50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ
ԼԻԲԱՆԵՒՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԴՐՈՒԻՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԱՀԱՊ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՂՐԿԱԾ Է
ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԱՍԸՐԻ
Լիբանանեան թերթերը կը շարունակեն խօսիլ Սուրիոյ վերջին դէպքերուն մասին:
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ
«Զաման» եւ «Պինա» հակամիութենական թերթերը կը յայտնեն, թէ 1958-էն ի վեր միութեան հաշուեկշիռը եղաւ աղէտ մը:
Առաջինը կը յիշեցնէ, թէ երկու երկիրներուն միաձուլումը քաջալերած էր Գահիրէի ղեկավարները` տարածելու իրենց ծաւալումը արաբական այլ հողամասերու վրայ: Գահիրէի հանդէպ անվստահութեան մթնոլորտ մը ծնած էր Յորդանանի, Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուտանի մէջ: Յոյս ունինք, որ այսուհետեւ արդարութեան եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին Լիբանանի բոլոր պետութեանց միջեւ:
Ղովմիներու պաշտօնաթերթ «Պինա» կ՛ընդգծէ միութեան ձախողութեան ծանրութիւնը` յայտնելով, թէ այս արդիւնքը օրինակ պիտի ծառայէ այս ձեւի որեւէ այլ փորձի:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ
Սեպտեմբեր 28-ի շարժումին կողմնակից թերթերը կը մաղթեն, որ նոր վարչակարգը ամրապնդէ իր հիմը` որդեգրելով ժողովրդավարական եւ ազատական քաղաքականութիւն մը:
«Նոյնինքն Սուրիոյ բարիքին համար պէտք է, որ ազատութիւնը վերահաստատուի ամէնուրեք», կը գրէ Ազգային պլոքի պաշտօնաթերթ «Ժումհուրիա»:
«Հատաֆ» շաբաթաթերթը նոյն կարծիքը կը յայտնէ՝ ըսելով, թէ արաբական ազգայնականութեան եւ միութեան սկզբունքը գերագոյն շահը կը պահանջէ Սուրիոյ մէջ ստեղծել ազատութեան եւ կայունութեան մթնոլորտ մը:
«Ախպար» համայնավար թերթը իր կարգին կը պահանջէ, որ` «վերահաստատուի օրինականութիւնը եւ ստեղծուին ժողովրդավարական ազատութիւններ», աւելցնելով, թէ` «դրացի երկրին կայունութեան հիմնական պայմանն է այս»:
Թերթը կը հրատարակէ նաեւ Սուրիական Համայնավար կուսակցութեան կոչը, որ կ՛ըսէ.
«Սուրիացի ժողովուրդին յաղթանակը պահպանելու միակ միջոցն է ստեղծելու հակակայսերապաշտական ժողովրդավարական ազգային վարչակարգ մը»:
Այսուհանդերձ, նասըրական կարգ մը թերթեր կը շարունակեն իրենց պայքարը Քուզպարիի կառավարութեան դէմ: Անոնց կարգին յիշենք «Շաապ»ը, որ խստիւ կը քննադատէ սեպտեմբեր 28-ի վարչակարգը ու կը փառաբանէ Ապտել Նասըրը:
Թերթը կը յայտնէ, թէ հակառակ Դամասկոսի մէջ ըսուածին` զինուորականները շարունակ կը միջամտեն պետական գործերուն:
«Քիֆահ» հեգնանքով կը յայտնէ, թէ այն ազատութիւնները, որոնց համար պետական հարուածի հեղինակները կը յաւակնին ապստամբած ըլլալ, տակաւին չվերահաստատուեցան: Մամլոյ ազատութիւն չկայ, կուսակցութիւնները արգիլուած են ու բանտարկեալները ազատ չեն արձակուած:
«Նիտալ» մասնաւորաբար կը մեղադրէ Սուրիոյ նոր տէրերը, թէ անմարդկային վերաբերում ցոյց տուած են հանդէպ եգիպտացիներու, որոնք ստիպուած էին հեռանալ Սուրիայէն: Անոնց հայրենադարձի պայմանները կը դատապարտեն նոր վարչակարգը:
ԼԻԲԱՆԵՒՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Փաղանգաւորներու պաշտօնաթերթ «Ամալ» եւ անկախ «Ռաուատ» կը յայտնեն, թէ Սուրիա եւ Լիբանան այսուհետեւ պէտք է տնտեսական բացարձակապէս անկեղծ յարաբերութիւններ հաստատեն իրարու միջեւ: Այդ յարաբերութիւնները այլեւս պէտք չէ արատաւորուին սուրիացիներու կողմէ, ինչպէս պարագան էր ցարդ Սուրիոյ բոլոր վարչակարգերուն ներքեւ:
«Սուրիական քաղաքական մարդիկը հիմա կը յայտարարեն, թէ կը ցաւին երկու երկիրներուն խզման համար: Շատ փափաքելի է, որ հիմա գործի անցնին ու վերցնեն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման առջեւ իրենց կուտակած սեղմումները»:
Փաղանգաւորներու պաշտօնաթերթը կը յայտնէ նաեւ, թէ անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ դեսպաններ փոխանակել:
«Ժարիտա» կը պահանջէ, որ շուտով եւ առանց երկմտութեան ճանչցուի սուրիական նոր վարչակարգը:
ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԵՀԱՊԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՊՏԵԼ ՆԱՍԸՐԻ
«Շաապ» կը յայտարարէ, թէ նախագահ Շեհապ պաշտօն յանձնած է Գահիրէի լիբանանեան դեսպանին` անձնական պատգամ մը փոխանցելու նախագահ Ապտել Նասըրի` արտայայտելով զօրավար Շեհապի գնահատութեան եւ սիրոյ զգացումները նախագահ Նասըրին` Դամասկոսի վերջին դէպքերուն առթիւ:
Լիբանանեան դեսպանը ունկնդրութիւն պիտի խնդրէ նախագահ Ապտել Նասըրէն` անոր փոխանցելու համար այն պատգամը, որ կը յայտնաբերէ Լիբանանի պաշտօնական դիրքը` արաբական մեծ խնդիրներու նկատմամբ:

