2011-2012 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ` ՈՒՐԱԽ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 7:30-ին սկսաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի վերամուտին նուիրուած փոքր ձեռնարկը` վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած աշակերտներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տեսչական կազմի անդամներու, ծնողական յանձնախումբի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեան:

Վարժարանի շրջափակը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով, ինչպէս նաեւ վերամուտը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը խորհրդանշող մեծ պաստառով մը: Կը հնչէր ուրախ եւ խանդավառող հայկական երաժշտութիւն:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներուն խմբային կատարումով, ինչպէս նաեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի օրհնանք-աղօթքով:

Այնուհետեւ աշակերտութեան անունով խօսք առաւ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ Լորի Եթերեան, որ ըսաւ. «Վերամուտը իրեն հետ կը բերէ աշխատանք, ճիգ, դպրոցական երկար ժամեր եւ վերջ կը դնէ ամրան երկար ու ազատ արձակուրդին: Մեր վարժարանը դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտին առջեւ` շարունակելով իր առաքելութիւնը հայեցի դաստիարակութեան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ընելիքը. ուսուցիչները իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ իրենց կարելին կ՛ընեն լաւագոյնը փոխանցելու ու տալու համար մեզի, մենք` աշակերտներս, եկած ենք քաղելու բոլոր գիտելիքները, որոնք անհրաժեշտ են` յաջողելու համար կեանքին մէջ»:

Լորի Եթերեանի խօսքին յաջորդեց նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու «Բարի վերամուտ. Ծանօթանանք» խորագիրով իւրայատուկ խօսքը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր դասարանէն զոյգ աշակերտներ պատմեցին իրենց ձեռք ձգած փորձառութեանց մասին, վարժարանին մէջ գործող օրէնքներու մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացումի կարգով խօսեցան կարգ մը պաշտօնեաներու եւ անոնց դերին մասին: Նշելով, որ յաջողութեան միակ գրաւականը վարժարանին մէջ աշխատասիրութիւնը, հնազանդութիւնը եւ յարգանքն են:

Ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ. ան ողջունեց բոլորը` յիշելով, որ վարժարանի աշակերտութեան զգալի աճ արձանագրուած է այս տարի, ինչ որ ինքնին կը խօսի այն մասին, որ Մեսրոպեան վարժարանը կը վայելէ մեծ վստահութիւն: Այդ վստահութեան համար ան բոլոր ներկայ եւ բացակայ ծնողներուն վարժարանի տնօրէնութեան անունով յայտնեց խորին երախտագիտութիւն: Ան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ յատկապէս յիշեց առաջին դասարանցիները, որոնց «այսօր իրենց դասարանները առաջնորդելու եկած են մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհիները, յատկապէս անոր համար, որ մեր փոքրիկները հասկնան, որ նախակրթարանը անմիջական շարունակութիւնն է մանկապարտէզին եւ անոնք երկուքն ալ նոյն հաստատութեան տարբեր բաժանմունքներն են միայն»: Կ. Գալուստ նաեւ անդրադարձաւ վերամուտի պաստառին` յիշեցնելով բոլորին, որ սեպտեմբեր ամիսը միայն վերամուտի ամիս չէ, այլ նաեւ հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը լրացաւ այս ամիս: Ուստի, ան շնորհաւորեց բոլորը այս տօնին առիթով:

Այնուհետեւ վարժարանին հրաւէրով, վերամուտի մթնոլորտը ջերմացնելու եւ խանդավառութիւն ստեղծելու նպատակով ելոյթ ունեցաւ գաղութի ճանչցուած եւ սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեան, որուն կատարումը զուգակցուեցաւ վարժարանի աշակերտութեան եւ կարգ մը ուսուցիչներու ուրախ շուրջպարով:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները` սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը: Օրուան աւարտին, առաջին դասարանցիները իբրեւ վերամուտի նուէր տուն վերադարձան փուչիկներով

Share this Article
CATEGORIES