«ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԻԹՈՎ». ՅԱՐԱՏԵՒՕՐԷՆ ՓՆՏՌԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է,
բայց յիմարները իմաստութիւնն ու
կրթութիւնը կ՛անարգեն»:

Առակաց 1:1 – 7

 

Ինծի անհրաժեշտ ու կեանքին վերաբերող շատ բաներ, նաեւ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիմ, սորված եմ իմ մանկապարտէզիս մէջ: Իմաստութիւնը առաջնահերթութիւն չէր իմ ուսմանս ընթացքին, բայց անիկա գոյութիւն ունէր մանկապարտէզիս խաղավայրին աւազով խաղալու քառակուսի շրջանակին մէջ: Հոն էր, որ ես սորվեցայ կեանքի կարեւորագոյն օրէնքները, ինչպէս` բաժնեկցիլ ամէն բան, խաղալ` յարգելով օրէնքները, բնաւ չզարնել մարդոց, իրերը վերադարձնել իրենց տեղերը, մաքրել իմ իսկ յառաջացուցած խառնիճաղանչս, բնաւ չառնել այն ապրանքները, որոնք ինծի չեն պատկանիր: Սորվեցայ նաեւ ներողութիւն խնդրել այն անձէն, զոր վշտացուցած եմ, լուալ ձեռքերս` նախքան ճաշելս եւ ապրիլ հաւասարակշռուած կեանք մը, սերտել քիչ մը, մտածել քիչ մը, գծել եւ ներկել, երգել ու պարել, խաղալ եւ աշխատիլ ամէն օր, իսկ կէսօրին պէտք է քիչ մը նիրհել: Երբ փողոց ելլես, ուշադիր պէտք է ըլլաս երթեւեկին, ձեռք-ձեռքի բանիլ եւ միասնակամ ըլլալ կեանքի ընկերներուդ հետ, զգաստ ըլլալ հրաշքներու: Միշտ պէտք է յիշել պզտիկ հունտերը, զորս գաւաթի մը մէջ ցանեցիր: Յիշել նաեւ արմատները, որոնք հողին մէջ կը մխրճուին եւ գիտնալ, թէ բոցը կը բարձրանայ դէպի վեր, եւ թէ մէկը չի գիտեր, որ ինչպէ՛ս կամ ինչո՛ւ այդպէս է: Բայց յիշէ, որ մարդն ալ նոյնն է:

Կարմրագոյն ձկնիկները, ընտանի անասունները, նոյնիսկ հունտերը, զորս ցանեցիր գաւաթին մէջ, բոլորն ալ կը մեռնին, ինչպէս` մենք բոլորս: Եւ ետքը յիշէ բոլոր բարի պարիկներուն հեքիաթները եւ քեզի տրուած թելադրանքները այն մասին, որ պէտք է լաւ նայիս կեանքին եւ լաւ պէտք է փնտռես, որ գտնես, թէ հոս` աշխարհի մէջ է փնտռածդ, այսինքն` ոսկեղէն օրէնքը, սէրը եւ մարդկայնօրէն ապրիլը:

Մտածէ, թէ որքան աւելի լաւ տեղ մը պիտի ըլլար այս աշխարհը, եթէ ամէն մարդ իր բաժին ճաշը ունենար եւ կարենար կէսօրուան կարճ քուն մը քաշել, երբ բոլոր ազգերը յարգէին զիրար եւ ուղղէին իրենց յառաջացուցած իրարանցումները: Տակաւին ինչ որ ալ ըլլայ տարիքդ, փոքր կամ տարեց, երբ այս աշխարհի մէջ քալես, կրնաս բռնել մէկու մը ձեռքէն:

Սողոմոն թագաւորին իմաստութեան խօսքերը մեզի տրուած խրատներ են այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք այս կեանքի զանազան պարագաներուն:

Թագաւորին հիմնական թելադրանքն է, որ Աստուծոյ հանդէպ վախ, ակնածանք ու վստահութիւն ունենանք:

Սողոմոն Իմաստուն մեզ մնայուն կերպով կը հրաւիրէ, որ փնտռենք Աստուծոյ իմաստութիւնը մեր կեանքին ընթացքին մեր տուած բոլոր որոշումներուն մէջ:

Այս տեսակ իմաստութիւնը եւ գիտութիւնը կը շրջանցեն ակադեմական մեր բոլոր գիտելիքները եւ կը հասցնեն մեզ բարոյական բարձր պատասխանատուութեան:

Աստուծոյ իմաստութիւնը մեզի կ՛օժանդակէ որոշում տալու ընթացքին եւ ինքզինք կը պարտադրէ, երբ կը կրթենք մեր կարգապահութիւնը:

Բոլորս մեր զաւակները կը մղենք դէպի կեանքի զանազան ուղիները, որպէսզի անոնք դառնան բժիշկներ, վաճառականներ եւ երաժիշտներ: Բայց արդեօք կը մղե՞նք մեր զաւակները` լաւ մարդիկ ըլլալու:

Պէտք ունինք երկրի մը, ուր ծնողներ իրենց զաւակները կը մղեն, որ լաւ մարդիկ դառնան:

Մարդկութիւնը եւ մեր ազգը անհրաժեշտօրէն պէտք ունին լաւ կրթուած ու կարգապահ անձերու:

Պէտք է յստակութեամբ եւ Աստուծոյ իմաստութեամբ դիմագրաւենք ներկայ փտած «մտածողութիւնը»: Պէտք է կարենանք տալ յստակ որոշումներ եւ գիտնալ, ո՞րն է լաւ եւ ո՞րն է վատը:

Չենք կրնար շուարած տատանիլ եւ ժամանակ վատնել ներկայ անաստուած աշխարհին մէջ: Պէտք է երթանք Աստուածաշունչին եւ հոն շարունակաբար փնտռենք եւ հասկնանք Աստուծոյ իմաստութիւնը:

Կենսական է, որ յարատեւօրէն փնտռենք, հասկնանք, ընդունինք եւ առաջնորդուինք Աստուծոյ իմաստութեամբ:

Թարգմանեց` ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES