ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ԱՅՆ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ՈՒՐ ԹԱԼԵՊԱՆՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ Կ՛ԻՇԽԵՆ
Թալեպան շարժումը իշխանութենէն հեռացնող Աֆղանիստան ներխուժումը տասը տարի առաջ, հոկտեմբերի սկիզբը սկսաւ, բայց Թալեպան շարժումը ամբողջովին չէր պարտուած:
Պի. Պի. Սի.-ի լրագրող Փոլ Վուտը Քապուլի մէջ կը նայի ապստամբութեան կացութեան եւ կը հարցնէ. «Կրնա՞ն վերադառնալ»:
Դատարկ անապատի տափաստաններէն քամին կը ներխուժէ` մտրակելով կուզ, աչքերը կապուած, շղթայուած անձ մը, որ գետինն է ծնրադիր: Ան մահապատիժի պիտի ենթարկուի թալեպաններուն կողմէ:
Թալեպան շարժումը զինեալները, իրենց կռնակներուն ամրացուցած, «Ար. Փի. Ճի.»ներ հաւաքած են սպասող ամբոխ մը: Դիտողներէն շատեր իրենց բջիջայիններով կը լուսանկարեն (այդ ձեւով է, որ մենք նկարները ունեցանք):
Մէկ կողմ կեցած են պուրքա հագած 3 երիտասարդ կիներ, որոնք պիտի սպաննեն զայն:
Մարդը կիներուն հօրեղբայրն է: Ան սպաննած է անոնց ծնողներն ու երկու եղբայրները` ընտանեկան պատիւի համար վէճի մը պատճառով: Կիներուն մայրը կը դաւաճանէր իրենց հօր, ըսին գիւղացիները: Անոնց հայրը` դատապարտուած մարդուն եղբայրը, ոչինչ ուզեց ընել: Հօրեղբայրը, ամօթահար եւ կատղած, կրակեց ամբողջ ընտանիքը փոխադրող ինքնաշարժի մը վրայ:
Մարդը պէտք է հատուցէ չորս անձերու սպանութեան համար: Արիւն` արեան փոխարէն: Թալեպանի կռուողները կ՛օգնեն կիներուն` շալկելու ծանր քալաշնիքովը: Անոնք միայն քանի մը մատնաչափ հեռու են մահանալիք մարդէն:
«Բլթակը քաշեցէք, դիւրին է», կ՛ըսէ զինեալ մը:
Մէկ առ մէկ կիները կը կրակեն անոր վրայ:
Մեծ ամբոխ մը ներկայացաւ մահապատիժին համար: Մարդիկ իրար հրմշտկեցին դանիական ու կառավարական կազմակերպութեան մը կառուցած ընկերային կեդրոնին տանիքին վրայ տեղ ապահովելու համար: Ոմանք անկասկած հոն էին Թալեպան շարժումէն վախնալով: Ուրիշներ, երբ մահապատիժը կը գործադրուէր, ոգեւորուած կը պոռային «Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է»:
«Մարդիկ երջանիկ են, որ այս անձը այսպէս կը սպաննուի», ըսաւ ներկաներէն մէկը: Ան աւելցուց. «Այս շրջանին մէջ Թալեպանի հակակշիռին տակ կը գտնուին 20-30 գիւղեր: Անոնք գողեր կը բռնեն: Ժողովուրդը կը սիրէ անոնց ըրածը: Կառավարութիւնը ոճրագործներ չի պատժեր, բայց թալեպանները կը պատժեն»:
Աֆղանիստան ներխուժումէն 10 տարի անցած է, բայց ՕԹԱՆ տակաւին պարտութեան չէ մատնած թալեպանները: Այնպէս որ, այս հեռաւոր վայրերը տակաւին կը գտնուին Թալեպան շարժումի իշխանութեան տակ (Հերաթէն շուրջ 60 մղոն հեռու, երկրի արեւմտեան շրջանին մէջ):
Հարաւի մէջ, ուր ՕԹԱՆ վերազինուած է եւ ամրացուցած` իր դիրքերը, ետ կը մղէ Թալեպան շարժումը: Բայց այլ վայրերու, օրինակ, արեւելքի մէջ, մարտնչողները գետին շահած են»:
Երեք երիտասարդ կիներու ձեռամբ պարտադրաբար գործադրուած մահապատիժը ցնցիչ է, նոյնիսկ գարշելի: Մարդկային իրաւանց պաշտպան բազմաթիւ խումբեր կը դատապարտեն ատիկա:
Արդարադատութեան այս բիրտ ձեւին համար Թալեպան շարժումը համակիրներ ունի, մանաւանդ` պահպանողական աւաններու եւ գիւղերու մէջ:
Թէեւ բազմաթիւ աֆղաններ, հաւանաբար` մեծամասնութիւնը, չեն ուզեր տեսնել թալեպաններուն վերադարձը:
Անոնք կը մտահոգուին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար գինը, եթէ ապստամբները կրկին որոշ ազդեցութիւն մը ունենային ժողովուրդին կեանքին վրայ:
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Քապուլի մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր` ընդդէմ ապստամբներու հետ որեւէ տեսակի համաձայնութեան:
Ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ պատերազմի դաշտին վրայ պատահելիքէն: Հոն, ուր ՕԹԱՆ ամրացուցած է իր դիրքերը, հարաւի մէջ, ետ կը մղէ Թալեպան շարժումը: Բայց այլ վայրերու, օրինակ` արեւելքի մէջ, զինեալները գետին շահած են:
Մենք ամբողջ երկրին մէջ խօսեցանք Թալեպան շարժումի անդամներուն հետ` հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ կը կռուին:
Շատեր ըսին, որ իրենք Թալեպան շարժումին միացած են, երբ ՕԹԱՆ-ի ռմբակոծումներուն պատճառով ազգական մը, հարազատ մը զոհուած է: Ոմանք յոգնած են հակամարտութենէն, բայց ըսին, թէ տեղի պիտի չտան, մինչեւ որ ՕԹԱՆ Աֆղանիստանէն հեռանայ: Շատեր ըսին, թէ իրենք այժմ բացէ ի բաց կրնան փոխադրուիլ այն վայրերը, ուր ժամանակին պահուըտած էին ՕԹԱՆէն կամ աֆղան ուժերէն: Անոնք ինքնավստահ կը թուին յաղթանակով:
Կ՛արժէ մէջբերել Սարի Փուլի նահանգէն մոլլահ Մուշք Ալամի խօսքէն հատուած մը, որովհետեւ անիկա պարզապէս շատ յատկանշական է:
«Ես Թալեպան շարժումին միացայ շուրջ 7 կամ ութ ամիս առաջ,- ըսաւ ան:- Ես անհաւատներուն դէմ ժիհատ` սրբազան պատերազմ կը մղեմ, որովհետեւ անոնք մեր երկիրը ներխուժեցին: Ես Թալեպան շարժումին միացայ, որովհետեւ անհաւատներ մեր տուները շուներով կը խուզարկեն, որովհետեւ անոնք մեր կիներն ու երեխաները անվայել, անպատշաճ ձեւով կը խուզարկեն: Ես Թալեպանին միացայ այս փտած կառավարութեան պատճառով»:

Թալեպան շարժումի բազմաթիւ մարտիկներ կ՛ըսեն, թէ իրենք զայրացած են ՕԹԱՆ-ի ուժերու` իրենց երկրին մէջ գործած արարքներէն
«Եղբայրներէս երկուքը եւ քեռիս սպաննուեցան ՕԹԱՆ-ի ռմբակոծումին պատճառով: Երբ անոնք դիակները բերին իմ տունս, այդ օրը ես որոշեցի ՕԹԱՆ-ի դէմ պայքար սկսիլ: Ես միակը չեմ, ինծի նման շատեր կան: Օրէ օր թալեպաններուն միացող մարդիկը կը բազմանան: Եթէ գիւղի մը մէջ ժամանակին կային Թալեպանի 10 մարտիկներ, այժմ կան 100 մարտիկներ: Թալեպան շարժումը մեզի չի վճարեր: Կռուելու գումարը մեր սեփական գրպանէն կը ծախսենք: Մենք կը յաղթենք, որովհետեւ իսլամը միշտ յաղթական պիտի ըլլայ»:
Այս հարցազրոյցներուն մեծ մասը կատարուեցաւ տեղացի լուսանկարիչներու կողմէ, որովհետեւ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ օտարները առեւանգուին, եթէ ճամբորդեն, ուղեւորուին, թալեպաններու հսկողութեան տակ գտնուող վայրեր: Բայց ես մեկնեցայ` տեսնելու Թալեպան շարժումի անդամ մարտիկ մը, Քապուլի արուարձաններէն մէկուն մէջ մեր ընտրած տան մը մէջ:
Ես կ՛ուզէի տեսակցիլ անոր հետ, որովհետեւ անոր եղբայրը Աֆղանիստանի բանակին մէջ ծառայող սպայ է:
Ատիկա տարօրինակ կը թուի, թէեւ յաւելեալ ուսումնասիրութիւնները պարզեցին, որ այսպիսի երկփեղկուած ընտանիքներ արտասովոր չեն, ինչպէս դուք կրնաք կարծել:
Գորգով ծածկուած յատակին վրայ ծալապատիկ նստած` Ռամուլլահ ինծի ըսաւ, որ ինք 20 տարեկան է եւ թալեպաններուն հետ եղած է 16 տարեկանէն ի վեր: Ես իրեն հարցուցի, թէ անհրաժեշտութեան պարագային ինք արդեօք պատրա՞ստ է իր եղբայրը` բանակի սպան սպաննելու: Հանդարտ պատասխանը սարսռեցնող էր.
«Ով ալ միանայ անհաւատներուն, մենք պիտի կռուինք անոնց դէմ: Նոյնիսկ եթէ ան իմ եղբայրս է, նոյնիսկ եթէ հայրս է: Մեր կրօնը ատիկա կը պահանջէ»:
Ասիկա ողբերգական է եւ ապացոյց` անողոք արշաւին, որ շղթայազերծելու համար կ՛ամբաստանուի Թալեպան շարժումը:
Իսկ արդեօ՞ք ինք կը զօրակցի անձնասպանական գործողութիւններու համար երեխաներու օգտագործման հարցումին պատասխանելով` ան ըսաւ.
«Մենք մարդոց չենք պարտադրեր անձնասպանական գործողութիւն կատարել: Իրենք կ՛ուզեն զոհաբերուիլ իրենց կրօնին համար», ըսաւ Ռամուլլահ:
Իր աւագ եղբայրը` Ապտուլ Ռաշիտ, բնաւ գաղափարական չէ: Ան ինծի ըսաւ, որ բանակին մէջն է պարզապէս աշխատավարձ ստանալու համար: Ան ոչ մէկ կողմի կը զօրակցի, բայց երբ ճնշումի ենթարկուեցաւ, ըսաւ, թէ կը կարծէ, թէ ՕԹԱՆ-ի ուժերը «անհաւատներ» են, եւ ինք կը վախնայ ապստամբներէն:
«Թալեպան շարժումը իր հակակշիռին տակ առած է իմ գիւղս: Գաւառին տարբեր վայրերու մէջ ճամբաներուն վրայ գիշերները անցարգելներ ունին: Առանց իմ թալեպան եղբօրս` ես կրնամ առեւանգուիլ», ըսաւ ան:
Իբրեւ սպայ` ան 80 մարդոց փոխհրամանատարն է: Եթէ իրմէ պահանջուի, կ՛օգնէ՞ թալեպաններուն, տրուած ըլլալով, որ տարազաւոր սպայ մը արժէքաւոր կ՛ըլլայ ապստամբներուն:
«Եթէ Թալեպան շարժումը ճնշում բանեցնէ իմ վրաս, ես ստիպուած կ՛ըլլամ ատիկա ընելու անոնց համար», պատասխանեց Ապտուլ Ռաշիտ ողորմելի կերպով:
Ասիկա միայն մէկ ընտանիք մըն է, մէկ գաւառի` Ուարտաքի մէջ: Բայց բանակի վառանոտ սպային եւ անոր նուիրեալ թալեպան եղբօր միջեւ տարբերութիւնը, հակադրութիւնը ՕԹԱՆ-ի համար նպաստաւոր չէ: Աֆղանիստանէն դուրս գալու ՕԹԱՆ-ի ռազմավարութիւնը հիմնուած է երկրի ապահովութեան պատասխանատուութիւնը տեղական ուժերուն յանձնելու հեռանկարին վրայ, եւ ՕԹԱՆ կը յուսայ, որ անոնք պիտի կռուին թալեպաններուն դէմ:
ՕԹԱՆ կը հաւատայ, որ ընդհանրապէս, իրադարձութիւնները իրեն ի նպաստ կ՛ընթանան: Ըստ ՕԹԱՆ-ի տուեալներուն, վայրագութիւնները ամբողջ երկրին մէջ տարուան մը ընթացքին 7 առ հարիւրով նուազած են, ամէնէն դժուար գաւառներէն` Հելմանտի մէջ իջնելով 27 առ հարիւրի:
Բայց վիճակագրութեանց ետին կը կանգնին աղմկայարոյց յարձակումներ, ինչպէս` վերջերս Քապուլի մէջ, գործուած արարքները, որոնք ռազմավարական հսկայ նշանակութիւն, ազդեցութիւն կ՛ունենան: Թալեպան շարժումը յաղթանակ չի տանիր, սակայն ոչ ալ կը պարտուի:
Նախկին նախագահ Պուրհանուտտին Ռապպանիի սպանութենէն ետք, Աֆղանիստանի կառավարութիւնը առկախեց թալեպաններուն հետ բանակցելու ջանքերը:
Բայց քիչեր կը կասկածին, թէ ի վերջոյ կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ խօսելու անոնց հետ, որոնք կը կանգնին Քապուլի յարձակումներուն եւ աւանդներու եւ գիւղերու մէջ գործադրուող մահապատիժներու ետին: