ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՈՒՌԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՇԱՏ ՓՈՔՐ ՍԱՐՔ ՄԸ ԿԸ ՀՍԿԷ ԱՆՈՆՑ ԱՃԻՆ

Օգոստոսի վերջաւորութեան գերմանացի խումբ մը մասնագէտներ յաջողած են պատրաստել այնպիսի՛ փոքր սարք մը, որ տեղադրուելով քաղցկեղի վերածուած ուռերուն մօտ, կրցած են լաւապէս հետեւիլ անոնց աճին:

Նշեալ սարքը կը չափէ քաղցկեղի վերածուած ուռին մօտ գտնուող հիւսկէնին պարունակած թթուածինին տարողութիւնները: Այսուհանդերձ, եթէ հետզհետէ նուազին թթուածինի տարողութիւնները, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ ուռը արագօրէն կ՛աճի ու կը տարածուի:

Ուռերուն մօտ տեղադրուող այդ շատ փոքր սարքը այնպէ՛ս մը պատրաստուած է, որ կրնայ օրուան տարբեր ժամերուն չափուած թթուածինին տարողութիւնները ինքնաբերաբար փոխանցել քաղցկեղէ տառապող հիւանդին առողջական վիճակին հետեւող բժիշկին համակարգիչին: Հետեւաբար նշեալ սարքին միջոցով կարելի կ՛ըլլայ նուազեցնել Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքերուն ու մագնիսական հնչեղութեամբ բանող սարքերու միջոցով ուռերուն յաճախադէպօրէն նկարահանումը եւ այդ նպատակին համար հիւանդին յաճախադէպօրէն հիւանդանոց այցելութիւնը:

Մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ նման սարք մը կրնայ նպաստել, որ շատ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կատարուի քաղցկեղին դարմանումը` նկատի ունենալով, որ այդ սարքին միջոցով կարելի կ՛ըլլայ շատ աւելի հետեւողական կերպով հսկել քաղցկեղի վերածուած ուռին աճին:

Մասնագէտները հետամուտ են նաեւ այդ շատ փոքր սարքին մէջ ներառելու քաղցկեղի դարմանումին մէջ գործածուող քիմիական յատուկ  բաղկացուցիչներ պարունակող հեղուկներ, որոնք ուղղակիօրէն կը ներարկուին քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն մէջ` այդպիսով նուազագոյն տարողութեամբ վնասելով առողջ բջիջներուն:

ՈՂՆԱՅԱՐԻՆ ՄՕՏ ԳՏՆՈՒՈՂ ՈՒՌԵՐՈՒՆ
ՎԻՐԱՀԱՏՈՒՄԸ` ԲԱՐԴ ՈՒ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ.-

Վերոնշեալ սարքը պատրաստող  մասնագէտներէն Սվեն Պեքըր ըսած է, թէ իրեն ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը նախաձեռնած է նման սարքի մը պատրաստութեան` գլխաւորաբար ա՛յն ուռերուն համար, որոնց վիրահատումը բաւական բարդ ու վտանգաւոր է: Օրինակ, կան կարգ մը ուռեր, որոնք կը յայտնուին ողնայարին մօտ եւ զանոնք վիրահատած ատեն կրնան անդարձ կերպով վնասուիլ ողնայարին ջիղերը:

Կան նաեւ այլ ուռեր, որոնք թէեւ ողնայարին նման զգայուն բաժիններու մօտ չեն գտնուիր, ինչպէս նաեւ` դանդաղօրն կ՛աճին, սակայն անոնց վիրահատումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ տարեցներուն պարագային, որոնց մարմինը շատ տկարացած, կ՛ըլլայ եւ  զանոնք վիրաբուժութեան ենթարկելը կրնայ վտանգել անոնց կեանք:

Այսուհանդերձ, վերոնշեալ հիւանդներուն պարագային շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ շարունակ հետեւիլ ուռին աճին եւ վիրահատել զայն միայն ա՛յն ատեն, երբ ուշագրաւ արագութեամբ աճի անիկա:

ՍԱՐՔԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՏՐՈՒԱԾ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ`
ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴԵՑԻԿ.-

Մասնագէտները բացատրած են թէ քաղցկեղի վերածուած ուռին մօտ տեղադրուած շատ փոքր սարքը կը չափէ տեղւոյն հիւսկէնին պարունակած հեղուկին թթուածինին տարողութիւնները: Երբ թթուածինին տարողութիւնները հետզհետէ նուազին, այդ կը նշանակէ, թէ ուռը սկսած է սանձարձակօրէն աճիլ:

Մասնագէտ Պեքըր նշած է, թէ այդ շատ փոքր սարքը կը պարունակէ շարք մը ելեկտրոտներ, որոնք կրնան յայտնաբերել թթուածինին յագեցած վիճակը: Նշեալ ելեկտրոտներէն ձեռք ձգուած տեղեկութիւնները կը փոխանցուին փոքր տուփի նմանող այլ սարքի մը, զոր հիւանդը կը կրէ իր վրայ` գրպանին մէջ տեղադրելով: Ապա այդ տեղեկութիւնները կը փոխանցուին հիւանդին հետեւող մասնագէտին համակարգիչին:

Ինչ կը վերաբերի  ուռին մօտ տեղադրուող շատ փոքր սարքին մէջ քիմիաբուժութեան ատեն գործածուող քիմիական բաղկացուցիչներ պարունակող հեղուկ ներառելու ծրագրին, ապա մասնագէտ Պեքըր ողջունելի գտած է զայն` նկատի ունենալով, որ այդ գերզգայուն սարքը նշեալ հեղուկը պիտի ներարկէ ուռին մէջ ու անոր շուրջ ամէն անգամ որ ուռը աճի, նոյնիսկ եթէ աննշան տարողութեամբ ըլլայ անոր աճը` այդպիսով շատ աւելի ազդեցիկ դարձնելով դարմանումը, ինչպէս նաեւ` նուազագոյն տարողութեամբ ժխտական ազդեցութիւն ունենալով հիւանդին առողջութեան վրայ:

Ծանօթ է արդէն, որ քիմիաբուժութեան միջոցով տրուած դարմանումին մէջ քիմիական նիւթերով բաղկացած հեղուկը կը ներարկուի արեան մէջ եւ կը տարածուի ամբողջ մարմնին մէջ` այդպիսով ժխտական ծանր ազդեցութիւն ունենալով մարդոց առողջութեան վրայ:

Մասնագէտները նշած են, թէ նոր սարքին միջոցով քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն տրուած դարմանումը շատ աւելի արագ է` նկատի ունենալով, որ քիմիական նիւթերուն ճիշդ ժամանակին ուռին մէջ ներարկուիլը առիթ չի տար, որ անիկա յաւելեալ աճի ու տարածուի:

 

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԺԱՀՐ ՄԸ ԹԻՐԱԽ
ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՄԻԱՅՆ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԲՋԻՋՆԵՐԸ…

Սեպտեմբերի սկիզբը քանատացի խումբ մը մասնագէտներ տարրալուծարանին մէջ պատրաստած են այնպիսի՛ ժահր մը, որ երբ ներարկուած է քաղցկեղէ տառապող մարդոց արեան մէջ, թիրախ դարձուցած է միայն քաղցկեղի վերածուած բջիջները` անվնաս պահելով առողջները:

Ցարդ մասնագէտները նշեալ ժահրը փորձարկած են քաղցկեղէ տառապող քսաներեք հիւանդներու վրայ, եւ բոլորին պարագային ալ խոստմնալից արդիւնքներ ձեռք ձգած են:

Թէեւ քաղցկեղի դէմ պայքարելու ծիրին մէջ ժահրերու գործածութեան գաղափարը նորութիւն մը չէ եղած, սակայն օրին մասնագէտներ այնպիսի՛ ձեւով պատրաստած են այդ ժահրերը, որ այս վերջինները թիրախ դարձուցած են քաղցկեղի վերածուած բջիջները, միայն երբ ուղղակիօրէն ներարկուած են քաղցկեղի վերածուած ուռերուն մէջ` խուսափելով մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգէն:

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԺԱՀՐԸ ԾԱՂԿԱԽՏԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻՆ ՄԷՋ
ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԺԱՀՐԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿՐԱԾ ՄԷԿ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆ Է

Մասնագէտները փոփոխութեան ենթարկած են ծաղկախտի պատուաստին մէջ գործածուած ժահրին ծինային կարգ մը կերտուածքները եւ ձեռք ձգուած նոր տեսակի ժահրը տարբեր տարողութիւններով ներարկած են քաղցկեղէ տառապող քսաներեք հոգիին արեան մէջ: Նշեալ հիւանդներուն մօտ քաղցկեղը տարածուած է անոնց մարմնին տարբեր օրկաններուն մէջ:

Տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած այդ նոր տեսակի ժահրին բազմապատուիլը կախեալ եղած է քիմիական այնպիսի՛ գործընթացէ մը, որ սովորաբար գոյութիւն ունի կարգ մը քաղցկեղներու մէջ:

Մասնագէտները ութ հիւանդներու արեան մէջ ներարկած են նշեալ ժահրին ամէնէն բարձր տարողութիւնները: Նշեալ հիւանդներէն եօթին մօտ ժահրը բազմապատկուած է անոնց քաղցկեղի վերածուած ուռերուն մէջ միայն` առանց ներթափանցելու անոնց առողջ հիւսկէններուն մէջ:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող քանատացի մասնագէտ փրոֆ. Ճոն Պել հետաքրքրական գտած է ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամն է, որ երակին մէջ ներարկուած յատուկ ժահրի մը միջոցով քաղցկեղին տրուած դարմանումին մէջ ժահրը «կ՛ընտրէ» միայն քաղցկեղի վերածուած հիւսկէնները եւ շարունակ կը բազմապատկուի անոնց մէջ:

Ան նշած է, թէ նման յայտնաբերում մը կրնայ ուշագրաւ կերպով յեղաշրջել տարբեր տեսակի քաղցկեղներուն տրուած դարմանումները, որոնք շատ յաճախ այնքան ալ արդիւնաւէտ չեն ըլլար, մասնաւորաբար երբ քաղցկեղը տարածուած ըլլայ մարմինին տարբեր բաժիններուն մէջ:

ԲԱՐՁՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՆԵՐԱՐԿՈՒԱԾ ԺԱՀՐԸ`
ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴԵՑԻԿ

Փրոֆ. Պել աւելցուցած է նաեւ, թէ քաղցկեղի դէմ պայքարող այդ յատուկ ժահրին արեան մէջ ներարկումը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի քաղցկեղի դարմանումի գործընթացին մէջ, քանի որ անիկա կ՛արտօնէ, որ ժահրը թիրախ դարձնէ մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ յայտնուած ուռերը, եւ ո՛չ թէ միայն տուեալ բաժինի մը մէջ յայտնուած ուռերը:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ այդ յատուկ ժահրը որոշ ատեն մը կասեցուցած է քաղցկեղի վերածուած ուռերուն աճը: Միւս կողմէ, սակայն, նշեալ հանգրուանին ժահրը ամբողջութեամբ չէ դարմանած քաղցկեղը` նկատի ունենալով, որ մասնագէտները ցարդ միայն մէկ անգամ ժահրի ներարկում կատարած են` պարզապէս քննելու համար քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն վրայի ժահրին ունենալիք ազդեցութեան տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` ապացուցելու համար, որ ժահրը որեւէ ձեւով չի վնասեր առողջ բջիջներուն:

Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ ժահրը շատ աւելի ազդեցիկ եղած է, երբ բարձր տարողութիւններով ներարկուած է հիւանդներուն արեան մէջ:

Փրոֆ. Պել ըսած է, որ թէեւ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը տակաւին իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ կը գտնուի, միւս կողմէ, սակայն, անհաւանական գտած է, թէ հետագային ժահրերն ու այլ կենսաբանական դարմանումներ կրնան իսկապէս ուշագրաւ բարեփոխումներ յառաջացնել տարբեր տեսակի քաղցկեղներու դարմանումի գործընթացին մէջ:

Բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Նիք Լեմոյնի համաձայն, միայն քաղցկեղի վերածուած ուռերուն մէջ բազմապատկուող ժահրերուն արեան մէջ ներարկումը բարդ դարմանում պահանջող քաղցկեղի տեսակները թիրախ դարձնող կենսաբանական նոր մօտեցում մը կը նկատուի:

Փորֆ. Լեմոյն կարեւոր նկատած է նշեալ ծիրին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ցոյց տուած է, թէ ծաղկախտի պատուաստին մէջ գործածուող ժահրի տեսակ մը իր ծինային կերտուածքներուն մէջ որոշ փոփոխութիւններ կրելով` կարելի դարձուցած է խոստմնալից արդիւնքներ ապահովել նոյնիսկ մարդկային մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած քաղցկեղներուն դարմանումին մէջ:

 

ՄՈՐԹԻՆ ՃԱՐՊ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԲՋԻՋՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄՈՒԻԼԸ`
ՃԱՂԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԵՑՆՈՂ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱԶԴԱԿ ՄԸ…

Օգոստոսի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ մորթին ճարպ պարունակող բջիջները ուշագրաւ ազդեցութիւն ունին մազին աճին վրայ:

Այսուհանդերձ, մուկերու վրայ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ մորթին մազ աճեցնող բջիջները կազմող մայր բջիջներուն աշխատանքը հակակշռուած է ճարպով:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները ճարպ պարունակող բջիջներով պատրաստուած հեղուկ մը ներարկած են տարբեր պատճառներով բաւարար չաճող ստեւներ ունեցող մուկերուն մորթին տակ: Նման ներարկում մը մղած է, որպէսզի վերստին աճին մուկերուն ստեւները:

Մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները հետագային կրնան նպաստել ճաղատներուն մազերուն աճը վերահաստատող գործընթացին աշխուժացման:

ՄՈՐԹԻՆ ՄԱԶ ԱՃԵՑՆՈՂ ՊԱՐԿԻԿՆԵՐԸ

Մասնագէտները իրենց փորձարկումներուն մէջ ներառած են նաեւ բնականոն կերպով աճող ստեւներ ունեցող մուկեր եւ նկատած են, թէ անոնց մորթին մէջ ստեւ աճեցնող պարկիկներուն շուրջ հաւաքուած ճարպ պարունակող բջիջներուն տարողութիւնը քառապատկուած է, ամէն անգամ, որ ստեւներու աճման գործընթացը սկսած է: Միւս կողմէ, սակայն, անոնք նման երեւոյթ մը չեն նկատած բաւարար ստեւներ չունեցող մուկերուն մօտ:

Մասնագէտները գտած են նաեւ, թէ բաւարար ստեւ չունեցող մուկերուն մորթին մէջ ճարպ պարունակող  բջիջներուն թիւը շատ աննշան եղած է:

Ծանօթ է արդէն, որ մազը բնականաբար կ՛աճի տարբեր հանգրուաններով: Այսուհանդերձ, փորձարկումներուն մէջ նկատի առնուած բաւարար ստեւ չունեցող մուկերուն պարագային, ստեւ աճեցնող պարկիկները գտնուած են աճման գործընթացին ոչ աշխուժ հանգրուանին մէջ:

Երբ մասնագէտները նշեալ մուկերուն մորթին տակ ներարկած են մորթին ճարպ պարունակող բջիջներով պատրաստուած հեղուկը, ապա երկու շաբաթ ետք անոնց ստեւները սկսած են աշխուժօրէն աճիլ:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ ճարպ պարունակող բջիջները արտադրած են այնպիսի՛ քիմիական նիւթ մը, որուն միջոցով սկսած են աճիլ բաւարար ստեւ չունեցող մուկերուն ստեւներուն ութսունվեց առ հարիւր համեմատութիւնը:

Նշեալ քիմիական նիւթին ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անիկա կազմուած է գլխաւորաբար դոնդողներուն բաղկացուցիչ մասնիկներով:

Մասնագէտները հետամուտ են նաեւ գտնելու այլ քիմիական բաղկացուցիչներ, որոնք կրնան առնչուած ըլլալ մազերու աճման գործընթացին հետ:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները ըսած են, թէ տակաւին վերջնականապէս յստակ չէ, թէ արդեօք միեւնոյն քիմիական գործընթացները տեղի կ՛ունենա՞ն նաեւ մարդկային մարմնին մէջ: Հետեւաբար անոնք հետամուտ են նման փորձարկումներ կատարելու նաեւ մարդոց վրայ:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ մասամբ ճաղատ մարդոց գանկին մազէ զուրկ եղող բաժինները պարունակած են նոյնքան մազ աճեցնող բջիջներ կազմող մայր բջիջներ, որքան` մազ աճած բաժինները: Հետեւաբար մասնագէտները նշած են, որ եթէ կարելի ըլլայ ճարպ պարունակող բջիջները ներարկել մազէ զուրկ եղող բաժիններուն մէջ, ապա շատ հաւանաբար աշխուժանան այդ մայր բջիջները եւ իրենց կարգին աշխուժացնեն մազ աճեցնող պարկիկները:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ»)

Share this Article
CATEGORIES