ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 96-ԱՄԵԱԿ. ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԿԱՐԻՆԷ ՇԱՆՆԱՔԵԱՆԻ, ԿԱՐՊԻՍ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆԻ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆ ԳԱՊԱՔԵԱՆԻ

Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ երեք այնճարցի երիտասարդներ կը ցուցադրեն իրենց արուեստի գործերը` գեղանկարչական աշխատանքներ եւ քանդակներ:

Հանրածանօթ նկարիչ Գրիգոր Նորիկեանը բացումը կատարելէ ետք այս ցուցահանդէսին, իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Օժտուած երիտասարդներ են, խոստմնալից. կը թելադրեմ, որ միշտ աշխատին: Աշխատանքը պայքար է եւ հայ ժողովուրդը կոչուած է պայքարելու բոլոր ճակատներուն վրայ: Դուք պայքարեցէք արուեստի ճակատին վրայ: Մեր ժողովուրդը անպայման պէտք է յաղթէ մեր դարաւոր թշնամիին»:

Անցնող օրերուն ցուցահանդէս այցելողները հաստատեցին հանրածանօթ գեղանկարիչին խօսքերը եւ դէմ յանդիման եկան հպարտութիւն առթող երեւոյթի մը, որ պատիւ կը բերէ երեք երիտասարդներուն, Համազգայինին եւ Այնճարին:

Արդարեւ, ցուցադրութեան դրուած գործերը, կազմաւորումի նախնական հանգրուանները շատոնց անցնելէ ետք, մուտք գործած են ստեղծագործական բեղուն շրջան եւ կը ներկայացնեն, իւրաքանչիւրի պարագային, իւրայատուկ ներաշխարհ մը, ինքնուրոյն կատարման ոճով, գոյներով եւ երեւակայութեամբ:

Կարինէ Շաննաքեանը կը ներկայացնէ նկարչական ծաղկեփունջ մը` այլազան թեմաներով, իրագործուած` փասթելով, ջրաներկով, իւղաներկով: Կարինէն կը ներկայացնէ այնճարեան բնանկարներ, անկենդան բնութիւններ եւ գծանկարներ: Կարինէին վերջին գործերը ցոյց կու տան աւելի հարուստ երանգներ, ոճի նոր ճամբաներ, որոնք շարունակելու պարագային, կրնան զարգանալ եւ իւրայատուկ ուղիի վերածուիլ:

Կարպիս Քենտիրճեանը կը ցուցադրէ իր նկարչական աշխատանքներէն հաւաքածոյ մը (յիշեցինք, որ ան նաեւ քանդակագործ է): Ընդհանրապէս բնանկարներ են, որոնք ունին հետաքրքրական թեմաներ` կարօտ, սփիւռք, հերոսամարտ: Կարպիսը լայն հորիզոնի վրայ, գունային տարբեր լուծումներով նոր տեսիլքներ կը ներկայացնէ հին Այնճարէն, գաղթող արագիլներէն, սփիւռքի հայկական գաղթօճախներէն: Տպաւորիչ է նաեւ իր միակ նկարով ներկայացուած դիմանկարը (արաբի մը), որ կենդանի է, հարազատ եւ բարձր ճարտարութեամբ իրագործուած:

Վարդան Գապաքեանը կը ցուցադրէ իր քանդակները (փայտ, գաճ եւ մետաղ): Վարդանը բոլորովին ինքնուս քանդակագործ է եւ իր ցուցադրած աշխատանքները տպաւորիչ են, մեծ բծախնդրութեամբ շինուած եւ խօսուն են իրենց կերպարներով: Բնականաբար կան ոճային ազդեցութիւններ, սակայն Վարդանը կրցած է զգայուն կերպով ներկայացնել իր կերպարները` տարբեր իրավիճակներու մէջ, ինչպէս` սէր, ձանձրոյթ, մտահոգութիւն…

Երեք երիտասարդներ իրենց գործերը կը ներկայացնեն հանրութեան արժեւորումին:

Շնորհակալ գործ տարած է Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Երիտասարդներուն երթը սկսած է. յաջողութիւն իրենց:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

12 սեպտեմբեր 2011
Այնճար

 

 

Այնճար

Share this Article
CATEGORIES