«ԿՐԻՆՓԻՍ»-Ի ԵՒ «ԿՐԻՆԼԱՅՆ»-Ի ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԱԲԱՐ` ԱԶԳ. Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ «ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՇԱԲԱԹ»Ը

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութիւնը նոյեմբերի առաջին շաբաթը հռչակեց «Բնապահպանման շաբաթ» եւ այդ առիթով դիմեց նախաձեռնութիւններու շարքի մը, որոնք իրենց լրումին հասան ուրբաթ, 4 նոյեմբերին կազմակերպուած աշակերտական մեծ հանդիսութեամբ:

«Բնապահպանման շաբաթ»ը սկսաւ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին, «Կրինփիս»-ի ներկայացուցիչին քոլեճ այցելութեամբ եւ միջնակարգի աշակերտութեան դասախօսութեան մը ներկայացումով: «Կրինփիս»-ի պատասխանատուներէն Կարօ Գազանճեան փաուըր փոյնթով եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտութեան ներկայացուց «Մեր միջավայրը. արժէքներ, սպառնալիքներ եւ պահպանումի ճիգեր» նիւթը:

Օր մը ետք, բնապահպանման «Կրինլայն» կազմակերպութեան վարիչներէն Ֆատել Ֆաքիհ քոլեճի ԺԱ., BT-1 եւ BT-2 դասարաններու աշակերտութեան խօսեցաւ «Հանրային փոխադրամիջոցներ եւ կենսոլորտի ապականման հարցեր» նիւթին մասին:

Չորեքշաբթի, 2 նոյեմբերը քոլեճին մէջ հռչակուեցաւ «Աղբերէ զերծ օր»: Զբօսանքներուն, քոլեճին կրպակը փակ մնաց, փոխարէնը Տիկնանց յանձնախումբի անդամները վաճառեցին խաշած կորեկ, խնձոր եւ թարմ հիւթ` վերամշակման ենթարկուող յատուկ գաւաթներով: Աշակերտներուն արգիլուեցաւ քոլեճ բերել ջուրի կերպընկալէ շիշեր կամ ալիւմինիոմ ֆոյլի մէջ փաթթուած ուտելիքներ: Արտօնուեցաւ միայն վերամշակման կարելիութիւն ունեցող թուղթը:

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբերին, Թ. եւ Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին լիբանանեան «Հող» կազմակերպութեան (T.E.R.R.E. Liban) Պաապտայի կեդրոնը, ուր մօտէն ծանօթացան աղբերու վերամշակման ձեւին: Անոնք դիտեցին նաեւ յատուկ տեսերիզ մը այս մասին:

Ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ շաբթուան եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին ԺԱ. դասարանի աշակերտներ «Մաքուր պահէ, կանաչ պահէ» բնաբանով` քոլեճին ամբողջ աշակերտութեան ներկայացուցին բնութեան սպառնացող վտանգներուն մասին փաուըր փոյնթի աշխատանք մը եւ գիտական հինգ փորձարկումներ` երկրաշարժի, հրաբխային ճառագայթումի, կենսոլորտի ապականման, վերամշակման նիւթերու եւ մաքուր միջավայրի յատկութիւններու մասին: Ապա աշակերտները դիտեցին դաստիարակչական տեսերիզ մը` բնապահպանման կարեւորութեան մասին:

Հանդիսութեան աւարտին քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան շնորհաւորեց շաբաթը կազմակերպած աշակերտներն ու անոնց ուսուցիչները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ այս առիթով անգամ մը եւս կանաչազարդեց քոլեճին վերի բակը: Տնօրէնը յայտարարեց նաեւ «Բնապահպանման շաբթուան» լուսանկարչական մրցանքին եւ դասարանային լաւագոյն ձեռային աշխատանքի պատրաստութեան մրցանակակիրներուն անունները: Լուսանկարչական մրցանքի առաջնութեան տիրացաւ Ը. դասարանի աշակերտ Մարտիկ Օթճեան, իսկ լաւագոյն ձեռային աշխատանքի առաջնութեան տիրացաւ քոլեճին ԺԱ. դասարանը: Տնօրէնը գնահատեց նաեւ BT-3 դասարանը, որ շաբթուան ընթացքին գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ եկամտաբեր ձեռնարկ մը կազմակերպելու եւ անոր եկամուտով դասարանը ներկել տալու:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր խօսքին աւարտին անակնկալ մը մատուցեց աշակերտութեան, երբ յայտնեց, թէ բնապահպանման մտահոգութեամբ, տնօրէնութիւնը պատրաստել տուած է քոլեճին անունը կրող, վերամշակուող յատուկ տոպրակներ, որոնք որեւէ վնաս չեն հասցներ բնութեան: Յիշեալ տոպրակներէն հինգական օրինակ տրուեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի` առօրեայ գործածութեան համար:

Աշակերտներ «Բնապահպանման շաբթուան» հրաժեշտ տուին իրենց դասարաններուն մէջ զետեղելով յատուկ տուփեր` իրենց թուղթերու հաւաքման եւ վերամշակումի ընկերութեան մը փոխանցման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES