ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2011-ին, Ս. Խանամիրեան ազգ. քոլեճը իր աշակերտները դիմաւորեց խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտով:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանը առաջին հերթին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն եւ ի մասնաւորի բոլոր նորեկներուն` յուսալով, որ յառաջիկայ տարեշրջանը կ՛ըլլայ բեղուն եւ յաջողութիւններով լի: Ապա ան կարդաց թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի վերամուտի առիթով խօսքը` ուղղուած բոլոր ազգային վարժարաններուն: Այնուհետեւ աշակերտները իրենց դաստիարակ-ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, մտան իրենց տաքուկ դասարանները, ծանօթացան իրենց նորեկ դասընկերներուն եւ լրջութեամբ հետեւեցան իրենց դասապահերուն: Երեք դասապահէ ետք, աշակերտները բակ իջան եւ մասնակից դարձան զանազան դաստիարակչական եւ մարզական խաղերու, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ  հիւրասիրութիւն:

Երջանկութեան նշոյլը գծագրուած էր իւրաքանչիւր աշակերտի դէմքին վրայ: Անոնք ուրախ էին, որ դպրոցը կրկին անգամ իր դռները բացած էր, ուստի անոնք պիտի ըմբոշխնէին դպրոցին կողմէ հրամցուած վայելքները` գիտութիւնը, խաղը եւ երջանիկ ու առողջ միջավայրը:

Share this Article
CATEGORIES