ԼԻՒՍԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆԻ ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԾԱՂԿԱՔԱՂԸ
Վերջերս լոյս տեսած Լիւսի Սիւլահեանի «Ծաղկաքաղ» անուն հատորը, որ իբրեւ ենթախորագիր ունի «Սուրիացի արաբ գրողներ» բացատրագիրը, սուրիական արաբական գրականութեան վրայ բացուած լայն պատուհան մը հանդիսանալով հանդերձ, միաժամանակ է վաւերագրական հրատարակութիւն մը, որ մամուլէն քաղուած յօդուածներու, ուղերձներու եւ լուսանկարներու միջոցով կը ձգտի լոյսին բերել Լիւսի Սիւլահեան գրական-մշակութային գործիչին հարուստ գործունէութիւնը: Այս տեսանկիւնէն մօտեցած` 120 էջեր հաշուող երկրորդ բաժինը հատորին («Տօնակատարութիւններ հայ գրականութեան եւ հայ երաժշտութեան») պատկերազարդ պատմութիւնն է հայ եւ սուրիական այն գրական կապերուն, որոնք ձեւաւորուիլ սկսան 1971-ին, երբ Լիւսի Սիւլահեանի հիմնած «Պարոյր Սեւակ» գրական սալոնը իր դուռները լայն բացաւ հալէպահայ ու տեղացի գրողներու առջեւ` իբրեւ փոխադարձ ծանօթացման եւ սերտ կապերու հաստատման եռուն ժամադրավայր:
Սուրիահայ մշակութային-գրական կեանքի վաղուան պատմագիրը, անկասկած, յատուկ կարեւորութեամբ կանգ պիտի առնէ «Պարոյր Սեւակ» սալոնի գործունէութեան վրայ, որ իր սալոնային նեղ շրջանակէն դուրս գալով` ստացաւ հանրային ծաւալ ու տարողութիւն: Այս ծիրէն ներս պատմագիրը նաեւ պիտի արձանագրէ ուսանելի ընդհանուր գումարը Հալէպի Մշակութային Պետական Կեդրոնին մէջ իրականացած գրական միջոցառումներուն` հայ մշակոյթի տօնացոյցին վրայ յատուկ նշանակութիւն ունեցող Թարգմանչաց տօնին առիթով: Արաբ Գրողներու Միութեան Հալէպի մասնաճիւղին գործօն մասնակցութեամբ յաջողութեամբ պսակուած օգտաշատ նախաձեռնութիւններ են ասոնք, որոնք հայ եւ արաբական գրական կապերը զետեղեցին իրենց առողջ հունին մէջ եւ թարգմանչական գողտրիկ հրատարակութիւններով հայ նորագոյն գրականութեան կարգ մը վաւերական դէմքերու գործերէն քաղուած ընտիր նմուշներ հրամցուցին արաբ սուրիացի մտաւորականութեան եւ գրասէր հասարակութեան:
Անշուշտ, ենթակայական նախասիրութիւններու հիմամբ կազմուած ցանկը աչքի առջեւ ունենալով` նոյն խանդավառութեամբ չենք կրնար դիմաւորել բոլոր ընտրութիւնները: Օրին անդրադարձած ենք պարագայական եւ սխալ հաշիւներով կատարուած մէկ-երկու ընտրութիւններուն, որոնք հայ գրականութեան հաշուոյն դրական մթնոլորտ ստեղծելէ աւելի պարզապէս կրնային դուռը լայն բանալ թիւր եւ անբարենպաստ ենթադրութիւններու: Այնուամենայնիւ, արդար ըլլալու համար պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ Լիւսի Սիւլահեանի քաջալերանքով եւ գործօն մասնակցութեամբ արաբերէնով լոյս տեսած Դանիէլ Վարուժանի, Գրիգոր Զօհրապի, Յովհաննէս Շիրազի, Սերօ Խանզադեանի, Վարդգէս Պետրոսեանի, Պերճ Զէյթունցեանի եւ այլ արժանաւոր ներկայացուցիչներու արաբատառ հատորները պատիւ կը բերեն ե՛ւ հայ գրականութեան, ե՛ւ հայ գրականութեան այս նուիրեալ քարոզիչին:
Վերադառնալով հատորի առիւծի բաժինը գրաւած «Ծաղկաքաղ»ին` յայտնենք, որ հոս նաեւ իրարու կողքին հրամցուած են արժանաւոր եւ անարժան ներկայացուցիչներ: Սուրիական գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերուն` Նիզար Գապպանիի, Քոլէթ Խուրիի, Ապտուլ Սալամ ալ-Ուճէյլիի, Ուալիտ Ըխլասիի, Զաքարիա Թամերի, Սաատալլա Ուաննուսի, Հաննա Մինէի նման համարաբական հռչակ նուաճած տաղանդաւոր գրագէտներու կողքին, փաստօրէն, տեղ գրաւած են երկրորդական եւ երրորդական անուններ: Օրինակ, «Ծաղկաքաղ»ը շատ բան պիտի շահէր, եթէ շարքային եւ անշուք միջակութիւններու փոխարէն իր էջերուն հիւրընկալէր Ատոնիսի, Մուհամմետ Մաղութի, Նեպիլ Սուլէյմանի, Սելիմ Պարաքաթի, Ֆայսալ Խուրթոշի, Իպրահիմ Խալիլիի նման տաղանդաւոր եւ հանրահռչակ գրողներու տոկուն գործերը ըստ արժանւոյն ներկայացնող արձակ եւ բանաստեղծական ընտրեալ ստեղծագործութիւններ:
Մէկ բան յստակ է սակայն: Ծաղկաքաղին մէջ տեղ գրաւած անուն եւ անանուն բոլոր գրողներուն Լ. Սիւլահեան մօտեցած է նոյն գուրգուրանքով, խմբագրական համապատասխան բծախնդրութեամբ եւ մշակութային ամրանիստ ոսկի կամուրջներ հաստատելու միեւնոյն նախանձախնդրութեամբ: Այս իսկ նպատակով, ան ի մի խմբած է մամուլի էջերուն կորսուելու դատապարտուած աւելի քան տասը սուրիահայ թարգմանիչներու հայացումները եւ զանոնք հարստացուցած իբրեւ ներածական հրամցուած կենսագրական տուեալներով, ինքնակենսագրական էջերով եւ գրական թռուցիկ ակնարկներով:
Զարմանալին, աւելի ճիշդ` անբացատրելին ա՛յն է սակայն, որ հատորին մէջ տեղ չեն գտած նոյնինքն Լ. Սիւլահեանի թարգմանութիւնները, որոնք, իրենց կարգին կրնան առանձին ծաղկաքաղ մը կազմել: Կը յուսանք, որ «Շիրակ» ամսագիրի 1970-1980 տասնամեակներու համարներուն մէջ ցրուած իր հայացումները նաեւ ան կը հաւաքէ հատորի մը մէջ եւ կը կազմէ ի՛ր ծաղկաքաղը:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՕՁԸ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԵՐԸ
Հօրս պաշտօնավարութեան միակ եկամուտը թոյլ չէր տար, որ Պապ Ալ-Ճինանի(1) մեր բնակարանէն աւելի լաւը վարձէր ան:
Մենք` չորս զաւակներս, ուրախ էինք բնակարանին երկու յարկերով: Մեծ եղբայրս առաջին պահէն իսկ այն զգացումն ունեցաւ, թէ ան կ՛ապրի սեփական մենատան մը մէջ եւ վերի բաժինը անշուշտ իրեն կը վերաբերի: Հետեւաբար, առաջին օրէն իսկ սենեակներէն մէկուն դրան վրայ գրեց` «գործ չունեցողին մուտքը արգիլուած է»: Հակառակ ասոր, ես ինծի թոյլատրեր էի օգտագործել յաւելեալ բանալի մը, որ կ՛առաջնորդէր եղբօրս տարօրինակ աշխարհը: Նոյնը կ՛ընէր նաեւ միջնեկ եղբայրս: Երջանիկ էինք, անկախ պատերազմէն եւ ամէն ինչէն:
Ես եւ ընտանիքիս միւս անդամները, բացի քրոջմէս, կը զգայինք պատերազմի արհաւիրքը, սննդեղէնի փոքր բաժնեչափերէն(2), ինչպէս նաեւ միւս անհրաժեշտ կարիքներու` հագուստեղէնի եւ գրենական պիտոյքներու պակասէն: Սկիզբէն իսկ զգացի, որ իսկապէս աղքատ ենք, մինչ փոքրիկ քոյրս չէր գիտակցեր եւ այդ պատճառով զինք չափազանց կը սիրէի:
Տառապալից էին այդ օրերը. գետնախնձորով պատրաստուած գարիի հացը, ուղտի կարծր միսն ու նստասենեակի կեդրոնը գրաւող պղնձեայ կրակարանը, որ կէս կարմրաւուն եւ կէս քնոտ աչքով իր հայեացքը յառած էր կապոյտ, տխուր լապտերին: Դժուար էին… սակայն շարունակուող պատերազմին աղմուկը ոչ մէկ ատեն չէր հաւասարեր Պապ Ալ-Ճինանի շուկայի աղմուկին հետ, որ կը շարունակուէր արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ: Պատերազմին հետ, համակերպեցանք վերջապէս այդ աղմուկին ալ, որպէս բնական, անխուսափելի երեւոյթ:
Երեկոյ մը, երբ հայրս կը դիտէր միջնեկ եղբօրս կողմէ գծուած, Պապ Ալ-Ֆարաճի ոստիկանատան ֆրանսացի պետին նկարը, անոր հարցուց.
– Ինչո՞ւ ականջները իշու ականջներուն պէս երկնցուցեր ես:
Այնուհետեւ պահ մը լուռ մնալէ ետք, շարունակեց խօսքը.
– Հակառակ որ էշերը կը սիրես ու կը գուրգուրաս անոնց վրայ:
Այդ պահուն, եղբայրս, իր սովորութեան համաձայն, խիստ բարկացկոտ ու լուռ, շտապեց մատիտով ջնջելու գծանկարին արտայայտութիւնները: Երբ թուղթը կլորցնելով գետին շպրտեց, իր կատուն` Նաֆիսան, գետին ցատկելով սկսաւ խաղալ թուղթին հետ, հակառակելով փոքրիկ քրոջս, որ սալայատակին վրայ կծկուած դառնօրէն կու լար: Քրոջս լացը յանկարծ ընդհատուեցաւ: Մօրս օգնութիւն հայցող ճիչն էր, որ կու գար խոհանոցէն: Երկվայրկեաններու մէջ շրջապատեցինք զարհուրած մայրս: Տմոյն ու փոքր խոհանոցին կեդրոնը, մայրս իր դողդոջուն ձեռքով ցոյց կու տար առաստաղին անկիւնին մօտ գտնուող խորշը, որ չէինք նկատած նախապէս:
Հայրս տագնապահար հարցուց.
– Ի՞նչ պատահած է:
Մայրս սաստկութեամբ գոչեց.
– Օ՛ձ:
Երբ ան բացայայտեց օձի մը առկայութիւնը, բոլորս փախանք խճողուելով դրան մօտ` իւրաքանչիւրս փրկութիւն հայցելով իր սարսափահար հոգիին համար, եւ այդ պահէն սկսեալ, մեզմէ ոեւէ մէկուն մուտքը դէպի խոհանոց եղաւ խիստ հսկողութեան տակ:
Խորշը օրէ-օր կ՛ընդարձակուէր եւ մայրս իւրաքանչիւր առիթին կ՛ըսէր.
– Գլուխը նարինջի կը նմանի, իսկ աչքերը կը փայլին բուի աչքերուն պէս:
Մեծ մայրս Աստուծոյ փառք տալով, հանդարտօրէն ու ինքնավստահութեամբ աւելցուց.
– Տան բնակիչն էր: Ձեզմէ առաջ բնակութիւն հաստատած է եւ ոչ ոք չի կրնար այստեղէն զինք դուրս հանել: Պէտք է որ երկարութիւնն ալ տասը կանգուն ըլլայ:
Ոչ մէկը կրնար ուրանալ, որ ընտանիքի անդամները սարսափած էին: Բայց հայրս վախի սովորական նշաններ ցոյց չտուաւ: Նպատակադրած էր կտրուկ միջոցառումներու ձեռնարկել` դիմագրաւելու համար կացութիւնը: Գիշերները խոհանոցին դուռը ամուր գոցեց, բոլորս հաւաքեց մէկ ննջարանի մէջ ու արդար պահակութիւն սահմանեց իր, մօր եւ մեծ եղբօրս միջեւ, ժամանակին մեծ մասը անցընելով ընթերցանութեամբ եւ աղօթելով: Մենք` կծկուած անոր ոտքերուն մօտ, կը զգայինք իր տաքութիւնը, որ կը դպչէր մեր ոսկորներուն:
Սակայն այդ գործնական միջոցառումները չբաւարարեցին մեծ եղբօրս: Օր մը, մուրճ ու ուրագ առնելով, մեծ քաջութեամբ փորեց խոհանոցին վրայ գտնուող սենեակին յատակը, փնտռելու համար օձին թաքստոցը: Սալիկներուն մեծ մասը հեռացնելէ ետք, ոչ մէկ փաստ գտաւ ու տխուր նստաւ: Մինչ առեղծուածը աւելի անորոշ դարձաւ: Օձը կար ու չկար:
Երկար ամիսներ անցան: Հալէպ անքուն կ՛եռար, ինչպէս մեր բնակարանը: Սենեկալցի զինուորները փողոցները շրջելով` բնակարանները կը խուզարկէին ատելութեամբ: Մայրս ըսաւ.
– Խոհանոցին բնակիչն ալ, ծանրաշուք այցելու մըն է:
Քիչ ետք եղբայրս աւելցուց.
– Բայց մեր երկրի այցելուները աւելի կը ճնշեն:
Մայրս ահով բացագանչեց.
– Անգամ մը եւս այսպիսի խօսքեր մի կրկներ: Պատերը ականջ ունին, կը լսեն:
Եղբայրս խիստ զայրացած գոռաց.
– Անկցի գաղութարարը… անկցի գաղութարարը:
Հայրս` խաղաղութեան աղաւնին, հրամայեց լռել: Վերստին տաքցան թէյի գաւաթները: Այն ատեն, դարձաւ ան եւ գթասրտութեամբ ըսաւ.
– Ուրիշ միջոց չունինք, բացի Աստուծմէ հայցել, որ մեզ փրկէ ամէն օտարական եկուորէ, պատերազմէ, գրաւումէ, օձէ:
Երբ օձին պատկերը գիտութեան գիրքին մէջ նկատեցի, ըմբռնեցի այդ ողորկ մարմինով կենդանիէն եկած վտանգը, որ կրնար մահացու վնասներ պատճառել: Այդ ժամանակ, վախս բազմապատկուեցաւ եւ ես աւելի կառչեցայ եղբօրս, իր նեղ անկողինին մէջ:
Մայրս որոշեց աման մը տապկուած իւղին հոտով օձը որջէն դուրս հրաւիրել: Այդ հետաքրքրաշարժ փորձին ներկայ չեղայ եւ օձն ալ իր թաքստոցէն դուրս չելաւ: Փորձը վերջին քայլն էր, որմէ ետք ընտանիքին անդամները մատնուեցան ամբողջական յուսահատութեան, իրականութիւն մը, որ ոչ մէկը կրնար հերքել:
Խորշը ծեփով լեցուցինք, սակայն սեմենթը չորնալէն առաջ ճաքճքելով գետին ինկաւ: Հասկցանք, որ օձը նեղուած է իր ազատութիւնը կաշկանդող այդ միջամտութենէն եւ գլուխով հրած է սեմենթը, որպէսզի ազատօրէն դուրս գայ եւ վերադառնայ:
Այսպէս, թշնամին շարունակեց անփութօրէն երթեւեկել մեր մէջ` վախ առթելով մեր հոգիներուն:
Գիշեր մը, յեղափոխականներ ու խառնակիչ ցուցարարներ յայտնաբերելու համար, դուռը թակելով ներս մտան խարտեաշ քոմիսէրն ու սեւամորթ զինուորները, որպէսզի խուզարկեն մեր բնակարանը: Խուզարկութեան պատճառած ահը ոչինչ աւելցուց այն ահին վրայ, որ օձը պատճառած էր մեզի:
Քոմիսէրը յանկարծ հայեացքը ուղղեց խոհանոցի առաստաղին անկիւնը ու գտաւ խոշոր բացուածքը: Աչքերուն առջեւէն անցան կասկածի ու երկիւղի բոլոր պատկերները: Հրամայեց զինուորներէն մէկուն, որ զննէ այդ գաղտնի անցքը:
Արդիւնքը չհամապատասխանեց քոմիսէրին կասկածներուն եւ հօրս դառնալով, չափազանց քաղաքավարութեամբ, խարխլած արաբերէնով ըսաւ.
– Փարտօն պարոն, սխալմունք մը պատահեցաւ:
Այնուհետեւ, Պապ Ալ-Ճինանի եւ Խան Ալ-Շորպաճի բանտին միջեւ ինկած շրջանը բռնկեցաւ, փամփուշտները ուժգնութեամբ թափանցեցին մեր բնակարանի սենեակներէն ներս: Օձը այլեւս տիրական դէմք չէր: Փողոցներուն մէջ շրջող զրահապատներուն հռնդիւնը, արցունքաբեր ծուխը եւ տամտամ(3) փամփուշտներն էին առօրեան իշխողները: Մոռցանք օձը, անտեսեցինք պատերազմի ծանր օրերու սննդեղէնի բաժնեչափերը, բայց զգաստութեամբ կը հետեւէինք բուռն դէպքերուն: Կ՛աղօթէինք, կ՛աղերսէինք եւ յեղափոխականներուն կ՛օգնէինք ջուրով, իոտով եւ քիչ մըն ալ ուտեստեղէնով: Մեր բնակարանին տանիքը ապահով անցք մըն էր, ուրկէ կ՛անցնէին թէ՛ զինեալներն ու թէ՛ անզէնները: Ինծի խիստ զարմանք պատճառեց, երբ տեսայ հայրս, հակառակ իր սուտ չխօսելու սովորութեան, կ՛երդնուր մեզի այցելած ֆրանսացի քննիչի մը, թէ մենք օր մը օրանց չենք օժանդակած խռովարարներէն ոեւէ մէկուն եւ նոյնիսկ կ՛ատենք անկարգները: Քննիչը համոզուեցաւ:
Գիշեր մըն էր եւ ի՜նչ գիշեր: Նստասենեակին պատուհանները բացուած էին, անակնկալ գարնանային ալիքով մը եւ փողոցի լոյսե՞րը, թէ՞ լուսնի շողերը, այլեւս չեմ յիշեր, կ՛ողողէին սենեակը: Մեծ մայրս երկնցած էր տիվանի մը վրայ ու կ՛երազէր: Փոքրիկ քոյրս կը նիրհէր հօրս գիրկին մէջ, իսկ իմ գլուխս յենած էի մօրս զիստին: Փամփուշտներու հեռաւոր ձայները սովորական դարձած էին այդ օրհասական գիշերուան ընթացքին: Ֆրանսական բանակի մնացորդացէն մեծ գունդ մը պաշարման ենթարկուեցաւ բերդին մէջ: Լուսաբացին վերադարձը իւրաքանչիւրիս կողմէ սպասուած պատմական պահը եղաւ, որմէ խաղաղութիւնը անշուշտ պիտի ծագի ու արշալոյսին հետ պիտի ծնի քաղաքին նոր կերպարանքը:
Յանկարծ, մայրս գլուխս իրմէ հեռացուց եւ սողոսկեցաւ դէպի մեծ մայրս: Տեսարանը տարօրինակ թուեցաւ: Կատուն մեծ մօրս կուրծքին վրայ պպզած` երեսը կը շոյէր: Մայրս բազմոցին ծայրով կատուն հարուածեց եւ իր ամբողջ ծանրութեամբ, արագ շարժումով ինքզինք նետեց հանդերձանքի մեծ սնտուկին վրայ: Խռպոտ ճարճատիւնի ձայն մը լռութիւնը ճեղքեց: Ես բացատրութիւն մը չգտայ մօրս այս արարքին վերաբերող: Արթնցաւ հայրս, լուսաւորեց սենեակը: Մայրս օգնութիւն խնդրեց հօրմէս, որ սնտուկը պատին ուղղութեամբ միասին հրեն: Ճարճատիւնը կ՛աւելնար, քանի կը զօրանար ճնշումը: Քիչ ետք անհետացաւ ճարճատիւնը:
Ընտանիքին անդամները բոլորուեցան վիթխարի առնէտի մը սատակին շուրջ, որ կը նմանէր երկարակեաց կատուի մը դիակին: Մայրս առնէտը պոչէն բռնելով` յաղթական պոռաց.
– Օձ չէր:
Հայրս փլաւ մօտակայ աթոռի մը վրայ` ըսելով.
– Առնէ՜տ: Միայն առնէ՜տ:
Առնէտը կապեցինք պոչէն ու կախեցինք պատուհանէն: Առնէտը լողաց փողոցի երկինքին մէջ: Արշալոյսը արագութեամբ կը մօտենար: Քաղաքին մէջ թնդացին ահաւոր ձայներ, որոնց յաջորդեց մուազզէնին(4) վաղաժամ ձայնը: Հայրս ցնծութեամբ գոչեց.
– Բերդը գրաւեցին: Յեղափոխականները բերդը գրաւեցին:
Խանդավառութեամբ հարցուցի.
– Ի՞նչ կը նշանակէ բերդը գրաւել:
Հայրս գրկեց զիս, պատժուած անմեղ մանուկի մը յուզումով.
– Վերջացաւ, ձագուկներ: Այլեւս գրաւում չմնաց…
Հաւաքուեցանք հօրս շուրջ, մինչ ան, ծնրադիր, ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած` կու լար եւ իր լացով կը լացնէր մեզ:
Մենք ամբողջովին մոռցանք օձին պատմութիւնը:
ՈՒԱԼԻՏ ԸԽԼԱՍԻ
(Թրգմն.` ԲԺ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ)
——————————————————
(1) Հին Հալէպի պարիսպի դարպասներէն մէկը, ուրկէ մահմետական արաբներ 636 թուին ներս մտնելով առանց պատերազմի գրաւեցին քաղաքը: (2) Պատերազմական կամ աղէտներու պայմաններուն յարմարող սահմանափակ փոքր քանակով տրուած սննդեղէն (պօն): (3) Համաշխարհայնօրէն արգիլուած փամփուշտի տեսակ մը, որ կը պայթի միայն այն ժամանակ, երբ կ՛անցնի մարդու մարմինին մէջէն: (4) Մզկիթի մինարէթին վրայ բարձրացող ու հաւատացեալները օրական հինգ անգամ աղօթքի կանչող շէյխը:

