ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԻՐ ՆԱԽԿԻՆ ՏԵՍՈՒՉ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2011,  Շահէ եպս. Փանոսեան (կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու) այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքը, եւ տեսչութիւնը կէսօրուան ճաշի ընթացքին պատուեց իր նախկին տեսուչ սրբազանը, որ դպրեվանեցիներուն հետ եղաւ, երբ անոնք իրենց տունը կարգի դնելու աշխատանքին լծուած էին:

Յանուն դպրեվանեցիներուն` երախտագիտութեան խօսք արտասանեց  Միքայէլ սրկ. Սարգիսեան եւ յանուն տեսչութեան յուշանուէր մը փոխանցեց Շնորհք աբղ. Աշըգեանի:

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան գնահատանքի խօսք մը ուղղեց եւ վեր առաւ Շահէ սրբազանին եւ անոր գլխաւորած տեսչութեան հնգամեայ գործունէութիւնը: Սրբազանը ընդգծեց, թէ` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան համար, ըստ վեհափառ հայրապետի տնօրինութեան, որեւէ պաշտօն մի միայն ծառայութեան հրաւէր է: Շահէ սրբազան ա՛յդ ամբողջանուէր գիտակցութեամբ երկար տարիներ ծառայեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, ապա վերադարձաւ Ս. Աթոռ ու այսօր արդէն կը գտնուի թեմական-վարչական նոր պատասխանատուութեան մը գլուխը»: Տեսուչ սրբազանը միաժամանակ սաներուն ներկայացուց հիւրաբար դպրեվանք այցելած արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Շահէ սրբազան եւ ըսաւ. «Ո՛ւր որ ալ ըլլամ, դպրեվանքը կը մնայ իմ հարազատ տունս, եւ այդ մղումով ահա այսօր այցելեցի ձեզի ու այս գեղեցիկ անակնկալին համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ եւ նոր տեսչութեան յարաճուն յաջողութիւն կը մաղթեմ: Այնքա՜ն տպաւորուած եմ, որ վերամուտի այս օրերուն ձեզ բոլորդ ուրախ եւ պատրաստակամ կը գտնեմ նոր տարեշրջան մը սկսելու սեմին: Վստահ եմ, որ դպրեվանքը նոր իրագործումներով պիտի հասնի մեր ժողովուրդին ծով կարիքներուն»:

Share this Article
CATEGORIES