ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր յարկին տակ հիւրընկալեց հայրենի մտաւորական Գարեգին Չուքասըզեանը: Վարժարանի տնօրէնի առանձնասենեակին մէջ կարճատեւ հանդիպում-զրոյցէ ետք, Գ. Չուքասըզեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հանդիպեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ:

Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան նախ համառօտ ներկայացուց օրուան հիւրը` յատկապէս յիշելով, որ սեբաստացիներու մեծանուն տոհմէն սերող Գ. Չուքասըզեանին հօրենական մեծ հայրը եղած է Անդրանիկի բանակի կամաւորներէն: Իսկ հայրենասէր Չուքասըզեաններու հայրենադարձուելէն ետք, հայրը` Բաբգէն Չուքասըզեան, երկար տարիներ վարած է Երեւանի Մատենադարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը, եղբայրը` Լեւոն Չուքասըզեան, մեծ լեզուաբան է: Իսկ անդրադառնալով Գարեգին Չուքասըզեանի անուան, Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ան «1997 թուականին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան տեղեկատուութեան եւ հրատարակութիւններու նախարարը: Հիմնադիրը եղած է 90-ական թուականներուն հայրենի հեռատեսիլային կայաններու արբանեակային հեռարձակման դրութեան: Նոյն թուականներու սկիզբը հիմնած է «Ելեկտրոնային բովանդակութիւն» անուն ընկերակցութիւնը` վարելով անոր տնօրէնի պաշտօնը»:

Կ. Թաշճեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ Գարեգին Չուքասըզեան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մեծ մասնագէտ է, քաղաքական վերլուծաբան, «Սարդարապատ» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ: Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատուն այնուհետեւ խօսքը փոխանցեց օրուան հիւրին` Գարեգին Չուքասըզեանին, որ հետաքրքրական ձեւով նախ եւ առաջ խօսեցաւ ընդհանրապէս արհեստագիտութիւն հասկացողութեան մասին` սկսելով մարդկութեան զարգացման ճանապարհին արհեստագիտութեան ամենապարզագոյն ձեւերէն (գիրքէն), հասնելով մինչեւ համակարգչային գիտութեան ու անոր ընծայած լայն հնարաւորութիւնները: Այնուհետեւ Գ. Չուքասըզեան բաւական մանրամասն խօսեցաւ «Ելեկտրոնային բովանդակութիւն» ընկերակցութեան ծրագիրներուն` լոյս տեսած չորս խտասալիկներու մասին, որոնցմէ երկուքը արժանացած են համաշխարհային բարձր գնահատականներու եւ մրցանակներու, իսկ անոնցմէ Մեծ եղեռնին նուիրուած աշխատանքը արժանացած է ՄԱԿ-ի կողմէն սահմանուած առաջին մրցանակին: Աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան Կոմիտաս վարդապետին, այնուհետեւ Մեծ եղեռնի 90-ամեակին նուիրուած խտասալիկներու ներկայացումին, որ մեծապէս յուզեց եւ հետաքրքրեց ներկաները:

Ներկայացման աւարտին վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ամբողջ դպրոցին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարգոյ հիւրին, որ արժանացուցած էր այս գեղեցիկ առիթին` ծանօթանալու նմանօրինակ մեծածաւալ ու տքնաջան աշխատանքներու պտուղները հանդիսացող վերոյիշեալ խտասալիկներուն, որոնք առիթ ընծայած էին ներկաներուն` զգալու, վայելելու եւ հպարտանալու ազգի մեծերով ու արժէքներով:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Պուրճ Համուտ,
12 հոկտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES