ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ 2011-Ի ԺԻՒՏՈՅԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց 2011-ի ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Գարիկ եւ Գոռ Յարութիւնեանները, անոնց անձնական մարզիչ Նայիրի Մաթէոսեանը, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Պապայեանը եւ Հայաստանի ժիւտոյի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեանը:
Շնորհաւորելէ ետք մարզիկները` նախարար Օհանեան նշեց, որ այդքան կարեւոր եւ աննախադէպ յաղթանակը տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին նախօրեակին:
Գարիկ եւ Գոռ Յարութիւնեանները, ինչպէս նաեւ Նայիրի Մաթէոսեան, պարգեւատրուեցան «Վազգէն Սարգսեան» մետալով, իսկ Տիգրան Պապայեան` յատուկ շնորհակալագիրով:
Նախարար Օհանեան մաղթեց, որ յառաջիկային Քէյփ Թաունի մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան անոնք արձանագրեն նոյն յաջողութիւնը: