ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒ ԵՒ ՀԻՓ-ՀՈՓ` ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

«Լաւ՛զ լէյպըրզ լոսթ» կը ներկայացուի խուլերու թատերախումբի մը կողմէ:

ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ՎԵՐՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ: ԼՈՆՏՈՆԻ «ԿԼՈՊ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒԵՐՈՎ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ: 2012-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ 37 ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԵՐ` ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ (ՏԵՍՆԵԼ ՇՐՋԱՆԱԿԸ): «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ.

«Կլոպ» թատերասրահին գեղարուեստական ղեկավարը` Տոմինիք Տրոմկուլ, «Կլոպ թու կլոպ» ընդհանուր վերնագիրը կրող թատերախաղերու շարքը կը նկարագրէ իբրեւ միաժամանակ «տարօրինակ եւ հետաքրքրական»:

Ան կ՛ըսէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով Շէյքսփիրի ամբողջական մէկ թատրերգութիւնը պիտի ներկայացուի բրիտանական նշաններու լեզուով` ոչ միայն խուլ, այլ նաեւ լսող հանդիսատեսներու համար:

Իւրաքանչիւր թատրերգութիւն պիտի ներկայացուի տարբեր լեզուով:

«Կլոպ թու կլոպ» արտադրութիւնն է «Կլոպ» թատերասրահին եւ մաս կը կազմէ Շէյքսփիրի համաշխարհային փառատօնին: Անիկա պիտի ընդգրկէ 70 ներկայացումներ, որոնց պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր կողմերէն հազարաւոր դերակատարներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէս մը` բրիտանական թանգարանի մը մէջ:

Շէյքսփիրի համաշխարհային փառատօնը մաս կը կազմէ Լոնտոնի 2012-ի փառատօնին, զոր կազմակերպած է Մշակութային ողիմպիականը` իբրեւ մշակութային տօնախմբութիւն մը յառաջիկայ տարուան Ողիմպիական խաղերուն առիթով:

«Կլոպ թու կլոպ» ներկայացումներուն մասին խօսելով` Տրոմկուլ կը նշէ «միջազգային ընտանիքին հզօր խանդավառութիւնը` գալու այստեղ»:

Ան կ՛ըսէ, թէ Լոնտոնի Թեյմզ գետին ափին գտնուող «Կլոպ» թատերասրահը «թատրոնի եւ Շէյքսփիրի տաճար մըն է», եւ թէ` ինք զարմացած է ի տես «միջազգային մակարդակաւոր թատերախումբեր ներգրաւելու անոր կարողութեան»:

Լոնտոնէն «Տեֆինիթլի» թատերախումբը բրիտանական նշաններու լեզուին թարգմանած է Շէյքսփիրի «Լաւ՛զ լէյպըրզ լոսթ» թատրերգութիւնը, զոր պիտի կատարէ փառատօնին առիթով: Տրոմկուլ անոր կատարումը կը նկարագրէ իբրեւ «թատերական զգայացունց արկածախնդրութիւն մը` ոեւէ մէկուն համար»:

«Օթելլօ»ն պիտի բեմադրուի հիփ-հոփ ոճով` Շիքակոյէն «հաճելիօրէն յանդուգն» «Քիու. պրատըրզ» թատերախումբին կողմէ, ինչպէս զայն կը նկարագրէ Տրոմկուլ` աւելցնելով, թէ այս թատերախումբը կ՛ընձեռէ «թարմ եւ քաղաքային ոճի յատուկ մեկնաբանութիւն մը` Շէյքսփիրի թատրերգութեան», որ «պիտի հիւսուի, քանդուի եւ երգեցողութեամբ վերստին գրուի` իւրայատուկ կշռոյթներով»:

«Սիմպըլայն» թատրերգութիւնը պիտի կատարուի նորանկախ եւ տասնեակ տարիներու կռիւներէ ետք այս տարուան յուլիսին առանձին երկրի կարգավիճակ ստացած Հարաւային Սուտանի մէջ կազմուած թատերախումբի մը կողմէ:

Հարաւային Սուտանի մէջ այս նորակազմ թատերախումբը 20 էջնոց դիմումնագիր մը ուղարկած էր «Կլոպ«ի` խնդրելով մասնակցիլ «Կլոպ թու կլոպ» փառատօնին: «Այստեղ գալու անոնց ցանկութիւնը պարզապէս գերակշիռ ներգործութիւն մը ունէր», կ՛ըսէ Տրոմկուլ:

«Այս երկրին ժողովուրդին ապրած սարսափելի տառապանքներէն ետք, այժմ կը տեսնենք ապագայի յոյսի առաջին նշանները, որոնք կը ծլին: Անոնց այս ներկայացումը կը նշէ պատմական քայլ մը` երկրին ապագային համար», կ՛աւելցնէ ան:

Պալքանեան երկիրներէն` Սերպիայէն, Ալպանիայէն եւ Մակեդոնիայէն թատերախումբեր եւս կը մասնակցին փառատօնին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի կատարէ երեք թատրերգութիւններէ բաղկացած «Հենրի տը սիքսթ»ի շարքէն մէկը: Անոնց նիւթը կեդրոնացած է 15-րդ դարու Անգլիոյ մէջ մղուած Վարդերու պատերազմին թոհուբոհին վրայ: Պալքանեան այս «եռաբանութիւնը» նկարագրելով իբրեւ «ելեկտրականացնող թատերախաղեր»` Տրոմկուլ կ՛ըսէ, թէ անոնք առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ ամբողջութիւն պիտի ներկայացուին «Կլոպ» թատերասրահին մէջ:

Հարաւային Սուտանի նորակազմ մէկ թատերախումբը պիտի ներկայացնէ «Սիմպըլայն» ողբերգական թատրերգութիւնը` հիմնուած կելտացի թագաւորի մը առասպելական պատմութիւններուն վրայ:

«Ուէյլ Ռայտըր» վերնագիրով 2002-ին հրապարակուած ժապաւէնի մը աստղերէն Ռուիրի Փարաթեն բեմադրած է «Թրոյլուս էնտ Քրեսիտա» թատրերգութեան նորզելանտական մէկ տարբերակը, որ կ՛ընդգրկէ բնիկ մաորիներու մշակոյթին յատուկ հաքայի (մարտահրաւէր) եւ ուայաթայի (շարժում) ոճով երգեր:

Հակառակ բազմաթիւ լեզուներով թատերական այս ներկայացումներուն` յատուկ պաստառներու վրայ անգլերէն թարգմանութիւն պիտի չմատուցուի հանդիսատեսներուն:

«Կլոպ»ի գեղարուեստական ղեկավարը գրաւոր թարգմանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ «անընդհատ ուշադրութիւնը ցրուող» բաներ եւ կը նշէ, թէ անոնք պիտի գործածուին միայն տեսարանի մը մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ամփոփ մէկ պատկերը տալու նպատակով:

Ան նաեւ խօսած է «անծանօթ լեզուներով պատմութիւններ լսելու հրճուանքին» մասին, սակայն նաեւ աւելցուցած է, թէ «Կլոպ» պիտի շարունակէ «դեսպաններ» ուղարկել Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած հաւաքականութիւններու քով` քաջալերելու համար, որ անոնք Շէյքսփիր լսեն իրենց սեփական լեզուով:

Այս «դեսպանները» պիտի այցելեն Հարաւային Քորէայէն Քինկսթըն-ափան-Թեմզի մէջ հաստատուած հաւաքականութեան մը, Թաուր Համլեթցի մէջ հաստատուած պանկալի լեզուն խօսողներու համայնքի մը, ինչպէս նաեւ` Սթոքուելի, Պրենթի եւ Պէյզուոթըրի մէջ հաստատուած պրազիլցիներու: Տրոմկուլ կը յուսայ, որ «Կլոպ թու կլոպ» վերածուի «մեծ գրաւչութիւն ունեցող բանի մը»:

Ամբողջ իրադարձութիւնը պիտի արժէ շուրջ 1.8 միլիոն փաունտ: Այս գումարին 45 առ հարիւրը պիտի գոյանայ տոմսերու վաճառքէն: «Կլոպ» նիւթական նպաստ կը ստանայ նաեւ Լոնտոնի մէջ Ողիմպիական եւ անկարներու (փարալիմփիք) խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբէն:

«Կլոպ  թու կլոպ» փառատօնին Շէյքսփիրի թատրերգութիւնները պիտի ներկայացուին հետեւեալ լեզուներով. աֆրիքան, ալպաներէն, արժանթինեան սպաներէն, հայերէն, պանկլա, պիելոռուսերէն, պրազիլական փորթուգալերէն, բրիտանական նշաններու լեզու, քանթոներէն, քասթիլեան սպաներէն, տարիի պարսկերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, վրացերէն, գերմաներէն, յունարէն, կուժարաթի, եբրայերէն, հինտի, հիփ-հոփ, իսիզուլու, Իսիխօսա, իտալերէն, ճափոներէն, ճուպայի արաբերէն, քորէական լեզու, լիթուաներէն, մակեդոներէն, մանտարին, մաորի, մեքսիքական սպաներէն, պաղեստինեան արաբերէն, լեհերէն, ռուսերէն, սերպերէն, սեսոթօ, սեթսուանա, շոնա, սուահիլի, թրքերէն, ուրտու եւ եորուպա:

Այս լեզուները կը ներկայացնեն հետեւեալ երկիրներն ու տարածքները. Աֆղանիստան, Ալպանիա, Հայաստան, Արժանթին, Պանկլատէշ, Պիելոռուսիա, Պրազիլ, Չինաստան, Ֆրանսա, Վրաստան, Գերմանիա, Յունաստան, Հոնկ Քոնկ, Հնդկաստան, Իսրայէլ, Իտալիա, Ճափոն, Քենիա, Լիթուանիա, Մակեդոնիա, Մեքսիքա, Նոր Զելանտա, Նիկերիա, Փաքիստան, Պաղեստին, Լեհաստան, Ռուսիա, Սերպիա, Հարաւային Ափրիկէ, Հարաւային Քորէա, Հարաւային Սուտան, Սպանիա, Թուրքիա, Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Զիմպապուէյ:

«Կլոպ թու կլոպ» պիտի երկարի 6 շաբաթներու վրայ: Թատերական ներկայացումներուն բացումը պիտի կատարուի Շէյքսփիրի ծննդեան օրը` 23 ապրիլին: Տոմսերուն գիները կը սկսին 5 փաունտէն եւ կը հասնին 100 փաունտի:

 

«ԳԱԲՐԻԷԼ ՍՈՒՆԴՈՒԿԵԱՆ» ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ
«ԿԼՈՊ»Ի ՄԷՋ` «ՔԻՆԿ ՃՈՆ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂՈՎ

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ «ՈՒԱԹՑԱՆՍԹԷՅՃ» ԵՒ «ՏԻ ԷՆՏԻԿՐԱՄ» ԿԱՅՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ.

Անգլիա` ընդդէմ Ֆրանսայի, խաղաղութիւն` ընդդէմ պատերազմի, ուժ` ընդդէմ իրաւունքի, անձնական կիրք` ընդդէմ հանրային պարտաւորութեան… այս բոլորը կը գտնենք Ճոն թագաւորին մէջ: Ան քաղաքագէտի տաղանդով ծնած թագաւորն է, որ անհակակշռելի կիրքով կառչած է իր գահին, հերոս է, միաժամանակ` նենգ: Թատերախաղին մէջ կ՛իշխէ պատերազմի քաղաքականութիւնը, մինչ Անգլիոյ ապագան վտանգուած է: Ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ Ճոն թագաւորին համար, եւ անոր քաղաքական փայլուն խուսանաւումները արդիւնք կու տան, մինչեւ որ պապական դեսպանը կը դառնայ դերակատար: Պատերազմն ու տառապանքը ծայր կու տան, եւ Ճոն թագաւորը կը կորսնցնէ իր գահը:

«Քինկ Ճոն» թատերախաղին հայերէն ներկայացումները «Կլոպ» թատերասրահին մէջ տեղի կ՛ունենան 16 եւ 17 մայիսին:

Շէյքսփիրի ազդեցութիւնը միշտ ալ ուժեղ եղած է Կովկասի մէջ, մասնաւորաբար հզօր` Հայաստանի մէջ: Բանաստեղծներ, թատերագիրներ, դերասաններ եւ հանդիսատեսներ ապրած են Շէյքսփիրի գործերով եւ աշխատած են շէյքսփիրեան ծրագիրներու վրայ: Բռնատիրութեան ժամանակներուն Շէյքսփիր դարձած է ազատութեան յաւերժ խորհրդանիշ: Բազմաթիւ անուանի դերասաններ եւ բեմադրիչներ ծնունդ առած են Հայաստանէն եւ արձանագրած են միջազգային մեծ յաջողութիւն: Այժմ առաջին անգամ ըլլալով անոնց պետական թատերախումբը կ՛այցելէ Բրիտանիա:

Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեան» Ազգային ակադեմական թատերախումբը հիմնուած է 1922-ին` հայկական իրապաշտ թատրոնի հիմնադիրին անունով: Այս բարձրորակ թատերախումբը միշտ ալ խանդավառօրէն ներկայացուցած է շէյքսփիրեան թատրերգութիւններ: Անիկա «Օթելլօ»ի մէկ տարբերակը ներկայացուցած է շատ երկար ժամանակ առաջ, 1926-ին:

Անուանի դերասաններ եւ բեմադրիչներ, ինչպէս` Վահրամ Փափազեան եւ Հրաչեայ Ղափլանեան, այս թատերախումբին աստղերն էին: Անոնք կը ներկայացնէին միաժամանակ ազգային եւ օտար թատերախաղեր, ինչպէս` Սունդուկեանի «Կտակ»ը, Մուրացանի «Ռուզան»ը, Շանթի «Հին աստուածներ»ը, Քամիւի «Քալիկուլա»ն եւ Չեխովի «Կեռասենիի պարտէզ»ը:

Հայերէնը հնդեւրոպական լեզու մըն է, զոր կը խօսին հայերը: Անիկա պետական լեզուն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին: Զայն լայնօրէն կը գործածեն նաեւ հայկական սփիւռքի հաւաքականութիւնները: Անիկա ունի իր սեփական գիրերը եւ կը հետաքրքրէ լեզուագէտները` նոյնինքն հնդեւրոպական լեզուներու մէջ իր իւրայատուկ հնչիւնաբանական զարգացումներով:

Դէպի Բրիտանիա հայկական պարբերական գաղթեր տեղի ունեցած են 18-րդ դարէն ի վեր: Հայերուն մեծամասնութիւնը հաստատուած Է Լոնտոնի եւ Մանչեսթըրի նման գլխաւոր քաղաքներու մէջ: 2001-ի բրիտանական մարդահամարին համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ ապրող, սակայն Հայաստան ծնած 589 հոգի արձանագրուած են, թէեւ ազգային պատկանելիութեամբ շուրջ 18 հազար հայեր, ներառեալ` Բրիտանիա ծնած հայեր, կ՛ապրին երկրին մէջ:

(Համադրաբար)

 

ԱՆՃԱՐԱԿ ԳՈՂԵՐ ԵՒ ԱՒԵԼԻ
ԱՆՃԱՐԱԿ ՎԱՃԱՌՈՂՆԵՐ

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՂԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔ Է, ԻՍԿ ԳՈՂԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԳԻՏԵՐ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ ԻՐ ՁԵՌՔԸ ԻՆԿԱԾ ԳՈՂՕՆԸ: «ՏԸ ՀԻՍԹԸՐԻ ՊԼՈԿ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՛ԱՊԱՑՈՒՑԷ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ, ԻՍԿ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԳՈՐԾԵՐ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ ԱՆՄԻՏ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԻ, ՔԱՆ` ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ:

«Քրիստոսի խարազանումը»` վիճելի գողօն մը:

Ծածկուած դէմքով 3 տղամարդիկ 10 տարի առաջ գաղտագողի մուտք գործեցին Պելճիքայի մէջ Կենթի Գեղեցիկ արուեստներու թանգարանը եւ դանակով իրենց շրջանակներէն դուրս բերին պատին վրայ կախուած երկու գեղանկարներ, որոնք կը պատկանին ֆլեման մեծ վարպետ Փիթըր Փոլ Ռուպընզի: Հապճեպով իրենց փախուստին ընթացքին գողերը իրենց ետին ձգեցին «Տը ֆլաճըլէյշըն աֆ Քրայսթ» (Քրիստոսի խարազանումը) գործը, սակայն իրենց հետ տարին «Տը քալիտոնիըն պոր հանթ» (քալետոնեան վարազի որսորդութիւն) գեղանկարը:

Անոնց ընտրութիւնը սխալ էր, եթէ ապիկար ձեւով պիտի վարուէին: Որովհետեւ յայտնապէս «Տը ֆլաճըլէյշըն աֆ Քրայսթ» իւղանկարը 1614-ին իրագործուած գեղանկարի մը նախապատրաստական մէկ տարբերակն էր, որ մաս կը կազմէր թանգարանին մէջ ցուցադրուող յատկանշական շարք մը գործերու, որոնք կը պատկանին 17-րդ դարու ֆլեման արուեստի  լուսաւոր 11 դէմքերու, ինչպէս` Ռուպընզ եւ վան Տիք: Ամբողջացած եւ վերջնական գեղանկարը այժմ կը ցուցադրուի Անվերի Ս. Պօղոս եկեղեցիին մէջ: Սակայն նոյնիսկ անոր ճեպանկարը հետաքրքրական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ Ռուպընզի ստեղծագործական գործընթացը, եւ որովհետեւ ի՛նք` Ռուպընզ մեծ կարեւորութիւն կու տար իր ճեպանկարներուն` զանոնք պահելով մինչեւ իր մահը: Իրօք, անիկա շատ աւելի արժէքաւոր է, քան` «Տը քալետոնիըն պոր հանթ»ը, եւ կը պարունակէ նիւթ մը, որուն յաճախ վերադարձած է գեղանկարիչը:

Այսուհանդերձ, գողերը յաջողած էին իրենց հետ տանիլ գէթ Ռուպընզ մը, նոյնիսկ եթէ անիկա իրենց պիտի ապահովէր միայն քանի մը հարիւր հազար տոլար, եւ ոչ` քանի մը միլիոն: «Տը ֆլաճըլէյշըն աֆ Քրայսթ» գեղանկարը ունէր իր արժէքը եւ գողերուն կը խոստանար լաւ վարձատրութիւն մը: Անշուշտ պէտք էր անոնք նախ կարենային ծախել զայն` դրամ շահելու համար: Այժմ, 10 տարի ետք Աթէնքի ոստիկանութիւնը տեղեկութիւն ստացած է, թէ 2 հոգի կը փորձեն վաճառել Ռուպընզ մը, որ 10 տարի առաջ գողցուած է Պելճիքայի մէկ թանգարանէն: Սեպտեմբեր 1-ին ոստիկանութիւնը լարեց ծուղակ մը, որուն մէջ ինկան 40 տարեկան յոյն կին մը, որ կը հիւրընկալէ պատկերասփիւռի յայտագիր մը եւ 65 տարեկան տղամարդ մը, որ ժամանակին սեփականատէրն էր հնութիւններու վաճառատան մը: Անոնք փորձած էին գեղանկարը 8.4 միլիոն տոլարի վաճառել իբրեւ գնորդ ծպտուած ոստիկաններու:

Գեղանկարին պատկանելիութիւնը նշող պիտակը:

Գեղանկարը վաճառողները ձերբակալուած են, սակայն մեծ աղմուկով կը յայտարարեն իրենց անմեղութիւնը: Կինը կ՛ըսէ, թէ զայն ստացած է 2003-ին` իտալացի իր սիրահարէն, որ յայտնած է, թէ անիկա պարզապէս ընդօրինակութիւն մըն էր: Ան կը շեշտէ, թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ իր հնավաճառ մեղսակիցը որեւէ գաղափար ունէին, թէ գեղանկարը իրական Ռուպընզ մըն էր կամ գողցուած էր: Սակայն փոքր հարց մը կայ այստեղ: Այս անճարակները գեղանկարին ետեւը ձգած են թանգարանին պիտակը, որուն վրայ գրուած է. «Ճեպանկար` Ռուպընզի. սեփականութիւն` Կենթի Գեղեցիկ արուեստներու թանգարանին»: Յունաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Լամպրաքի-Փլաքա լաւագոյնս կը նկարագրէ այս ապիկար վաճառողները. «Անոնք սիրողական գողեր են, բացի եթէ որոշ նպատակով մը պահած են գեղանկարին պատկանելիութեան մանրամասնութիւնները պաստառին ետին», կ՛ըսէ ան:

Բայց վայրկեա՛ն մը: Կայ նաեւ աւելի՛ն. այժմ ի յայտ կու գայ, թէ գեղանկարը հաւանաբար երբեք ալ չի պատկանիր Ռուպընզի: Պաստառին անհետացումէն ի վեր թանգարանին մասնագէտները վերատեսութեան ենթարկած են անոր պատկանելիութիւնը եւ աւելի հաւանական կը նկատեն, թէ անիկա ընդօրինակութիւն մըն է, գործը` Ռուպընզի մէկ աշակերտին, որ զայն կատարած է իր վարպետին ձեւագծումին հիմամբ: Ասիկա կը սկսի նմանիլ Կի տը Մոփասանի մէկ պատմութեան…

Գեղանկարը վաճառել փորձած տղամարդն ու կինը ձերբակալուած են եւ ամբաստանուած` դրամ լուալու յանցանքով: Ցարդ իրաւական իշխանութիւնները չեն կարծեր, թէ անոնք դեր ունեցած են գեղանկարին գողութեան մէջ, հետեւաբար անոնք ազատ արձակուած են որոշ երաշխաւորագին մը վճարելէ ետք, սակայն իրաւունք չունին երկրէն դուրս ճամբորդելու: Իսկ Պելճիքա ցարդ չէ յղած գեղանկարը ստանալու դիմումնագիր մը, սակայն Յունաստանի մէջ Պելճիքայի դեսպանը յայտարարած է, թէ Կենթի թանգարանին պատասխանատուները մեծ ուրախութեամբ պիտի ողջունէին վերադարձը իրենց ռուպընզեան գեղանկարին, եւ թէ` այս աշխատանքը պիտի հետապնդուի դիւանագիտական բնական խողովակներով:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES