ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿ 1968-Ի ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

1968-ի քաղաքական բողոքներու ալիքը, որ անցաւ եւրոպական քաղաքներէն` Փարիզէն, Լոնտոնէն, Փրակայէն, եւ հասաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ  համալսարանական համալիրներ, կը մնայ ամէնէն յիշարժան օրինակը ուսանողական ծայրայեղութեան:

Չորս տասնամեակներ ետք, Լոնտոնի մէջ կրթաթոշակի ցոյցերուն մասնակցող ուսանողներ տակաւին կը վերակոչեն «1968-ի ոգին»:

Բայց այս սերունդը, որ հոմանիշ է 1960-ականներու հակամշակութայնականութեան, այժմ 60 եւ աւելի տարիք ունի:

Եւ միջազգային ուսումնասիրութեան ծրագիր մը, Օքսֆորտ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս  Ռոպերթ Կիլտէայի գլխաւորութեամբ, կը կառուցէ ցոյցերու առաջին տուեալներու, հաշիւներու թուանշային արխիւը:

Ծրագիրը, որ կը կոչուի «1968-ի շուրջը. գործիչներ, ցանցեր, շարժածիրեր», ձայնագրած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ աւելի քան 500 ցուցարարներու բերանացի վկայութիւնները:

Այս ձայնագրութիւններու տուեալներուն շտեմարանը հանրութեան դիմաց բաց չէ: Ատիկա նախատեսուած է իբրեւ ակադեմական աղբիւր, որ ապագայ պատմաբաններուն կ՛արտօնէ լսելու 20-րդ դարակէսի ծայրայեղականներուն ձայները:

Բայց այս հաւաքածոյին պատմութիւնները լսելը կը նմանի կորուսեալ աշխարհի մը հետախուզութեան: Թոշակառուներ գաղիական առոգանութեամբ կը խօսին իբրեւ պատանի յեղափոխականներու իրենց ժամանակաշրջանին մասին:

Կան բողոքի երգիչներ, ինչպէս` Տոմինիք Կրանկ, այժմ 71-ամեայ, որ 1968-ին միացած է մաօցական խումբին եւ երգած է գրաւուած գործարաններու մէջ: Ան արմատական շարժանկարներ ցուցադրած է Ֆրանսայի հարաւարեւելեան գիւղերու մէջ: Ան բանտարկուեցաւ եւ «ընդյատակեայ» մնաց:

Ան կը խօսի ագարակապաններու, երկրագործներու հետ հանդիպումներու մասին, երբ երգած է յեղափոխական երգեր, ինչպէս` «Անկցի ոստիկան-պետութիւնը»:

Ֆրանսացի այս արմատականներուն շրջանակներուն մէջ կան գաղափարական անվերջ բաժանումներ եւ արմատական խումբերու ստորաբաժանումներ, նստացոյցեր եւ գրաւումներ, ուսանողները գործադուլ ընող աշխատաւորներուն առնչելու փորձեր, գիծը հատելով քաղաքական վայրագութեան անցնելու մասին վէճեր, տարակարծութիւններ:

Դիւրին է հեգնել այս ամբողջ արմատականութեան անկեղծութիւնը, ջերմեռանդութիւնը:

Բայց այս արխիւը կը բացայայտէ, թէ ինչպէս անհատական պատմութիւնները կ՛ընդգծեն քաղաքականութիւնները:

Անտրէ Սենիք` 1968 մայիսի փարիզեան ցոյցերու արմատականներէն մէկը, երեխան էր լեհաստանաբնակ  հրեայ ներգաղթածի մը, որ իր առաջին տարիները անցուց նացիներու բռնագրաւումին տակ:

«Հրեաներուն համար յեղափոխական ըլլալը յարակարծութիւն է եւ բաւական նախայարձակ ձեւ` ընկերութեան մէկ մասը դառնալու, փոխանակ պահուըտելու», ըսաւ ան:

«Ասիկա ձեւ մըն էր լուծելու մեր հաշիւները ծնողներուն հետ, որոնք մեզի ըսած են ձայներնիս չբարձրացնել, չըսել, որ մենք հրեայ ենք, հոգ տանիլ, որպէսզի մարդիկ մեր մասին վատ բան չխորհին, որովհետեւ մենք հրեայ ենք»:

Այժմ 73-ամեայ դարձած է ան. անոր հետագայի քաղաքականութիւնները նկարագրուեցան իբրեւ «շատ հակահամայնավարական» եւ աւելի մօտ տեղ մը` «նոր պահպանողականներու»:

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՃԵՂՔԵՐ

Այս ընտանիքին դիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսական 1960-ականներու պատկերաքանդակները ինչպէս կազմուած են պատերազմի ժամանակաշրջանի խզումով: Կային բացակայ հայրեր` բանտարկուած պատերազմի ճամբարներու մէջ, գաղթակայաններ եւ տեղահանուած ընտանիքներ: Գրաւումին ուրուականը, ինչպէս նաեւ ո՛վ դիմադրած եւ ո՛վ չէր դիմադրած նացիներուն, մնաց յատակի նկարին վրայ:

Փրակայի մէջ 1968-ի հակախորհրդային ապստամբութիւնը

Արմատական մը, որուն ծնողները ծնած էին Գերմանիա, խօսեցաւ նացիներու ժամանակաշրջանի «խոցին», «Թարախակոյտ»ին մասին, որ մնացած է յետպատերազմեան երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն միջեւ:

Այս երիտասարդներէն շատերը մեծցած են կրօնական, պահպանողական ընտանիքներու մէջ: Ոմանք առանձին, անձնական դասընթացքով ուսանած են` նախքան ներքաշուիլը ծայրայեղ արմատականութեան մէջ: Անոնք քաղքենի, հանգստաւէտ տուներէ իրենց քայլերը նետած են դէպի զբաղմունքի, գործադուլներու եւ ճակատումի յորձանուտ:

Այս տուեալները նաեւ կը ներառեն հաշիւները Արեւելեան Եւրոպայէն արմատականներու: Չեխոսլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Արեւելեան Գերմանիոյ եւ Խորհրդային Միութեան մէջ ընդդիմութիւն կար համայնավար վարչակարգերու դէմ:

Չեխոսլովաքիոյ մէջ ասիկա մշակութային, ինչպէս նաեւ քաղաքական էր, ընդյատակեայ խումբերով, ինչպէս` տիեզերքի կերպընկալ մարդիկը»:

ՀԵՏԱԳԱՅ ՏԱՐԻՆԵՐ

Կան նաեւ զուարճալի յիշողութիւններ, թէ ինչպէ՛ս Բրիտանիոյ մէջ դասակարգային քաղաքականութեանց խորունկ արմատները կրցան վերայայտնուիլ ձախակողմեան բաժանումներու, տարակարծութիւններու քողին տակ:

Լոնտոնի մէջ նստացոյց

Աշխատակից մը կը նկարագրէ քաղաքական պառակտում մը` Վիեթնամի հարցով Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին, երբ խումբ մը կը փորձէր խեղդել, լռեցնել միւս խումբը «Ինթերնասիոնալ» երգելով:

«Ինչ որ ես տեսայ այն ատեն, հանրային դպրոցի աշակերտներ կ՛երգէին դպրոցին քայլերգը եւ միջնակարգ դպրոցի աշակերտներու խումբ մը հիմնականին մէջ անոնց ցոյց կու տար յաղթանակի Վի նշանը»:

Բայց ինչո՞ւ 1968-ի արմատականները այդքան երկարատեւ ազդեցիկ եղած են:

Փրոֆ. Կիլտէա կ՛ըսէ, թէ անոնք «լայն հորիզոններ» ունեցած են` սերմանելով քարոզչութեան արշաւի բազմաթիւ շարժումներ, որոնք հետեւող տասնամեակներու ընթացքին պիտի կազմաւորուէին:

1960-ական թուականներուն արմատականացած երիտասարդները 1970-ական եւ 1980-ական բնապահպաններ, կիներու իրաւունքներու պաշտպաններ, հակացեղապաշտներ եւ միասեռականներու իրաւունքներու նուիրեալ դատապաշտպաներ: Ատիկա նաեւ մշակութային յեղափոխութիւն էր. քաղաքականութիւնը հիւսուած էր երաժշտութեամբ, արուեստով եւ գրաւոր արտայայտութեամբ:

ՇԱՀՈՂՆԵՐ ԵՒ ՏՈՒԺՈՂՆԵՐ

Այդ շարժումները նաեւ ներկայացուած էին միջազգային բեմի վրայ, պատկերասփիւռի հանդիսատեսին դիմաց: Տուեալներու շտեմարանը կը պարունակէ եւրոպական 14 տարբեր երկիրներէ գործիչներու վկայութիւնները:

Նախկին արմատականներուն մէջ նաեւ կան շահողներ եւ տուժողներ: Ոմանց պարագային ատիկա պատնէշներու փոխանակման հարց էր. անոնք իրենց համոզումները զիջեցան` փոխարէնը լրատու միջոցներու, կամ քարոզչական մարզին մէջ յաջող ասպարէզի մը համար: Ֆրանսացի գործիչներէն մէկը Օսքար մրցանակի թեկնածու նշանակուեցաւ 1968-ի մասին պատրաստած շարժապատկերին համար:

Փրոֆ. Կիլտէա կ՛ըսէ, որ կան ուրիշներ, որոնց կեանքը բնաւ չապաքինեցաւ խանգարումէն, եւ որոնք մնացին անել, փակուղային աշխատանքներու մէջ:

Նաեւ կան ուրիշներ, որոնք վայրագութեան եզրին հասան եւ բռնուեցան իշխանութիւններու հետ ճակատումի շրջանակին մէջ, եւ որոնք կը թուի, թէ տարիներ մսխեցին բանտ մտնել ելլելով:

Բայց ինչո՞ւ 21-րդ դարու ուսանողները տակաւին պիտի ուզեն հրապուրուիլ, ներշնչուիլ 1960-ական թուականներու պատկերներէն:

Աարոն Փորթըր, որ Բրիտանիոյ Ուսանողներու ազգային միութիւնը գլխաւորեց կրթաթոշակի ցոյցերու ատեն, ըսաւ. «1968-ի ոգին 2010-ի վերջաւորութեան մեր տեսած ցոյցերուն հետ իսկական հնչեղութիւն ունէր»:

Ան նաեւ ըսաւ. «Ուսանողները իրենց 1968-ի նախորդներուն նման զգացին, որ իրենք աւելի ընդարձակ ընդդիմադիր խումբերու համար ճամբայ կը հարթեն: Եւ ան կ՛առաջարկէ բարոյական ընդվզումի ընդհանուր զգացողութիւն մը` աւելի լկտի եւ տարիքով մեծ քաղաքական սերունդին հետ ուսանողներու յանձնառու պայքարով:

«Ուսանողները հակուած են պահպանելու աւելի իտէալականացած, գաղափարապաշտ եւ լաւատես պատկերացում, տեսլական մը, թէ ընկերութիւն մը, հասարակութիւն մը ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ: Երբ այդ տեսլականը կը քանդուի, այնպէս կը զգաս, թէ դուն դաւաճանուած ես»:

Օքսֆորտ համալսարանին կողմէ հաւաքուած այս ձայնագրութիւնները կը պատրաստուին ապագայ պատմաբաններու տալու հրաշալի պատկերացում մը` յետպատերազմեան Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած աղմկալի պահու մը: Ատիկա պիտի նմանի Ֆրանսական յեղափոխութեան ականատեսները, վկաները լսելու պէս բանի մը:

Բայց ինչ որ այս հաւաքածոն չի կրնար ըսել, այն է, թէ արդեօք անոնք ճի՞շդ էին, թէ՞ սխալ:

«իբրեւ պատմաբաններ` մենք ներկայ ենք, որպէսզի իմաստաւորենք մարդոց ընտրած ուղիները, այլ ոչ թէ անոնց գործունէութիւնները դատենք», ըսաւ փրոֆ. Կիլտէա:

ՇՈՆ ՔՈՒԿԼԸՆ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES