ՏԵՍԱՅ ԱՆԻՆ…

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Տեսարան Անիէն

Գիւմրիի մէջ արդէն իսկ զգալի է առասպելական Անիին շունչը: Թերեւս Անիի մայր տաճարի կրկնօրինակ եկեղեցի՞ն է պատճա՞ռը, կամ` երկու քաղաքներու աշխարհագրական մօտիկութի՞ւնը:

Ճանապարհը կ՛անցնի պատմական Երազգաորս գիւղի, ապա ջրասոյզ եղած Ջրափի քովէն: Աջին Ախուրեանի հսկայ ջրամբարն է ապա` Հայաստանը երկու մասի բաժնող անծայրածիր փշալարերու շարքը:

Յատուկ թոյլտուութեամբ մեր առջեւ կը բացուին պետական սահմանին դռները: Մեր ինքնաշարժը կ՛ուղղուի դէպի Անի եւ կ՛անցնի «Չէզոք գօտի» կոչուած հատուածը:

Ս. Փրկիչ եկեղեցի

Արդեօք ինչպիսի՞ է Անին: Ծանօթ լուսանկարներու, երգերու եւ կտաւներու երազանք-քաղաքը, ուր ժամանակին կը հանդիպէին աշխարհի ամենատարբեր մշակոյթները:

Իրականի ու երեւակայականի շփոթի մէջ էինք, երբ մեր ինքնաշարժը յաղթահարեց վերջին զառիվերը: Մեր առջեւ փռուեցաւ Անին, իրականը, հայոց երբեմնի փառքի, կարօտի ու երգի, ցաւի ու հպարտութեան քաղաքը: Մենք առաւելագոյն չափով կը մօտենանք Ախուրեանի կիրճին: Մեր դիմաց մայր տաճարն է, Տրդատ ճարտարապետին կառուցած անձեռակերտ հրաշքը, վիթխարի ու գեղեցիկ, հայրենի տան նման տաք ու հարազատ… Տաճարի ետնամասին նորակառոյց բնակավայր է, ամբողջ գիւղ մը, աջ կողմը լուսանկարներէն ծանօթ ու հարազատ կիսաւեր Ս. Փրկչի  եկեղեցին է, ձորակին մէջ` Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, որուն փլած գմբէթը կարկտնուած է թրքավայել ոճով: Ձախ կողմը, հեռուն, Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին է, որուն շուրջը «Վերանորոգման» նպատակով շինարարական տախտակամած կառուցուած է:

Մայր Տաճարը

Հրուանդանի արեւելեան եւ արեւմտեան լանջերուն վիմափոր կամ ժայռափոր բնակարաններ են, որոնցմէ ձախ բաղնիքն է, որ կոչած են Մանուչէի մզկիթ: Բաղնիքին չորս ուղղահայեաց երկար պատուհանները թուրք սահմանապահներու համար կը ծառայեն որպէս յարմար դիտակէտ: Բաւական է մտովի վերականգնել քաղաքին փառքի օրերը, ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ եկեղեցիները, կիսաւեր պարիսպները, եւ դարերը կը նահանջեն, քաղաքը շունչ կ՛առնէ:

Հզօր քաղաքակրթութիւն, առեւտրական եւ արհեստաւորական համքարութիւններ ունեցող հայոց հռչակաւոր քաղաքին եռուզեռը կը վերադառնայ Անի: Քաղաքին մէջ մէկ եկեղեցիէն միւսը վազող զբօսաշրջիկներ են, հաւանաբար նաեւ` հայեր: Թուրք սահմանապահը մերթ ընդ մերթ կը յայտնուի դիտակէտին առջեւ եւ մեր կողմը կը նայի:

Տիգրան Հոնանց եկեղեցին (Լուսանկարները՝ Ռ. Առաքելեանի)

Անին հեռու կը թուի, սակայն մօտ է այնքան, որ կը լսուին քաղաքի տեսարանին անյարիր ձայներ: Մենք խառն զգացումներով կը հեռանանք Անիէն: Ծանօթ երգի բառերը հանգիստ չեն տար. «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ…»:

Ո՛չ, Անին տեսնելէն ետքը պէտք է ապրիլ` կրկին ու կրկին տեսնելու եւ օր մը զայն յաւիտեան վերագտնելու յոյսով:

 

 

 

 

Անի, 14 օգոստոս 2011

Share this Article
CATEGORIES