ՈՉ-ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՂՐԿԵԼԸ ԳԷՇ ԳԱՂԱՓԱՐ ԷՐ
Շրջանային անհաւասարութիւնը կարեւոր հարց մըն է Թուրքիոյ համար: Օրինակ, առէք Պոլսոյ Արդիւնաբերական տան 1000 ընկերութիւնները: Դուք բնաւ նայա՞ծ էք ցանկին մէջ ընկերութիւններուն աշխարհագրական դիրքին: Ըսեմ ձեզի. Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ գործարան չկայ: Ճշդե՛մ. եթէ դուք ցանկին մէջ փնտռէք գաւառներ, ուր «Իզօ – 1000» չափանիշին համապատասխանող առնուազն 3 ընկերութիւններ կան, ապա Թուրքիոյ ամբողջ արեւելքը դատարկ կ՛երեւի: Ատիկա տխուր է:
Ինչո՞ւ այդպէս է: Այնպէս կը թուի, թէ այս շրջաններու «հնարաւորութիւններու դասաւորումները» չեն արտօներ անոնց գործարաններ հիւրընկալելու: Կարելիութիւնները, հնարաւորութիւնները միայն երկաթեղէնի, ելեկտրականութեան, ճամբաներու եւ շէնքերու մասին չէ, այլ նաեւ` հմուտ աշխատաւորներու, առեւտրային կապերու տրամադրելիութեան, առկայութեան, արհեստագիտական վարպետութեան, եւ այլն: Ծրագրային ապահովման հարցը նաեւ կը ներառէ ճաշարաններ, առեւտրական կեդրոններ, շուկայ, որակաւոր դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ` հմուտ «պանդուխտ» աշխատաւորներու համար, որոնք պիտի ուզեն հոն աշխատիլ:
Ճարտարարուեստականացումը կու գայ իբրեւ ծրար մը, ընդհանուր ծրագիր մը, որ կարողութիւններու շարքին աշխարհագրական դիրքն է: Այն շրջանները, որոնք աստիճանաբար բարելաւած են իրենց կարողութիւններու շարքը, իրենց քաղաքներուն մէջ ճարտարարուեստական, արդիւնաբերական հնարաւորութիւններ ունին: Այդ ձեւով է, որ արդիւնաբերութիւնը վերջին տասնամեակներուն ամբողջ Անատոլուի մէջ տարածուած է:
Արդիւնաբերական զարգացումը կը պահանջէ տեղական կարողութիւններու շարքի հարստացում: Սակայն շրջանային անհաւասարութիւնը տակաւին հոն կը յամենայ: Զարտուղութիւնը կարողութիւններու շարքին մասին է:
Պոլսոյ Քոչ համալսարանէն Սումրու Ալթուղ կը նշէ ներքին գաղթը` իբրեւ հիմնական միջոց` դարմանելու համար, Թուրքիոյ մէջ շրջանային անհաւասարութիւնը: Այսինքն երկրին մէջ քաղաքային գիւղային գաղթի կոչ կ՛ընէ ան:
Երբ ես 50 տարի առաջ ծնայ, ժողովուրդին ժողովուրդին 30 առ հարիւրը կը բնակէր քաղաքային կեդրոններու մէջ: Այժմ ատիկա աճած է 75 առ հարիւրի: Աղքատ գիւղական – դաշտային շրջաններէ դէպի հարուստ քաղաքային շրջաններ գաղթողներու հոսք մը կայ:
Ի՞նչ է այս գաղթականութեան ազդեցութիւնը կարողութիւններուն վրայ այն գաւառներուն, որոնք պանդուխտ աշխատաւորներ կ՛ուղարկեն:
Տարբերութիւնը առկայ է Անատոլուի մէջ 1900-ի սկզբնաւորութեան եւ յետ 1960-ականներու գաղթերուն միջեւ:
Գաղթը քայքայիչ ազդեցութիւն ունեցաւ ուղարկող շրջաններուն վրայ. 20-րդ դարու սկիզբը Անատոլուի մէջ կար զգալի թիւով ոչ իսլամ բնակչութիւն, որ կը նպաստէր իր շրջաններու հնարաւորութիւններու շարքին: Անոնք առեւտրական կապեր, առեւտրային եւ արհեստագիտական հմտութիւններ ունէին: Եւ ապա անոնք մեկնեցան: Այժմ անոնք չկան: Ազգի կերտումի աղմկարար մթնոլորտի ժամանակին մէջ ոչ իսլամները ուղարկելը մեր հիմնադիր հայրերուն համար լաւ գաղափար թուեցաւ: Սակայն, այժմ յետադարձ հայեացք մը ընելով` կարելի է ըսել, որ ատիկա որոշապէս քայքայիչ ազդեցութիւն ունեցաւ պանդուխտներ ուղարկող գաւառներու կարելիութիւններու շարքին վրայ:
Շրջանին մէջ ազգ կերտելու աշխատանքը այն ժամանակ վնասակար ազդեցութիւն ունեցաւ շատ գաւառներու եւ երկիրներու հնարաւորութիւններու շարքին վրայ:
Միւս կողմէ աղքատ շրջաններէ դէպի հարուստ շրջաններ գաղթելու յետ 1960-ականներու միտումը աւելի չէզոք է: Ատիկա լուրջ ազդեցութիւն չունեցաւ հմտութիւններու շարքին վրայ այն շրջաններուն, որոնք քաղաքային հարուստ կեդրոններ տրամադրեցին գաղթողներուն: Անոնք, որոնք կը գաղթէին, արդէն աղքատ էին եւ ոչ մէկ հմտութիւն, ունակութիւն ունէին:
Ասիկա միայն Անատոլուի մէջ չէր: Մաքս Վոն Օփփենհայմ (համագերմանական ժամանակակիցը Քայզեր Վիլհելմի), զաւակը Օփփենհայմ դրամատնային գերդաստանին, զեկուցելով 1903-ի գարնան դէպի Ամերիկա լիբանանցի քրիստոնեաներու գաղթի ալիքին մասին, բարկութեամբ կը նշէ Պէյրութէն ուղեղներու արտահոսքի տնտեսական հետեւանքները:
Այս երեւոյթը Օսմանեան կայսրութեան մէջ նոյն ատեն համատարած էր:
Կայսրութեան մը անկումը լի է վիշտերով:
«ԿԻՒՎԵՆ ՍԱՔ»
«Հիւրրիյէթ»