ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ` ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման  20- ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ երէկ հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի  գիտական նոր համալիրին: Անկախութեան 20- ամեայ նախաձեռնութիւններու շարքին ասիկա թերեւս ամէնէն առանցքայինն է: Հայոց հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի նոր գիտական համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, արտերկրէն ժամանած պատուաւոր այլ հիւրեր եւ պատուիրակութիւններ:

Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաւակատիքի արարողութիւն: Նորամուտի ծէսէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայոց հայրապետներուն, Մատենադարանի նոր համալիրի բարերարներուն, շէնքի գլխաւոր ճարտարապետին եւ շինարարութեան կազմակերպիչին ուղեկցութեամբ շրջագայեցաւ կառոյցին մէջ, ծանօթացաւ անոր կարելիութիւններուն, մասնակցեցաւ ձեռագրատան խորանին մէջ հնագոյն ձեռագիրի տեղադրման արարողութեան:

Մատենադարանի աշխատակիցները հպարտութեամբ ցոյց տուին այն հրաշալի պայմանները, որոնք ստեղծուեցան Մատենադարանին մէջ պահուող գանձերու պահպանման, ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ վերականգնման համար:

Նշենք, որ հիմնադրման 50 տարիներուն ընթացքին Մատենադարանին մէջ կը պահպանուին եւ  կ՛ուսումնասիրուին աւելի քան 14 հազար հայերէն ձեռագիր մատեաններ, ինչպէս նաեւ 3000-էն աւելի օտարալեզու ձեռագիրներ: Միայն ձեռագիրներու բաժինը վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հարստացաւ 1500 միաւորներով` հասնելով 18 հազարի: Տասնեակ հազար միաւորներով համալրուեցան նաեւ արխիւային ֆոնտերն ու հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն: Այս ամէնուն պահպանման համար գիտական նոր համալիրին մէջ ստեղծուած են լաւագոյն պայմանները:

Աւելի ուշ համալիրի բացման առիթով ունեցած իր ելոյթին ընթացքին  նախագահ Սերժ Սարգսեան Մատենադարանի նորակառոյց համալիրը գնահատեց իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւններուն վայել գործ:

«Երեւանը հարուստ է գեղեցիկ եւ խորհրդանշական շինութիւններով, սակայն իր էական եւ բովանդակային կշիռով Մատենադարանը անգերագնահատելի է եւ անմրցակից: Մենք այն սակաւաթիւ ազգերէն ենք, որոնք կրնան հպարտանալ 1600-ամեայ պատմութիւն ունեցող կատարեալ գիրով, որ յարատեւած է դարեր եւ այսօր ալ մեր գոյութեան հիմքերէն է: Մեր դպրութեան հազարաւոր ձեռագիր մատեանները այստեղ կը պահուին եւ կ՛ուսումնասիրուին: Մենք պէտք է պատրաստուինք թուային աշխարհին մէջ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու գործին: Իսկ վերանորոգուած Մատենադարանին մէջ ստեղծուած են անոր համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Անկախութեան 20-ամեակին եւ Մատենադարանի նոր համալիրի կառուցման առիթով նախագահը երէկ պարգեւատրեց  խումբ մը գործիչներ: Նախագահը Սերկէյ Համբարձումեանին յանձնեց «Պատուոյ շքանշան»: Նախագահին ուշադրութենէն չէր վրիպած նաեւ կառոյցի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը, որ արժանացաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:

Մատենադարանի գիտական նոր համալիրը երեք անգամով կը գերազանցէ Մատենադարանի գլխաւոր շէնքը: Հակառակ այս հանգամանքին, գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան շինութիւնը այնպէս նախագծած է, որ նոր կառոյցը դարձած է հինի օրկանական շարունակութիւնը: Ըստ ճարտարապետին, անով լուծուեցաւ ամէնէն հիմնական խնդիրներէն մէկը. նոր կառոյցը որեւէ ձեւով մրցակցութեան մէջ չէ հինին հետ:

Մատենադարանի գիտական նոր համալիրը այլեւս իրողութիւն է, սակայն անով չեն աւարտիր Մատենադարանին վերաբերող ծրագիրները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ յայտարարեց նաեւ, որ մինչեւ յաջորդ տարի, երբ Երեւանը ըլլայ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք, Մատենադարանի վերանորոգման ծրագիրը ամբողջապէս աւարտած տեսք պիտի ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES