Ս. ԽԱՉԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան, կիրակի, 11 սեպտեմբերի կէսօրին, Ս. Խաչի տօնին առիթով, Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդութիւն դարձած ճաշկերոյթ-պտոյտը:
Ներկայ էին եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց միութեան, դպրացի դասի վարչութիւնն ու անդամները, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիավար, դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ, Նորայր Դերձակեան: Ան բարձր գնահատեց թաղականութեան տարած աշխատանքը եւ զոհողութիւնը` դպրաց դասին նկատմամբ:
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, դպրացդասի վարչութեան ատենապետը, վարչութեան հետ համախորհուրդ ձեռնարկած էր յուշանուէրներ յանձնել թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան:
Առ այդ, ան հրաւիրեց թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեանը եւ տիկնանց միութեան ատենապետ Լուսին Պարամագանեան, եւ անոնց յանձնեց յուշանուէրները՝ առ ի երախտագիտութիւն անոնց անսակարկ զոհողութեան: Ներկաներուն մէջէն Սէրլի Մաթոյեան հանդիսացաւ օրուան բախտաւորը եւ ստացաւ յուշանուէր մը:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան, որ գնահատեց դպրաց դասի վարչութեան տարած աշխատանքները, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան` յուսալով, որ նոյն ձեւով կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
Ապա ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ բաւական ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ