատարակուած` յարգարժան թերթերու մէջ: Անոնց նիւթերը կ՛ընդգրկեն սիֆիլիսէ մինչեւ գանկը պատուհասող Փաժէի հիւանդութիւնը: Անոնք արդիւնք են պատկերասրահին մէջ անոնց կատարած դիտարկութիւններուն,- կը բացատրէ Պաում:- Ասիկա բժշկութիւն սորվելու եւ արուեստը գնահատելու բացառիկ միջոց մըն է»:

Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընի մէջ բժշկագիտական մարդասիրական գիտութիւններու այցելու դասախօս` Պաում այժմ կ՛ընդարձակէ իր ունկնդիրներուն ծիրը: Պրատֆորտի մէջ Բրիտանական գիտութեան փառատօնին առիթով ան պիտի տայ դասախօսութիւն մը` «Փիքչըր աֆ հելթ. տի արթ աֆ մետիսըն» (Առողջութեան պատկեր. բժշկագիտութեան արուեստը) նիւթով, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ արուեստի կարեւորութիւնը բժշկագիտական կիրարկումներու մէջ, նաեւ` հակառակը, եւ որուն հիմքը պիտի կազմեն Ազգային պատկերասրահին մէջ անոր  կատարած գիտական շրջագայութիւնները, ներառեալ` Քոսիմոյի գեղանկարին անոր ուսումնասիրութիւնները:

«Յաւերժահարսի մը վրայ սգացող այծամարդ» գեղանկարը, թանգարանին պաշտօնական ուղեցոյց գիրքին համաձայն, կը պատկերէ կին մը, որ սպաննուած է` յայտնապէս դիպուածով ստանալէ ետք նետի հարուած մը,- կը բացատրէ Պաում:- Ասիկա կը համապատասխանէ Պրոկրիսի եւ Կեփալոսի պատմութեան: Այսուհանդերձ, գեղանկարին մէջ բազմաթիւ երեւոյթներ ցոյց կու տան, թէ այս մեկնաբանութիւնը սխալ է»:

«Օրինակ, նայեցէք կնոջ ձեռքերուն. երկուքն ալ ծածկուած են խորունկ վէրքերով: Միայն մէկ ձեւով ան կրնայ ստացած ըլլալ այս վէրքերը. փորձելով պայքարիլ իր վրայ յարձակում գործած անձի մը դէմ, որ խելագար մոլուցքով կնոջ ձեռքերուն վրայ իջեցուցած կնոջ դաշոյնի կամ սուրի հարուածներ: Վստահաբար անկարելի է, որ նետ մը պատճառած ըլլայ այս վէրքերը», կ՛աւելցնէ ան:

Կան նաեւ այլ հետքեր, կ՛աւելցնէ Պաում: Կնոջ ձախ ձեռքը ծալուած է ետեւ, այնպիսի ձեւով, զոր վիրաբուժներ կը նկարագրեն իբրեւ «սպասեակի մը ստացած նուէրը». ասիկա կը պատահի, երբ մէկը կը կրէ շատ լուրջ վնասուածքներ` վիզին 3-րդ եւ 4-րդ օղակներուն վրայ: Այս կէտերուն վրայ որեւէ ծանր հարուած կը փճացնէ ջիղերը` պատճառ դառնալով, որ դաստակը ծռի եւ մատները դառնան դէպի վեր, այնպէս` կարծէք սպասեակ մը կը պատրաստուի ձեռքը ետեւ դարձնելով դրամական նուէր մը ստանալու:

«Կնոջ կոկորդին մէջ բացուած վէրքը եւս կը համապատասխանէ այն գաղափարին, թէ անոր վզին ոսկորը շատ գէշ վնասուած է 3-րդ եւ 4-րդ օղակներուն միջեւ: Հետեւաբար մեր դիմաց ունինք նկարը կնոջ մը, որուն վիզը կտրուած է, երբ ան մեծ ճիգով կը փորձէր ինքզինք պաշտպանել իր վրայ դանակով յարձակած ոճրագործին դէմ: Ասիկա վիպերգական ողբերգութեան մը հետեւանքը չէ: Ասիկա հետեւանք է վայրագ ոճիրի»:

Հետաքրքրականը այն է, թէ Քոսիմօ հաւանաբար իրապէ՛ս կը պատկերէր Պրոկրիսի մահը, կ՛աւելցնէ Պաում: Թերեւս գեղանկարիչը պարզապէս զոհն էր իր սեփական սուր դիտարկութեան զօրութեան: «Թերեւս ան նոյնիսկ գացած էր դիարան եւ խնդրած էր արտօնութիւն` նկարելու կնոջ մը անշնչացած մարմինը, սակայն իրեն տրամադրուած էր դաշոյնով սպաննուած կնոջ մը մարմինը, հետեւաբար ան հաւատարմօրէն պաստառին վրայ վերարտադրած էր իր տեսածը: Միայն թէ ասիկա չի յարմարիր արդի ժամանակներու մեր այն պատկերացումին, թէ ի՛նչ պէտք էր պատահէր կնոջ մը, որ դիպուածով կը սպաննուէր նետի մը հարուածով», կ՛ըսէ Պաում:

Այս ձեւով բժշկագիտութիւն ուսուցանելու գաղտնիքը այն է, թէ անիկա կ՛ընդարձակէ ուսանողներուն հայեցակէտը` իրենց ուսանած նիւթին նկատմամբ: «Արուեստներն ու բժշկագիտութիւնը ունին զուգահեռ պատմութիւններ. օրինակ, վիրահատութիւններու ճշգրիտ գծագրութիւններ կենսական էին մարդակազմութեան ուսուցման համար, իսկ արուեստով դարմանումի ձեւը հիւանդներուն շնորհած է զգացական փրկութիւն: Այժմ, երբ կը նայինք վարժ աչքերով, մեզի համար յստակ է, թէ այս արուեստագէտները ունէին բժշկագիտական գիտելիքներու նկատառելի պաշար մը եւ յաճախ զայն կ՛օգտագործէին նկատառելի նրբութեամբ», կ՛ըսէ Պաում:

Օրինակ մըն է Անիոլօ Պրոնզինոյի հրաշալի մէկ գործը` «Այլաբանութիւն մը` Վենիւսի եւ Կուպիտոնի հետ», որ կը ցուցադրուի Ազգային պատկերասրահին թիւ 8 սրահին մէջ: Շուրջ 1545-ին իրագործուած այս գեղանկարը կը նկատուի Պրոնզինոյի գլուխ գործոցը, հարուստ` դասական խորհրդապաշտութեամբ: Հաւանաբար Մետիչի իշխանը զայն ապսպրած էր եւ ուղարկած` Ֆրանսայի Ֆրանսիս Ա. թագաւորին իբրեւ նուէր: Անիկա կը նկատուէր ցանկայարոյց գործ մը, որ նպատակաուղղուած էր առանձնութեան մէջ վայելք պարգեւելու: «Թերեւս գեղանկարը ապսպրուած էր գրգռելու նպատակով,- կը բացատրէ Պաում:- Սակայն անիկա կը պատկերէ շատ տարբեր բան մը. ձեւով մը ամէնէն արագ միջոցով կը զգուշացնէ սիֆիլիսի վտանգներէն»:

«Այլաբանութիւն մը` Վենիւսի եւ Կուպիտոնի հետ» գեղանկարին ետին թաքնուած խորհրդապաշտութեան յայտնաբերումին հեղինակն է Պաումի ուսանողներէն` Քրիսթաֆըր Քուք: Այս մասին ուսումնասիրութիւն մը հրատարակուած է «Ճըռնըլ աֆ տը Ռոյըլ Սոսայըթի աֆ Մետիսըն» թերթին մէջ: ««Այլաբանութեան» յղացումէն 50 տարի առաջ Եւրոպայի մէջ սկսած էր տարածուիլ նոր հիւանդութիւն մը` սիֆիլիսը,- կը գրէ Քուք իր ուսումնասիրութեան մէջ:- «Այլաբանութեան» դասական դիցաբանութեան եւ ոճաւորուած պատկերումին ետին կը գտնուի Պրոնզինոյի առողջապահական պատգամը. ոչ առաքինի սիրոյ կ՛ընկերակցին ոչ միայն ուրախութիւնն ու հաճոյքը, այլ նաեւ`  տառապալից հետեւանքներ»:

Պէտք է նշել, թէ  այս պատգամը կորսուած է տարիներու ընթացքին: Թանգարանին մէջ ուղեցոյցներ մեծ մասամբ գեղանկարը կը նկարագրեն իբրեւ ցանկայարոյց, բայց` առեղծուածային, ինչ որ հաւանաբար զարմանալի չէ` նկատի ունենալով Պրոնզինոյի կիրարկած խորհրդապաշտութեան ետին գտնուող մթութիւնը: Պաումի եւ անոր ուսանողներուն կողմէ կատարուած վերլուծումը պարզապէս կը ծառայէ յաւելեալ կշիռ տալու նման գործեր բժշկագիտական հայեցակէտով դիտելու կարեւորութեան:

Ազգային պատկերասրահին մէջ Պաումի շրջագայութեան միջոցին կատարուած այլ ախտաճանաչումներու շարքին են Մեսիսի «Տարեց կին մը» կամ «Տգեղ հոլանտուհին» գեղանկարը, որուն տարօրինակ երեւոյթը գիտական նոր վերլուծումի ենթարկուած է` որոշ չափով Լէոնարտօ տա Վինչիի օգնութեամբ: Այլ գեղանկար մըն է 63 տարեկան Ռամպրանթի մէկ ինքնանկարը, որուն այտերուն վրայ ցցուն կարմիր կէտերը եւ աջ աչքին տակ արեան ուռած մազերակները ցոյց կու տան, թէ գեղանկարիչը կը տառապէր դէմքին բջիջները մշտապէս կարմրացնող հիւանդութենէ մը: Իսկ Տերպի ծնած Ճոզըֆ Ռայթի «Փորձարկութիւն` թռչունի վրայ օդամղիչ գործիքով» գեղանկարը կը պատկերէ կազմախօսական ճիշդ փորձարկութեան առաջին ծաղկումը:

Եւ ի վերջոյ ուսումնասիրութիւնը կը կեդրոնանայ Հոլպայնի «Դեսպանները» գեղանկարին վրայ. 16-րդ դարու ազնուական խաւի 2 տղամարդոց հզօր եւ երկդիմի մէկ պատկերումը, որ իւրայատուկ է` աղաւաղուած հեռանկարի կիրարկումով, ինչ որ կ՛օգնէ բացատրելու անոր մէջ թաքուն պահուած պատգամը: Այս պարագային, պաստառին վարի մասին մէջ պատկերուած արատ մը իրականութեան մէջ մարդկային գանկ մըն է, ինչպէս կը տեսնենք, երբ զայն կը դիտենք պաստառին վարի աջ անկիւնէն:

«Իրօք, Հոլպայն մարդիկ կը հրաւիրէր եւ անոնց կը թելադրէր, որ նման դիրքով կանգնէին: Այս դիտանկիւնէն արդէն կը սկսի աւելի յստականալ գեղանկարին պատգամը, թէեւ բաւական վերլուծում պէտք է կատարել` ի յայտ բերելու համար, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ հոն: Եւ այսպէս, ի յայտ կու գայ, թէ գանկը ծածուկ ազդանշան մըն էր Հենրի Ը. թագաւորին, որուն պալատը ուղարկուած էին պատկերուած ազնուականները: Անոնք թագաւորը կը զգուշացնէին երկնային այն դատապարտումէն, զոր ան պիտի դիմագրաւէր, եթէ հեռանար կաթոլիկ եկեղեցիէն:

«Այսուհանդերձ, այս գեղանկարը բժշկագիտութեան ուսանողներու ցոյց տալու գլխաւոր պատճառը լաւ դիտարկութեան մը կարեւորութիւնը շեշտելն է, ինչպէս նաեւ` որեւէ ժամանակ բանալի հետք մը գտնելու կարելիութիւնը ընդունիլը: Հիւանդութեան մը ախտանշանները յաճախ շփոթի կը մատնեն մեզ: Կենսական է նոթագրել ամէն ինչ, որ կը ներկայացուի: Հոլպայն դաս մը տուած է բոլորիս», կ՛ըսէ Պաում:

Պաումի աչքերով դիտուած` ամբողջ Ազգային պատկերասրահը կը նմանի բժիշկի մը ընդունարանին: Հոն կը տեսնենք Մոնէի գեղանկարները, որոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի մթագնած են, մինչեւ որ անոր աչքերը ենթարկուած են վիրահատական գործողութեան, եւ անոր գեղանկարները դարձեալ սկսած են պայծառանալ: Հոն կը տեսնենք Վան Կոկի խռովահար պաստառները, որոնք մտածել կու տան սիֆիլիսի պատճառով յառաջացած մտային խելագարութեան մասին: Հոն են Ռենուարի գործերը, զորս գեղանկարիչը աւարտած էր հակառակ այն իրողութեան, թէ անդամալուծուած էր յօդատապով եւ չէր կրնար վրձինը բարձրացնել ուսէն վեր: «Այստեղ ունինք աշխարհի լաւագոյն գեղանկարիչներուն գործերը, որոնք շատ բան կ՛ըսեն մեզի մարդկային վիճակին մասին: Փոխանակ բան մը առնելու այս բոլորէն` իրականութեան մէջ գիտութիւնն ու բժշկագիտութիւնը բան մը կ՛աւելցնեն զանոնք գնահատելու մեր մօտեցումին վրայ», կ՛ըսէ Պաում:

 

ՀԵՏՔԵՐ` ՊԱՍՏԱՌԻ ՎՐԱՅ

«Տարեց կին մը» կամ «Տգեղ հոլանտուհին».
գործ` Քուինթեն Մեսիսի (իրագործուած` շուրջ 1513-ին):

Ի տարբերութիւն Վերածնունդի ժամանակներու բազմաթիւ գործերու, պատկերուած անձը յատկանշական է իր արտառոց երեւոյթով: Կ՛ենթադրուէր, թէ գեղանկարիչը կը հեգնէր այն կիները, որոնք ծիծաղելի միջոցներու կը դիմէին` իրենց երիտասարդութիւնը վերստեղծելու համար: Սակայն Պաումի համաձայն, այսպէս չէ: Ան կը մտածէ, թէ վստահաբար պատկերուած էր իւրայատուկ կին մը (նման անձ մը կրնար պատկերած ըլլալ Լէոնարտօ տա Վինչի), որ կը տառապէր հազուադէպ հիւանդութենէ մը: Կնոջ փոսը ինկած աչքերը, այլափոխուած ձեռքերը, վերի շրթունքին եւ քիթին միջեւ արտասովոր հեռաւորութիւնը, այլանդակուած ռունգերը եւ այլ երեւոյթներ բոլորն ալ կը համապատասխանեն Փաժէի հիւանդութեան պատճառած ոսկրային փոփոխութիւններուն: «Ասիկա ձաղկում մը չէր, այլ` պատկերումը անձի մը, որ կը տառապէր յատուկ հիւանդութենէ մը», կը բացատրէ Պաում:

 

«Դեսպանները».
գործ` Հանս Հոլպայն կրտսերի
(իրագործուած` շուրջ 1533-ին):

Ժան տը Տենթըվիլ եւ Ժորժ տը Սելվ ֆրանսացի դեսպաններ էին: Երեւութապէս այս գեղանկարը անոնց զոյգ մէկ դիմանկարն է: Սակայն անոնց ետին գտնուող տարօրինակ գործիքները, անոնց ոտքերուն տակ գտնուող այլափոխուած գանկը եւ այլ իրեր մտածել կու տան աւելի խոր պատգամի մը մասին: «Այստեղ բժշկագիտական հետքեր չկան, սակայն տուեալ գործը վերծանելու անհրաժեշտ միջոցները յար եւ նման են բժշկագիտական վիճակներ ի յայտ բերելու անհրաժեշտ միջոցներուն,- կը բացատրէ Պաում:- Գեղանկարին գաղտնիքը կը պարզուի վերի ձախ կողմը պատկերուած խաչելութեան պատկերով եւ երկու տղամարդոց միջեւ տեղադրուած գործիքներով: Վերլուծումներէ ետք կ՛եզրակացնենք, թէ պատկերուած գործիքները կ՛առնչուին 1533-ի Զատկուան տօնին հետ, երբ կը կարծուէր, թէ Քրիստոս պիտի վերադառնար երկրորդ անգամ: Անիկա նպատակաուղղուած էր դառնալու ազդանշան մը, ներառեալ` Հենրի Ը. թագաւորին, եւ կ՛ըսէր, թէ բոլոր անոնք, որոնք կը բաժնուէին Հռոմէական եկեղեցիէն, տանջանքներու պիտի ենթարկուէին այդ օր»:

 

«Այլաբանութիւն մը` Վենիւսի եւ Կուպիտոնի հետ».
գործ` Անիոլօ Պրոնզինոյի
(իրագործուած` շուրջ 1540-1550-ին):

Պրոնզինոյի «Այլաբանութիւնը» հասկնալու համար կենսական են այն պատկերները, զորս ան գծած է գլխաւոր տիպարներուն` Վենիւսի եւ Կուպիտոնի շուրջ: Քերովբէ մը կանգնած է գամերու գորգի մը վրայ եւ յայտնապէս ոչ մէկ ցաւ կը զգայ: «Ասիկա բժշկագիտութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ սիֆիլիսի պատճառով ողնայարի եւ զգայարաններու բթացում եւ հետեւանք է երրորդ կարգի սիֆիլիսի,- կը բացատրէ Պաում:- Աւելի՛ն. Վենիւսի աջ ձեռքին մէջ կոտրած նիզակը խորհրդանիշ է սեռային անկարողութեան, մինչ պաստառին վերի ձախ մասին մէջ պատկերուած է կնոջ մը դիմանկարը, որուն գլխուն ետեւի մասը գոյութիւն չունի: Կարճ խօսքով` ան կորսնցուցած է իր խելքը»: Այս կերպարին տակ ատամնազուրկ մարդ մը բռնած է իր գլուխը. անոր կարմրած մատներն ու ցանցառ մազերը եւս սիֆիլիսի ախտանշաններ են: «Գեղանկարը ցանկայարոյց կը թուի, սակայն իրականութեան մէջ անոր նպատակն էր ահազանգ մը հնչեցնել սեռային հիւանդութիւններու վտանգներուն առնչութեամբ», կ՛ըսէ Պաում:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES