ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՎԵՐԱԾԱԽՈՒԻԼ
Ինչպէս ծանօթ է յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Մակեդոնիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հանրապետական մարզադաշտին կիշէները երէկ յայտարարեցին, որ այսուհետեւ տոմս չունին ծախելիք, որովհետեւ անոնք սպառած են:
Այժմ այդ մրցումին տոմսերը սկսան վերածախուիլ «սեւ շուկային» մէջ:
Բաղդատմամբ Ռուսիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, այս անգամ տոմսերը կը ծախուէին առանց սահմանափակումի, ինչ որ կարելիութիւն կու տար գնել անհրաժեշտ քանակութեամբ տոմսեր, ապա վերածախել զանոնք:
Նախապէս 3000, 5000 եւ 8000 դրամ արժող տոմսերը այժմ սկսած են ծախուիլ կրկնապատիկ արժէքով:
Կը կարծուի, որ մրցումին օրը կամ օր մը առաջ, տոմսերուն գինը պիտի հասնի եռապատիկի, քառապատիկի եւ կամ ալ` աւելիին:
CATEGORIES Մարզական

