ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԲԱՑԱՏՐԵԼ

Ես այս յօդուածը կը գրեմ Ֆրանսա ճամբորդութեան ընթացքին: Հանդիպումները, որոնց պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի մէջ, ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ նկատմամբ Եւրոպայի մէջ հետաքրքրութիւնը աճած է:

Ես հրաւիրուած եմ Թուրքիոյ վերաբերող հանդիպումներու, որոնք տեղի պիտի ունենան Սթրազպուրկի մէջ: Առաջին հանդիպումը Սթրազպուրկի համալսարանին մէջ, յատկացուած է Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն: Միւս երկու հանդիպումները քիչ մը մտածել կու տան. Եւրոպայի Խորհուրդի համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ դռնփակ նիստերու բնաբանները կ՛ըլլան` «Թուրքիոյ վերջին զարգացումները» եւ «Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործիչներուն վիճակը Թուրքիոյ մէջ»:

Միայն երկու երկիրներ կը քննարկուին «Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործիչներուն վիճակը» խորհրդաժողովին: Այդ երկիրներն են` Թուրքիա եւ Ռուսիա: Ես կ՛ենթադրեմ, որ հանդիպումներուն բովանդակութեան մասին գրելու հնարաւորութիւն չեմ ունենար, սակայն այն փաստը, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա միաժամանակ կը քննարկուին, արդէն շատ բան կ՛ըսէ:

Լրագրողներ Ահմէթ Շիքի եւ Նետիմ Շեների ձերբակալութիւններէն ետք որոշ նախազգուշացումներ ստացուեցան Եւրոպական խորհուրդէն:

Այլ գործօն մը, որ Թուրքիան Եւրոպական խորհուրդի օրակարգին վրայ դրած է, ռազմական լայնածիր գործողութիւններն են Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) քաղաքային թեւը նկատուող Քիւրտիստանի ազատ կեանք կուսակցութեան դէմ: Հակաահաբեկչական օրէնքը անյապաղ վերատեսութեան պէտք է ենթարկել, եւ անորոշ մեկնաբանութիւններ պարունակող յօդուածները, կէտերը, ինչպէս` «անոնք, որոնք կ՛օգնեն կազմակերպութեան, նոյնիսկ եթէ անդամներ չեն», պէտք է փոխուին:

Միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին ես լուրջ խառնաշփոթ կը տեսնեմ Թուրքիոյ մասին պատկերացումներուն մէջ:

Եւրոպացի եւ ամերիկացի դէտերը երկու տարբեր խումբերէ կը լսեն Թուրքիոյ մասին երկու տարբեր պատմութիւններ: Դէտերը պատմութիւններէն մէկը «զարգացած ժողովրդավարութեան» մասին է, միւս պատմութիւնը կը վերաբերի «քաղաքակացիական բռնատիրութեան:

Ես այլ վարկած ունիմ Թուրքիոյ մասին: Քանի մը հանդիպումներու ընթացքին ես կը փորձեմ բացատրել այդ վարկածը` ներկայացնելով Թուրքիոյ օրուան մը պատմութիւնը:

Ասիկա նաեւ իմ անկեղծ տեսակէտս է:

Այս տարուան ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները Թուրքիոյ իսկական լուսանկարն են իմ աչքիս:

Երկու իրադարձութիւնները պատահեցան Թուրքիոյ մէջ, նոյն օրը: Երբ Կարսի մէջ քանդեցին «Մարդկութեան, բարեկամութեան արձանը», մենք յարգանքի տուրք կը մատուցէինք 1915 թուականի 24 ապրիլին հայ մտաւորականութեան զոհուած ներկայացուցիչներու յիշատակին: Այդ ողբերգական իրադարձութիւնները յիշելու համար ես քանի մը անձերու հետ Անգարայի Սաքարիա հրապարակին մէջն էի: Նման հանդիպումներ կազմակերպուած էին նաեւ Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Տիգրանակերտի եւ Պոտրումի մէջ:

Իմ կարծիքովս, Սաքարայի հրապարակի տեսարանը գերիրապաշտ տեսարան էր:

Ոստիկանութիւնը մեզ կը պաշտպանէր յարձակողներէն: 5 – 10 տարի առաջ այդպիսի տեսարան մը հնարաւոր չէր պատկերացնել:

Բայց նոյն ատեն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը խորհրդանշող «Բարեկամութեան» արձանին քանդումը, ոչնչացումը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անհանդուրժողութեան վառ արտայայտութիւնն էր:

Մինչ ասիկա ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին դրսեւորումներէն է վարչապետի անհանդուրժողականութեան:

Այն փաստը, որ այդ երկու իրադարձութիւնները միաժամանակ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ, ցոյց կու տայ, որ միայն «քաղաքացիական բռնատիրութեամբ» եւ «զարգացած ժողովրդավարութեամբ» կարելի չէ նկարագրել Թուրքիոյ այսօրուան իրավիճակը:

Մենք կ՛ընթանանք յարակարծիք` փարատոքսալ ուղիով: Միայն կառավարութեան մտադրութիւններով հնարաւոր չ՛ըլլար կանխատեսել, թէ մենք ո՞ր ուղղութեամբ պիտի ընթանանք: Անհրաժեշտ է ընդդիմութիւն, որ կը քննադատէ կառավարութեան սխալ գործողութիւնները եւ դրուատանքի խօսքեր կ՛ըսէ ճիշդ քայլերու համար: Այդ ծիրին մէջ մեծ առաքելութիւն ունին լրատու միջոցները:

Ցաւօք թրքական լրատու միջոցները «քաղաքացիական, բռնատիրութեան» եւ «զարգացած ժողովրդավարութեան» ճակատներու, կողմերու գերին են եւ առաջնորդող ու խրախուսող դեր չեն կրնար խաղալ:

ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Ռատիքալ»

Share this Article
CATEGORIES