ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ՎԵՐԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

ՍԱՆԱՀԻՆ ԹՈՐՈՍ

Երկու տարի տեւած 1918-ի անկախութիւնը,  71 տարուան սպասումէ ետք, վերականգնեցաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին: Մայիսեան անկախութեան ժառանգորդ Հայաստանը այսօր կը տօնէ իր անկախութեան վերականգման 20-ամեակը, մինչ իր բարգաւաճումը հայկական իրականութեան մէջ կը պարտադրէ ինքզինք իբրեւ առաջնահերթութիւն` վերջնականապէս դուրս գալու համար Խորհրդային Միութեան մութ անցեալէն եւ կերտելու հզօր պետականութեամբ հայրենիք մը:

Մէկ կողմէ Խորհրդային Միութեան վարած տնտեսական եւ ճարտարարուեստական քաղաքականութեան եւ, միւս կողմէ, քաղաքական ենթահողի չգոյութեան պատճառով տնտեսապէս տկարացած եւ քաղաքականապէս սնանկացած հայրենիքը 20 տարուան ընթացքին փորձեց վերագտնել ինքզինք: Իսկ այսօր կարելի չէ ժխտել այն իրականութիւնը, որ հայ ազգը ունի դարերով երազած իր անկախ պետութիւնը, որ աննախանձելի եւ շատերու ունեցած տեսլականներուն հետ բաղդատած, նոյնիսկ անմխիթար վիճակի մը մէջ գտնուելով հանդերձ, այսօր կազմաւորուած հանրապետութիւն է:

Անոնք, որոնք վերջին 20 տարուան ընթացքին այցելած են Հայաստան, վստահաբար անդրադարձած են այն մեծ բարեկարգումներուն, որոնք տեղի ունեցած են երկրին մէջ: Այո՛, կան խոցելի բացթողումներ, յոռի երեւոյթներ, կայ կաշառակերութիւն, կայ աղքատութիւն, կայ անարդարութիւն, բայց եւ այնպէս կայ ժողովուրդի հատուած մը, որ կը գիտակցի այդ բոլորին եւ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ունի կամքը` զարգանալու, յառաջդիմելու, բարեփոխելու եւ բարեփոխուելու:

Փաստօրէն ժողովուրդին հոգեբանութիւնն ալ վերանկախութեան տարիներէն ի վեր աստիճանաբար կը բարեփոխուի, մինչ ընդհանրապէս հայրենիքին եւ յատկապէս պետութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ սփիւռքահայուն մօտեցումն ու հոգեբանութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը մնան քարացած, անփոփոխ: Անիկա նոյնպէս ձեւափոխման կարիք ունի` քայլ պահելու համար Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն հետ:

Սփիւռքահայը նախ պէտք է ձերբազատի «կթան կով» ըլլալու իր բարդոյթէն: Բարդոյթ մը, որ վաստակած է տարիներ շարունակ հայրենիքի հանդէպ իր պարտականութիւնները նիւթական օգնութեամբ սահմանափակելով: Սփիւռքահայը պէտք է հասկնայ, որ նիւթական օգնութիւնը չէ միայն վերանկախ հայրենիքին դարմանը: Ան պէտք է ստանձնէ աւելի նպատակայարմար յանձնառութիւններ: Ամէն բանէ առաջ ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Քաղաքացիութիւնը ինքնին պարտականութիւն է: Միւս կողմէ` նիւթական նպաստներով միայն կարելի չէ պահպանել հայրենիքին սահմանները: Սփիւռքահայը պէտք է պարտական զգայ իր հարազատ հայրենիքի բանակին հանդէպ,  զինուորագրուի ու ծառայէ հայկական բանակին մէջ` պաշտպանելու համար արեամբ` եւ ոչ թէ նիւթականով պահուող հողը: Վերջապէս, սփիւռքահայը պէտք է վերադառնայ հայրենիք, հաստատուի հոն ու իր ընտանիքն ու զաւակները չզրկէ իրենց բնօրրանէն: Ահա անոր գերագոյն պարտականութիւնը:

Հետեւաբար սփիւռքահայը պէտք է ձերբազատի նաեւ «զբօսաշրջիկի» իր հոգեբանութենէն: 20-ամեայ վերանկախ Հայաստանը պէտք չէ ըլլայ սփիւռքահայուն սրտին մօտիկ զբօսավայր մը, ուր ան կ՛այցելէ տարին անգամ մը` յագեցնելու իր տարեկան կարօտը: Վերանկախ հայրենիքը «բաց թանգարան» կրնայ ըլլալ միայն օտարին` բայց երբեք` հայորդիին: Վերանկախ հայրենիքը պէտք է ըլլայ այն հարազատ հողը, ուր հայը պիտի ապրի ու բազմանայ, պիտի գործէ ու ստեղծագործէ, պիտի ծաղկեցնէ ու շէնցնէ:

Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակի նշումը պարզապէս առիթ մը չէ յիշելու, որ հայ ազգը այսօր ունի անկախ հայրենիք մը: Հասակ նետող երիտասարդ հանրապետութեան զուգընթաց, հայութեան յանձնառութիւնները պէտք է հաւասարապէս մեծնան ու ընդլայնին:

Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` դարմանելու վերանկախ հայրենիքին վէրքերը: Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` արժեւորելու ձեռք բերուած անկախութիւնը: Հայրենադարձութի՛ւնն է միակ միջոցը` բարգաւաճեցնելու ու զարգացնելու Հայաստանը:

Օտար ափերու վրայ ապրող հայը, որ կեանքի ամենադաժան պայմաններուն մէջ տակաւին յամառօրէն կը տանի հայապահպանման գոյապայքարը, այսօր պէտք է դառնայ հայրենիք ու գոյատեւելու նոյն հզօր կամքով յաղթահարէ հայրենադարձութեան դժուարին պայմանները:

Վերադառնա՛նք վերանկախ հայրենիք…

Share this Article
CATEGORIES