50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԸ

Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդը քննութեան առած եւ վաւերացուցած է Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին մէկ առաջարկը: «Սեւանայ լիճին մակարդակը գրեթէ բնականոն բարձրութեան վրայ պահելու համար Արփա գետին ջուրերուն մէկ մասը շեղել Սեւանայ լիճ»: Շնորհիւ այս որոշումին, որուն գործադրութիւնը պիտի սկսի 1963-ին ու պիտի աւարտի 4 -5 տարիէն, կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Հայաստան ելեկտրականութեան ապագայ պահանջները, ոռոգումի համար անհրաժեշտ ջուրը` միաժամանակ գրեթէ բնականոն բարձրութեան վրայ պահելով Սեւանայ լիճին մակարդակը:

Սեւանայ լիճը ամէն տարի Արփա գետէն պիտի ստանայ առնուազն երեք հարիւր միլիոն խորանարդ մեթր ջուր:

 

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑ ԿՐԿՆԱԿ
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

ՆՈՒԷՐՆԵՐ ՅՈԲԵԼԵԱՐԻՆ

Վիեննայի Մխիթարեանի կրկնակ յոբելեաններուն առիթով, յոբելեար Մեսրոպ արք. Հապոզեանին եղած են հետեւեալ նուէրները.-

1.- Ոսկի մետալ մը հոգեւոր տիրոջ` Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ծիրանաւորին եւ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ:
2.- Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ` լանջախաչ մը շղթայով:
3.- «Նկարիչներ եւ քանդակագործներ» հատորը` փեշտահայոց կողմէ:
4.- Արծաթէ ափսէ` Գէորգ Միքայէլեանի կողմէ:
5.- «Հայ մանրանկարչութիւն» գիրքը` Ամատունի եպս.ի կողմէ:
6.- Գոհարազարդ սկիհ մը` վիեննահայ գաղութին կողմէ:
7.- Սիրուն բաժակաման մը` Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ:
8.- Ծոցատետր մը` անծանօթի մը կողմէ:
9.- Տաշեան ցուցակի շարունակութիւնը (անաւարտ)` տոքթ. Համազասպ վրդ. Ոսկեանի կողմէ:

Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած է յոբելեաններուն փակումը: Ուլուհոճեան աբբահայր վանքի եկեղեցիին մէջ ձայնաւոր պատարագ մը մատուցած է: Եկեղեցիին մէջ ասեղ ձգելիք տեղ չէ մնացած: Սեպտեմբեր 10-ին ալ տեղի ունեցած է աւանդական Ս. հաղորդութեան թափօրը` Վիեննայի փողոցներուն մէջ, հանդիսութեամբ գերապայծառ Ամատունիի եւ մասնակցութեամբ աւելի քան յիսուն զգեստաւորեալ եկեղեցականներու:

 

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

ՆՈՐ ՏԵՍԱԿ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի մէջ վերջերս նոր ձեւի գողութիւն մը կատարուած է: Երիտասարդ գող մը վայելուչ կնոջ մը պէս ծպտուելով, տարիքոտ ոսկերիչի մը խանութ մտած եւ խնդրած է քանի մը զարդեղէն ցոյց տալ իրեն: Մէկ քանի վայրկեան ետք, յանկարծ գողը գրպանէն բանալիներու տրցակ մը հանելով` ոսկերիչին գլխուն զարկած է: Մարդը ուշքը կորսնցնելէ առաջ կրցած է օգնութեան ճիչեր արձակել, «Կին» գողը իր առջեւ գտնուած գոհարեղէնները գրպանած եւ փախած է: Սակայն, հազիւ քանի մը քայլ հեռացած, բարձր կրունկով քալելու անվարժ ըլլալով, ինկած եւ զինք հետապնդող մարդոց կողմէ ձերբակալուած ու ոստիկանութեան յանձնուած է:

 

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ

Վերջերս յուդայականութեամբ, ինչպէս նաեւ հրեաներու պատմութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ հնաբանութեամբ զբաղողներու միջազգային համագումար մը տեղի ունեցած է: Առիթէն օգտուելով` սպանեւիսրայէլեան միութեան նախագահը` Եագուպ Չուր, համագումարին մասնակցող սպանացի հինգ պատուիրակները հացկերոյթի հրաւիրած է: Նախագահը, սակայն, շփոթած մնացած է, որովհետեւ, հակառակ սպանեւիսրայէլեան միութեան նախագահը ըլլալուն` սպաներէն ոչ մէկ բառ գիտէր: Բարեբախտաբար, սակայն, ի յայտ եկած է, որ հինգ պատուիրակներէն չորսը եբրայերէն գիտէին: Միակ չգիտցողը` հինգերորդն էր, սպանացի հրեան:

Share this Article
CATEGORIES