ԱՐՈՒՍ ԳՈՒԼԱՆԵԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿ ԲՈՒՐԱՍՏԱՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր երգչուհի, ժողովրդական եւ գուսանական երգերու անզուգական կատարող, «Նազանի» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գեղագիտական կեդրոնի երգարուեստի մանկավարժ Արուս Գուլանեանը ստեղծագործելով հայրենիքի մէջ` կ՛ապրի իր աստեղային ժամը:
Տարածուած է այն թիւր կարծիքը, թէ ընտանիքը եւ արուեստը միատեղել հնարաւոր չէ, սակայն Արուս Գուլանեանը այն երջանիկ անհատներէն է, որ թէ՛ սիրուած կին է, մայր ու տատիկ, թէ՛ ալ բազմահազար հանդիսականներու կողմէ սիրուած երգչուհի: «Ա՜խ, իմ փոքրիկ բուրաստան», «Շորորա», «Ամպեց, կորաւ լուսնկան», «Սիրեցի եարս տարան», «Դուն իմ մուսան ես», «Քեզանից մաս չունիմ», «Կիլիկիա» եւ հարիւրաւոր այլ երգեր` երգչուհիի կատարմամբ ստացած են նոր ու ինքնատիպ հնչեղութիւն: Արուս Գուլանեանի երգացանկին մէջ տեղ գտած են գուսան Աշոտի, Հաւասիի, Շերամի, Ջիւանիի, Շահէնի եւ այլոց հնչած ու չլսուած գործերը:
Շուրջ երեսունհինգ տարուան բեմական գործունէութեան ընթացքին երգչուհին հայ երգը ներկայացուցած է միջազգային փառատօներու եւ մրցոյթներու` նուաճելով բազում մրցանակներ, լուրջ ու ծանրակշիռ տիտղոսներ:
Առաջատար երգչուհին շուրջ տասնհինգ տարի հանդիսանալով Հայաստանի Հանրապետութեան ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մենակատար` նուաճած է բազում ունկնդիր-ակնդիրներու սիրտերն ու հոգիները: «Իւրաքանչիւր համերգ երկխօսութիւն է իմ եւ հանդիսատեսի միջեւ: Որպէսզի այդ երկխօսութիւնը կատարեալ ըլլայ, կը նախընտրեմ այն համերգները, որոնք սրահի մէջ են եւ սրահն ալ բեմին չափ լուսաւորուած է: Ա՛լ ի՞նչ երկխօսութիւն, երբ չես տեսներ հանդիսատեսին աչքերը», կ՛ըսէ երգչուհին:
Արցախեան պատերազմի օրերուն Արուս Գուլանեանը միշտ ճակատի վրայ էր: Ան իր երգերով ուժ ու կորով կը հաղորդէր հայ զինուորին:
Իր կոչման հաւատարիմ երգչուհին անմնացորդ նուիրեալն է հայ երգին։ Ան սիրոյ ու երջանկութեան, կարօտի ու սպասման, բերկրանքի ու պահանջատիրութեան երգիչ է: Արուսի ձայնին մէջ հայոց զուլալ աղբիւրի կարկաչը կայ, հայ հոգիին ազնուագոյն մեղեդին:
«Ինծի բաժին ինկան դժուարին ժամանակներ,- կ՛ըսէ երգչուհին: – Արցախեան պատերազմ, երկրաշարժ, շրջափակում, բազմանդամ ընտանիքի հոգեր, մութ ու խաւար տարիներ, սակայն ես չյուսահատեցայ, այլ նախընտրեցի մոմ մը վառել` հաւատալով անոր լոյսին»:
Դժուարին ժամանակներ ու քաոսին մէջ մինչ կը պայքարէին սեւն ու ճերմակը, կեղծն ու իրականը, երգչուհին կրցաւ ամուր մնալ իր արուեստի բիւրեղեայ պատուանդանին: Խօսելով անցեալի ու ներկայի մասին` Արուսը կ՛ըսէ. «Որոշ մարդիկ փորձեցին լռեցնել ժողովրդական երգը` զայն համարելով ժամանակավրէպ: Հայ երգարուեստի բեմը լեցուեցաւ «ժամանակակից աստղերով», մինչդեռ արուեստագէտը ոչ թէ աստղ, այլ ծառան է իր ժողովուրդին: Ժամանակը կամաց-կամաց կը մաքրէ այն, ինչ որ խորթ է մեր էութեան ու անընդունելի: Ես ուրախ եմ, որ 1997-էն մինչեւ օրս, այլ նուիրեալներու կողքին, ես ալ երգարուեստ կը դասաւանդեմ Հայ աշուղական երգի դպրոցին մէջ: Ամէն տարի հարիւրաւոր պարման-պարմանուհիներ անցնելով այդ դպրոցէն` ձեռք կը բերեն հայեցի մշակութային կերտուածք: Անոնցմէ շատերը այսօր ճանչցուած ու սիրուած երգիչներ են»:
Երգչուհին համերգներով շրջագայած է արտասահմանեան շարք մը երկիրներ, սակայն չէ մոռցած հայրենիքի հեռաւոր շրջանները. «Անոնք հեռու են մայրաքաղաքի մշակութային եռուզեռէն: Թէեւ բոլորին բնակարաններուն մէջ հեռատեսիլ կայ, սակայն մեր անմիջական հանդիպումները աշխատաւոր մարդու հոգիին մէջ այլ հետք կը ձգեն», կ՛ըսէ երգչուհին:
Արուս Գուլանեանն այսօր ալ իր առջեւ ունի բազմաթիւ լուսաւոր ծրագիրներ` կապուած համերգային շրջագայութիւններու հետ: Այդ ծրագիրներուն մէջ Լիբանանը առանձնայատուկ տեղ ունի սփիւռքահայ մշակոյթին քաջածանօթ երգչուհիին համար:
Մեր զրոյցի աւարտին, երգչուհին լիբանանահայութեան մաղթեց խաղաղ երկինք եւ անսահման սէր հայ երգի ու այն բոլորին նկատմամբ, ինչ որ հայեցի է ու անկեղծ, ապա նշանաւոր երգին բառերով համեմելով իր խօսքը` աւելցուց. «Միայն այդ կերպ կարելի է պահպանել մեր փոքրիկ բուրաստանը»:
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

