ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՄՆԱԼ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Արաբական աշխարհը կ՛անցնի ահաւոր եւ աննախընթաց շրջանէ մը, մէկ կողմէն` կարգ մը պետութիւններու բռնատիրական վարչակարգերէն, միւս կողմէն` դաւադրական ծրագիրներէն:

Եթէ բռնատէրերու անկումը կը բացատրուի զանոնք հովանաւորողներու թողլքումով, ապա դաւադրութիւններն ալ` մնացածը զիրենք ենթարկելու ու ստրկացնելու խաղով:

Երկու պարագաներուն ալ, ամերիկեան-սիոնական կողմն է արաբական աշխարհը ցնցողը, «պոչիկ» դարձած Արեւմտեան Եւրոպայով (յատկապէս, Շիրաքէն ետք, Սարքոզիի Ֆրանսայով), ինչպէս նաեւ` «հլու-հնազանդ» դարձած արաբական-թագաւորական կարգ մը երկիրներով:

Ամերիկեան Մեծն Միջին Արեւելքի ծրագիրի ձախողութենէն ետք, Ուաշինկթընի իրերայաջորդ վարչակազմերը ամէն գնով կը փորձեն քաւութեան նոխազներ փնտռել արաբական այն պետութիւններուն մէջ, որոնք կը մնան անզիջող եւ անտեղիտալի` արտաքին ճնշումներուն դէմ:

Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը եւ անկէ ետք արձանագրուած զարգացումները, Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ, պէտք է դիտել այս տեսանկիւնէն, մանաւանդ երբ ոճրագործ(ներ)ը փնտռելու հեւքին մէջ մեղաւորներ նկատուեցան բազմաթիւ կողմեր:

Արաբ բռնատէրերը, որոնք ամերիկեան նեցուկ ու թիկունք կը վայելէին, մէկ օրէն միւսը ուրացուեցան ու զգետնուեցան, այն ալ` ի՜նչ խայտառակութեամբ ու վարկաբեկութեամբ, մինչ տխրահռչակ Թուրքիան, ինքզինքին ժողովրդավարի՜ հովեր տուած, կը փորձէ այս բոլորէն  օգտուիլ` դասեր տալով ու սպառնալիքներ տեղացնելով, մոռնալով, որ ինք ամէնէն բռնատիրական վարչակարգը ունի, ամէնէն աւելի անհանդուրժողականն է իր ժողովուրդին նկատմամբ եւ ամէնէն թշնամականն է իր հարեւաններուն հետ:

Սուրիան եւս անբաժին չէ այն դաւադրութենէն, որ լարուած է իր դէմ` ներքին խլրտումներու բռնկումներով եւ արտաքին միջամտութիւններու հրահրումով, մինչդեռ պարզ է, որ անիկա կ՛ենթարկուի անագորոյն հալածանքի` հրաժարելու իր ռազմավարական զինակիցներէն (Իրան, լիբանանեան դիմադրական շարժում, եւ այլն), ապա` լծուելու ամերիկեան կառքին:

Բնական է` այս անկայունութիւնը չի կրնար չազդել Լիբանանի վրայ իր պետական թէ ժողովրդային առումներով, ուր կը տիրէ համայնքային խայտաբղէտ վիճակ մը, բազմաբեւեռային շերտաւորումներով:

Քաղաքականօրէն խիստ ձգտուած կացութիւն մը կը պարուրէ երկիրը, ուր քաղաքական կոշտ ու կարծր երկխօսութիւնը աւելի կը սրէ հակամարտութիւնները, մանաւանդ որ գրեթէ բոլոր կողմերը «կարմիր գիծ»երը անցած են ու սկսած են խաղալ «կարմիր լար»երով:

Տնտեսական հետզհետէ խորացող  տագնապը, մագլցումի ենթարկուող  սղաճը եւ գործազրկութեան թափը եւս հասած են խիստ մտահոգիչ սահմաններու` մոխրագոյն վիճակի մը մատնելով երկիրը:

Լիբանանահայութիւնը ո՞ւր կը գտնուի այս վերիվայրումներուն մէջ, անկախաբար իր ազգային բազմաբնոյթ ցաւերէն, որոնք անմխիթարական ըլլալու բոլոր տուեալները ունին` հակառակ տարուող բարեկարգելի ճիգերուն:

Կասկած չկայ, որ լիբանանահայութեան վրայ եւս այս անհարթութիւնները կը գործեն իրենց տխուր ազդեցութիւնը, բայց որքանո՞վ ընդունելի են այն ձայները, որոնք կը վնասեն անոր մէկութեան ու միատարրութեան նժարային հաւասարակշռութիւններուն:

Քաղաքական ընտրանքներուն կամ հասկացողութիւններուն մէջ իւրաքանչիւր անձ կամ հոսանք կրնայ ունենալ իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը, սակայն ներելի չէ, երբ ոմանք կը շահագործեն զանոնք:

Շրջանը, երկիրը կ՛անցնին խիստ փափուկ ու զգայուն հանգրուաններէ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ի՜նչ «անակնկալներ» կը սպասուին ու կը պարտադրուին արտաքին այն ուժերէն, որոնք դարանակալ թէ թափանցիկ յեղաշրջումներու «վարպետ»ներ են:

Եթէ այս պա՜րզ ճշմարտութեան անդրադարձող կամ գիտակցող կայ, ուրեմն պէտք է գործել առաւել աչալրջութեամբ ու խոհեմութեամբ, իսկ եթէ չկայ, ապա պէտք է զգաստացնել ու զսպել բոլոր անոնք, որոնք, մեկնելով իրենց քաղաքական պատկանելիութենէն կամ հայեացքներէն… ականջ կը խլացնեն ու տրամադրութիւն կը փճացնեն:

Արդեօք կրքոտ ու կրակոտ ելոյթ ունենալը, քաղաքական-կուսակցական ինքնանպատակ թռիչքներով, ինչո՞վ օգտակար կ՛ըլլայ հայութեան, յետոյ, ո՞վ իրաւունք տուած է հանդէս գալու այդ յաւակնութեամբ եւ այդպիսի «տոզաժ»ներով, մոռնալով, որ լիբանանահայութիւնը, մանաւանդ այս հանգրուանին, չի կրնար այդ «բռնկում»ներով ու «պոռթկում»ներով կողմնորոշուիլ…

Դժբախտաբար ազգային, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները անհրաժեշտ ուշադրութեամբ ու կարեւորութեամբ չեն հետեւիր արտառոց (նոյնիսկ հայավնաս) այն ելոյթներուն, որոնք կը հնչեն քիչ մը որոշ կողմերէ:

Մինչդեռ հրամայական է այդպիսիները կարգի հրաւիրել, ի հարկին բացատրել ու համոզել, թէ նման արտայայտութիւններ չեն կրնար ըլլալ սոսկական, այլ` ընդհանրական վնասաբերութիւն մը, բոլոր մակարդակներու վրայ:

Եթէ, օրինակի համար, քաղաքական դէմք մը, նախարար մը կամ երեսփոխան մը «ազատութիւն»ը պիտի ունենայ իր ուզածը ըսելու կամ յայտարարելու, քանի որ կը պատկանի այս կամ այն (ոչ հայկական) հոսանքի մը, «հազար պէտք է չափէ ու կշռէ», նախ` համոզուելու (ու համոզելու) թէ պէ՞տք է, տեղի՞ն է իր խօսիլը, ապա պարտաւորութեան (՞) պարագային, պէտք է գիտնայ ճկունութեամբ ու փափկանկատութեամբ արտայայտուիլ, իսկ յոռեգոյն պարագային, հրաժարիլ այդ պարտականութենէն կամ «ապսպրանք»էն (հօ՜, աշխարհի վերջը չէ…):

Վերջին հաշուով, իւրաքանչիւր պատասխանատու, մանաւանդ եթէ պետական վարչամեքենային մէջ է, պէտք է ՀԱՍԿՆԱՅ, որ իր բազմած (կամ գրաւա՞ծ) աթոռը` նախ եւ առաջ կը պատկանի իր համայնքին` լիբանանահայութեան, եւ ոչ թէ իրեն կամ ուրիշներուն:

Կը կարծենք, թէ ասիկա տարրական իրաւունքն է իւրաքանչիւր լիբանանահայու, որ ունի իր ազգային-համայնքային գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը, հետեւաբար ոեւէ մէկուն արտօնուած չէ ձեւափոխելու կամ ոտնակոխելու այդ արժեչափերը:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 10 սեպտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES