ԱՌԱՋԱԴՐԵԼՈՎ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 20-Ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը տօնական աննախադէպ տարողութեամբ եւ շուքով կը նշուի այս օրերուն: Բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկները արժանավայել բնութագրում կու տան անկախութեան խորհուրդին, պետականութեան, հասարակութեան, մեր հայրենիքին ու հայութեան` ընդհանուր առումով:

20-ամեայ ուղիին արժեւորումը կատարելը դիւրին գործ չէ անշուշտ: Առարկայական գնահատական տալը 20-ամեայ իրադարձութիւններուն, իրագործումները լոյսին բերելը, յաղթահարուած եւ չյաղթահարուած դժուարութիւններուն անդրադառնալը, իրողական համապատկերը ներկայացնելը, միայն աւելի լաւը տեսնելու շարժառիթէն մղուած կառուցողական քննադատութիւն կատարելը օգտակար են քաղաքացիական առողջ հասարակարգի կերտումին եւ պետականաշինութեան աշխատանքներուն:

20-ամեայ յոբելեանը կը վերաբերի նաեւ ինքնորոշուած եւ անկախացած Արցախին, որ անքակտելի մասն է մեր հայրենիքին, ու տակաւի՛ն` այսօրուան մեր հանրապետութեան անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիքը:

Արցախեան ազատամարտը, կայացած բանակը, անոր ամէնէն մրցունակ համեմատութիւններով մարտունակութիւնը կարեւորագոյն յենարանն են հետագայ զարգացումներուն` ստեղծագործութեան, արուեստի եւ մշակոյթի զարգացման, տնտեսութեան բարգաւաճումին, արժանապատիւ կենցաղի ապահովման:

Ցամաքային ուղիներու առումով կիսաշրջափակուած մեր հանրապետութիւնը, դժուարին պայմաններու մէջ յաւակնոտ ծրագիրներով մրցունակութեան նշաձօղը բարձրացնելու ճիգին մէջ է: Այդ ճիգը նկատառելիօրէն նուաճումներ կ՛արձանագրէ յատկապէս արուեստի եւ մշակոյթի մարզին մէջ, պարագայաբար նաեւ համամարդկային արժէքներ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու մտադրութեամբ կատարուող նոր յայտնաբերումներու ճամբով:

Թերիներն ու բացթողումները սակայն առիթ չեն տար, որ մեծ ծրագիրներու իրականացումները առանց արգելքներու ընթանան: Պետական կառոյցներու վարչակառավարման ընդհանուր համակարգը մէկ կողմէ, միւս կողմէ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու մեր դիւանագիտական ներուժի թոյլ վիճակը երկկողմանիօրէն արգելք կը հանդիսանան զարգացման գործընթացներուն:

Ընտրակարգի վերաբերեալ ուշացող բարեփոխումները, մենաշնորհային եւ ստուերային շեշտադրումներով յատկանշուող տնտեսութիւնը, փոքր խաւի վրայ կեդրոնացած հարստութեան կուտակումը եւ ընկերային դասակարգերու միջեւ տակաւ խորացող անջրպետը կ՛արգելակեն տեղեկացուած, առողջ հասարակարգի կայացումի գործընթացը:

Միւս կողմէ, թշնամիներով շրջապատուած մեր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու կոչուած դիւանագիտական համակարգը անհրաժեշտութեան առջեւ է ինքզինք գերազանցելու, թէ՛ թուրքեւազրպէյճանական բոլոր նկրտումներուն հակազդելու, այդ ուղղութեամբ նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալու, միջազգային ատեաններուն մօտ հայութեան վերաբերող խնդիրները ճիշդ ձեւով եւ տեղին բարձրացնելու նպատակով: Տակաւի՛ն. մէկ կողմէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ճիշդ հունին վերադարձնելու եւ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ միակողմանի զիջումներու տեղի չտալու:

Հիմնական այս հրամայականներէն մեկնելով` կ՛առաջադրուի համակարգային փոփոխութեան ենթարկել պետութիւնը: Ելակէտը այդ բոլորին արդար, թափանցիկ, ազատ ընտրութիւններն են, որոնք յաւելեալ  ժողովրդավարացման կրնան առաջնորդել երկիրը:

Տօնական մթնոլորտին առընթեր 20-ամեակը այս բոլոր խնդիրները հրապարակայնօրէն արծարծելու առիթ է: Լոյսին բերելու թէ՛ իրագործուածը եւ թէ՛ չիրագործուածը: Միշտ ու միշտ առաջադրելով մեր երկրին ու պետութեան զարգացումը:

Share this Article
CATEGORIES