ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՊԵՐԹ ԷՄՄԻԵԱՆԸ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց անուանի աթլեթ, Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանը:

Այս հանդիպումին, որուն ներկայ կը գտնուէին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Մարմնակրթութեան պետական կոմիտէի նախագահ Ռազմիկ Յովսէփեան, քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութեան մարզաշխարհին, ինչպէս նաեւ աթլեթիզմի հետ առնչուող հարցեր:

Նշուեցաւ, որ Արցախի համար անհրաժեշտ է ներուժ` այս մարզաձեւին զարգացման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES